Առաջնորդարան Հայոց Լիբանանի

Յիսուս Քրիստոսի Չարչարանաց, Խաչելութեան Եւ Թաղման Յիշատակին Սրբազան Արարողութիւն

Աւագ ուրբաթ, 7 ապրիլ 2023-ին, կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին Յիսուս Քրիստոսի չարչարանաց, խաչելութեան եւ թաղման յիշատակին սրբազան արարողութիւն կատարուեցաւ Նոր Մարաշի Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ: Եկեղեցական արարողութեան հանդիսապետեց եւ հաւատացեալ ժողովուրդին իր պատգամը յղեց Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեան:

Սրբազանը իր քարոզին մէջ յայտնեց, որ Քրիստոս իր թաղումին ժամանակ, մերօրեայ հասկացողութեամբ, հանդիսաւոր եկեղեցական ու աշխարհիկ պատիւներու չարժանացաւ, սակայն մենք Աւետարանի ճամբով գիտենք, որ Յիսուս ոչ միայն արժանացաւ թաղումի, այլ ունեցաւ իր սեփական գերեզմանը, որ դարերու ընթացքին ոչ միայն յայտնի դարձաւ բոլորին, այլ նաեւ ներշնչում տալով բիւր բիւրաւորներու` վերածուեցաւ ուխտատեղիի, որ ամբողջ քրիստոնէական աշխարհին ուշադրութեան կեդրոնն է նաեւ այսօր: Սրբազան Հայրը բացատրեց, որ պէտք է լաւ ըմբռնենք, թէ ուխտատեղիները պատահականօրէն կամ դիպուածով չեն շինուիր, այլ ուխտատեղիներու կեանքին շունչ տուողը մարդու հաւատքն է, եւ ուխտատեղիները նուիրականացնողը ժողովուրդին հաւատաւոր ու հաստատ կամքն է: «Այս հաւատքն է, որ այսօր մեզ նաեւ կը հաւաքէ այս սրբավայրէն ներս, որպէսզի մեր հոգիի նայուածքը ուղղելով դէպի Քրիստոսի գերեզմանը` ոգեւորուինք եւ մեր մասնակցութեամբ նաեւ ոգեւորութիւն բերենք մեր հոգեւոր կեանքին ու ամրացնենք մեր եկեղեցին, որ մեր սեփական ուխտավայրն է, ուրկէ կը սպասենք ստանալ Ս. Յարութեան աւետիսը», հաստատեց Առաջնորդ Սրբազանը:

Շարունակելով իր խօսքը` Սրբազան Հայրը դիտել տուաւ, որ ներկայիս մեր ընկերութեան կեանքին մէջ շեղումներ շատ կան եւ հին օրերու հաւատքն ու օրհնութիւնը նօսրացած են եւ ոմանք դարձած են անտարբեր: Սակայն կայ նաեւ մեր հաւատաւոր եւ աւանդապահ ժողովուրդը, որ մեր եկեղեցին ուխտավայրի վերածած` վճռակամութեամբ փարած է անոր փրկաւէտ աշխատանքին եւ իր ծառայութեամբ զայն կը պահէ կենդանի, որպէսզի այդպիսով նաեւ կենդանի մնայ մեր համայնական ու հոգեւոր կեանքը:

Սրբազան Հայրը ըսաւ, որ մեր եկեղեցւոյ ու ժողովուրդին հաւատալիքները այսօր մեզի կը թելադրեն գերեզմանի խաւարին նայիլ, բայց` այդ խաւարին մէջ բոցկլտացող կայծեր ու լոյսի ճառագայթ նշմարելու համար: Հետեւաբար, եթէ կարենանք մեր աղօթքով այսօր մեր եկեղեցւոյ մէջ զգալ, որ մեզ սիրող Տէրը նաեւ ինքզինք ընծայաբերեց մեզի համար, այն ատեն վստահաբար պիտի յաջողինք նաեւ մեր սեփական կեանքով ու նուիրումին ընդմէջէն Աստուծոյ սէրը ճառագայթել մեր շրջապատէն ներս:

Յետ եկեղեցական արարողութեան կազմուեցաւ թափօրը, որ առաջնորդութեամբ ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին, գլխաւորութեամբ Սրբազան Հօր, մասնակցութեամբ քահանայից դասուն, դպրաց դասին, ինչպէս նաեւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունիի, Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեանի, ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէի անդամներու, Ազգային երեսփոխանական ժողովի ատենապետ Վիգէն Աւագեանի, Ազգային վարչութեան ատենապետ Գրիգոր Արսլանեանի, պատկան մարմիններու ներկայացուցիչներուն ու ժողովուրդին` շրջեցաւ Պուրճ Համուտի փողոցներուն մէջ: