Առաջնորդարան Հայոց Լիբանանի

Ճրագալոյցի Ս. Պատարագ Սրբոց Վարդանանց Եկեղեցւոյ Մէջ

Շաբաթ, 8 ապրիլին, կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին, Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ Ճրագալոյցի Ս. պատարագ` հանդիսապետութեամբ Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեան:

Իր քարոզին մէջ Սրբազան Հայրը փառք տուաւ Աստուծոյ, որ հակառակ այն իրողութեան, որ մեր հորիզոնը ամպամած է, մեր կեանքը ենթակայ է տեսակաւոր դժուարութիւններու, մեզմէ շատեր վաղուան հեռանկարը կորսնցուցած են, բայց կը շարունակեն հաւատքով նայիլ Աստուծոյ եւ սպասել իր հրաշագործ ներկայութեան մեր կեանքին մէջ: «Մենք հաւատանք կամ ոչ` մեր Տէրը` Յիսուս Քրիստոս յարութիւն առաւ: Մենք հաւատանք կամ ոչ` կեանքը իբրեւ աստուածային պարգեւ կը մնայ անմահ: Անոնք, որոնք այս աշխարհի սահմանափակ վիճակէն անդին, նաեւ կրնան հաւատքով նշմարել գերագոյն իրականութիւն մը, վստահաբար անոնք կը ժառանգեն անմահութեան պարգեւը», հաստատեց Սրբազան Հայրը` աւելցնելով, որ Ս.  Յարութեան տօնը անցեալի յիշատակութիւն չէ, այլ` մեր ներկայի կեանքին մէջ յարութեան աւետիսը զետեղելու ճշմարիտ ճիգ է: Առաջնորդ Սրբազանը շեշտեց, որ պէտք է ձգտինք հաւատքով նոր եռանդ, նոր աշխուժութիւն, նոր տեսիլք զետեղել մեր կեանքի իրականութեան մէջ` աւելցնելով, որ անհատապէս բոլորս ալ տկար ենք այդ բոլորը իրականացնելու համար, բայց զԱստուած մեզի հետ ունենալու իրողութիւնը պէտք է խրախուսէ մեզ նոր կեանքի մը համար եւ առիթ ընծայէ, որ մենք զմեզ նորոգելով նաեւ կարենանք նորոգել մեր շրջապատը:

Ս. Յարութեան տօնին առիթով, Սրբազան Հայրը  մաղթեց, որ Յարուցեալին օրինակը նաեւ կենդանի օրինակ ըլլայ իւրաքանչիւրիս համար, իսկ այն եռանդը, որ Քրիստոսի առաքեալները ապրեցան Իր յարութենէն ետք, նաեւ զետեղուի մեր առօրեային մէջ, որպէսզի մենք ալ կերպարանափոխուինք, մէկդի դնենք մեր կեանքին մէջ բոյն դրած վախն ու  յուսահատութիւնը եւ դառնանք առաքեալներուն օրինակով նոր արարածներ, որոնց նոր շունչ եւ նոր եռանդ պարգեւեց մեր Տէրը` Իր փրկաւէտ Աւետարանին գործը շարունակելու համար: Պատարագի աւարտին Սրբազան Հայրը օծեց Եունես ընտանիքի անդամներուն կողմէ իրենց մօր` Քնարիկ Գլըճեան-Եունեսի յիշատակին նուիրուած սրբապատկերը: