Առաջնորդարան Հայոց Լիբանանի

Սումկայիթի Եղեռնագործութեան Զոհերուն Յիշատակի Հաւաք

Կիրակի, 28 փետրուար 2016-ին Լիբանանի հայոց թեմի Առաջնորդ Շահէ Եպս. Փանոսեանի նախագահութեամբ Սումկայիթի անմեղ զոհերուն յիշատակին հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ Ս. Նշան Մայր եկեղեցւոյ բակին մէջ գտնուող Սումկայիթի զոհերուն նուիրուած խաչքարին առջեւ:

Այնուհետեւ տեղի ունեցած յիշատակի հաւաքին խօսք առաւ Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Աշոտ Քոչարեան, որ պատմական ակնարկով մը լուսարձակի տակ առաւ Ազրպէյճանի կողմէ ծրագրուած եւ գործադրուած, ցեղային զտման իսկական դրսեւորում հանդիսացող սումկայիթեան ոճրագործութիւններն ու սպանդները, որոնք պատճառեցին մեծաթիւ զոհեր, վիրաւորներ եւ գաղթական դարձուցին բազմաթիւ ուրիշներ: Ան դիտել տուաւ, որ օրին Խորհրդային Միութեան ղեկավարները անլուրջ եւ նոյնիսկ հեգնական վերաբերում ցուցաբերեցին այս դէպքերուն նկատմամբ, միջազգային մակարդակի վրայ եղան կարգ մը ճանաչումներ, իսկ Ազրպէյճան փորձեց եւ մինչեւ օրս կը փորձէ պատմութիւնը խեղաթիւրել:

Ապա իր պատգամը փոխանցեց  Շահէ եպս. Փանոսեան, որ Սումկայիթի սպանդներուն յիշատակումը կարեւոր նկատեց նաեւ ներքին կեանքին համար, ուր հայութիւնը պէտք է զինուի ազգային յաւելեալ պարտականութեան գիտակցութեամբ, որովհետեւ հայրենիքին ամրութիւնը կախեալ է մեր միասնականութենէն: Ան դիտել տուաւ, որ Սումկայիթի մէջ խաղաղ բնակչութեան նկատմամբ գործադրուած ազրպէյճանական նախածրագրուած սպանդը ծածկելու համար թրքական-ազրպէյճանական աշխատանք կը տարուի դէպքերը այլ կերպ ներկայացնելու:  Առ այդ, մեր վերաբերումէն եւ վարուելակերպէն կախեալ է շատ բան, հաստատեց առաջնորդ սրբազանը` հաստատելով, որ Հայաստանի դիւանագիտութիւնն ու հայկական հանրութիւնը կոչուած են պատմութեան իսկութիւնը լուսարձակի տակ բերելու, տէր կանգնելու մեր իրաւունքներուն եւ դատին:

Շահէ եպս. Փանոսեան յորդորեց նոր կեանք տալ մեր նահատակներուն, թարմութեամբ օժտել մեր ազգային գիտակցութիւնը, կառչիլ մեր իրաւունքներուն եւ պարտականութիւններուն` Հայաստանի մէջ թէ սփիւռքի: Իր պատգամի աւարտին առաջնորդ սրբազանը խաղաղութիւն մաղթեց հայրենի սահմաններուն վրայ, յարատեւութիւն հայ ժողովուրդին եւ անսասանութիւն հայոց պետականութեան:

Յիշատակի հաւաքը աւարտեցաւ Հայաստանի քայլերգի հաւաքական երգեցողութեամբ: