Առաջնորդարան Հայոց Լիբանանի

Ոտնլուայի Արարողութիւն` Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ

Հինգշաբթի, 28 մարտ 2024-ին, կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ ոտնլուայի հանդիսաւոր արարողութիւն: Արարողութիւնը կատարեց Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեան:

Հաւատացեալ ժողովուրդին ուղղուած իր պատգամին մէջ Սրբազան Հայրը բացատրեց, որ  ոտնլուայի արարողութիւնը կը կատարենք առաջին հերթին, որովհետեւ Քրիստոս Ի՛նք թելադրեց, որ Իր օրինակին հետեւելով` մենք ալ իրարու ոտքերը լուանք, եւ երկրորդ, որպէսզի փորձենք անդրադառնալ, թէ ինչպէ՛ս Աստուած խոնարհութեան գերագոյն արարքով մը փորձեց մարդուն մօտենալ եւ անոր հետ մտերմանալ: Սրբազանը դիտել տուաւ, որ վերջին ընթրիքի պահուն ոչ ոք կ՛ակնկալէր, թէ Յիսուս ընթրիքը ձգելով` պիտի լուար Իր իսկ աշակերտներուն ոտքերը, բայց ի զարմանս նոյնինքն իր աշակերտներուն` Իր գերագոյն սէրը անոնց փոխանցելու համար անոնց ոտքերը լուաց եւ անոնց յիշեցուց, որ այս արարքը նոր պատուիրան մը կը փոխանցէ եւ կը յանձնարարէ, որ իրենք ալ իրենց կեանքին մէջ զիրար սիրեն: Շարունակելով իր խօսքը` Առաջնորդ Սրբազանը ըսաւ, որ մեր եկեղեցին ոչ միայն իր արարողական կեանքին մէջ ոտնլուայի սրբազան արարողութիւնը կը կատարէ, այլեւ անոր պարունակած սիրոյ պատգամը կը փորձէ մեզի փոխանցել, որպէսզի մենք թելադրուինք եւ քաջալերուինք` սիրոյ սկզբունքներով մեր հոգեւոր աշխարհը կերտել, մեր նմաններուն հետ սիրով կապ հաստատել եւ այս ձեւով մեր ընկերութեան բարոյական վիճակը ամրացնել: Առաջնորդ Սրբազանը նկատել տուաւ, որ այսօր եկեղեցին մեր տիրոջ օրինակին ընդմէջէն մեզի կը յիշեցնէ, որ սէրը պարզ պարտականութիւն չէ, այլ` Աստուծոյ սրտէն բխող կեանքի ուժ: Հետեւաբար մենք ալ պէտք է սիրով գուրգուրանք մեր նմաններուն վրայ, նաեւ` մեր քրիստոնէական հաւատալիքներուն եւ աւանդներուն վրայ, որպէսզի մեր կեանքը մնայ անխախտ ու անսասան, եւ այդպիսով մենք մեզ ու մեր շրջապատը ոչ միայն այս աշխարհէն ներս պաշտպանենք, այլեւ ուղղենք դէպի յաւիտենականն ու ճշմարիտը: Սէրը ստեղծագործ ուժ է, հրաշալի կարողութիւն մը, որուն միջոցով ստեղծուած է եւ կ՛ապրի ամբողջ տիեզերքը: Սէրով մեր դիմաց կը բացուին նոր ու պայծառ ուղիներ, կը հանդարտին մարդկային կեանքէն ներս ստեղծուած ամէն տեսակի դժուարութիւններ, կը վերանան մեր կեանքէն ամէն տեսակի թշնամանքներ եւ մեր մէջ կ՛աճի աստուածային հրաշագործ ուժը»,  հաստատեց Սրբազան Հայրը` աւելցնելով, որ մենք` իբրեւ Քրիստոսի հաւատաւոր հետեւորդներ, պարտինք փորձել հետեւիլ Իր կեանքի օրինակին եւ մեր մասնակցութեամբ ձգտինք վերացնել կեանքէն ներս գոյութիւն ունեցող ամէն տեսակի դժուարութեան, ցաւի եւ յուսահատութեան հետքերը, որպէսզի այդպիսով մեր կեանքէն ներս հրաւիրենք աստուածային սփոփարար օրհնութիւնը: Եզրափակելով իր խօսքը` Սրբազան Հայրը յորդորեց ներկաները աղօթել, որպէսզի աստուածային շնորհը եւ սէրը անպակաս ըլլան իրենց կեանքէն ներս եւ մասնաւորաբար առաջնորդեն իրենց զաւակները, որպէսզի անոնք ալ իրենց մասնակցութեամբ մեր կեանքէն ներս սրբութիւնը պաշտպանեն եւ մեր հոգիներուն դիմաց բանան աստուածային ընդարձակ հորիզոններ ու մեր կեանքը տանին յաւերժի: