Առաջնորդարան Հայոց Լիբանանի

Հոծ Թիւով Հաւատացեալներու Ներկայութեան Վարդանանց Յիշատակի Նշում` Նորաշէնի Մէջ

001-Vartanants (6)

Սրբոց Վարդանանց զօրավարաց տօնին առիթով հինգշաբթի, 4 փետրուար 2016-ին, հանդիսաւոր կերպով եւ հոծ թիւով հաւատացեալներու ներկայութեան նշուեցաւ Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնը: Արդարեւ, չորեքշաբթի առաւօտուն տեղի ունեցաւ ոչխարներու զենում, ապա աւանդական մատաղի պատրաստութիւն, որ տեւեց մինչեւ երեկոյ:

Հինգշաբթի առաւօտեան ժամը 9:30-ին, Նորաշէնի մուտքին տեղի ունեցաւ ժողովրդային ընդունելութիւն ի պատիւ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի: Այնուհետեւ ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին առաջնորդութեամբ թափօրը ուղղուեցաւ Սրբոց Վարդանանց եկեղեցի, ուր առաջնորդ սրբազանը մատուցեց Ս. պատարագ:

«Ով քա՛ջ նիզակակիցներս, չերկնչինք ու չվախնանք հեթանոսներու բազմութենէն եւ ո՛չ ալ մահկանացու մարդու ահռելի սուրէն փախուստ տանք, որպէսզի եթէ Տէրը յաղթութիւն պարգեւէ մեզի, ոչնչացնենք թշնամիին զօրութիւնը իսկ եթէ հասած է պահը, որ այս պատերազմի ընթացքին մեր կեանքը սուրբ մահով պսակենք, ապա ուրախ սրտով դիմաւորենք մահը. միայն թէ չըլլայ, որ վատութիւն խառնենք մեր խիզախութեան ու քաջութեան»: Առաջնորդ սրբազանը իր քարոզը սկսաւ Վարդանանց ճակատամարտի նախօրեակին սպարապետ Վարդան Մամիկոնեանի արտասանած յիշեալ խօսքերով` աւելցնելով, որ հայոց զօրագունդը, բացի դաւաճան Վասակ Սիւնիէն, մնաց սպարապետին կողքին եւ պատերազմեցաւ թշնամիին դէմ:

Առաջնորդ սրբազանը վերյիշեցնելով պատմութիւնը ըսաւ, որ Վարդան Մամիկոնեան  եւ իր 1036 վկաները նահատակուեցան: «Անոնք այսօր մեր եկեղեցւոյ համար սուրբեր են եւ մեր ժողովուրդին համար անմահ հերոսներ, որովհետեւ իրենց կեանքով ոչ միայն իրենց հաւատքը եւ հայրենիքը պաշտպանեցին, այլեւ վատութիւն չխառնեցին հայ ժողովուրդի քաջ եւ խիզախ նկարագիրին մէջ», հաստատեց Շահէ եպս. Փանոսեան` աւելցնելով, որ Վարդան իր 1036 վկաներով միասին կեանք պարգեւեց հայ ժողովուրդին եւ օրինակը հանդիսացաւ այն բազում յաղթանակներուն, որոնց քովէն անցնելով հայ ժողովուրդը տակաւին մինչեւ այսօր ներկայ է աշխարհի մէջ իր ինքնուրոյն նկարագիրով, իր անկախ հայրենիքով, իր քրիստոնէական հաւատքով, ազգային բարքերով, ինքնուրոյն մշակոյթով, որովհետեւ հայ հաւաքականութեան մէջ անպակաս մնացած է Վարդան Մամիկոնեանի օրինակով քաջերու ներկայութիւնը:

Շարունակելով իր խօսքը` առաջնորդ սրբազանը փառք տուաւ Աստուծոյ, որ մեր ժողովուրդը տակաւին գիտակից է իր ինքնութեան, հաւատարիմ` իր արմատներուն, կը ճանչնայ իր արժէքները եւ գիտէ, թէ գիտակից մահը անմահութեան կ՛առաջնորդէ եւ անգիտակից մահն է, որ կը սպաննէ ու կը քայքայէ մեր ինքնութիւնը: «Դարեր ետք կ՛անդրադառնանք, որ տագնապալից մեր կեանքին մէջ, դժուարութիւններով եւ նեղութիւններով լի մեր առօրեային մէջ որքա՛ն պէտք ունինք Վարդանանց օրինակին, անոնց քաջութեան եւ խիզախութեան, որպէսզի նորագոյն դժուարութիւններուն դիմաց տեղի չտանք, չկորսնցնենք մեր ինքնութիւնն ու ազգային նկարագիրը, այլ` մնանք պատնէշի վրայ խիզախօրէն, քաջաբար` իբրեւ արժանաւոր ժառանգորդները Վարդանանց սերունդին», ըսաւ Շահէ եպս. Փանոսեան` աւելցնելով, որ Վարդանանք գեղեցկագոյն եւ բարձրագոյն օրինակը պարզեցին հայոց պատմութեան դժուարին մէկ պահուն, երբ Սասանեան պետութիւնը կը փորձէր իր կրօնը, մշակոյթը եւ հեղինակութիւնը պարտադրել ազատատենչ ժողովուրդի մը վրայ, որ իր գոյութեան առաջին օրէն սկսեալ իր ազատութեան տենչին համար մարտնչեցաւ, պայքարեցաւ, հայոց բարձրաւանդակին վրայ ինքզինք հաստատելու համար թափեց անհամար արիւն, բայց ապրեցաւ, գոյատեւեց եւ անկախ հայրենիքի մէջ յաջողեցաւ իր կեանքը ամփոփել:

Եզրափակելով իր խօսքը` առաջնորդ սրբազանը աղօթեց, որ Աստուած ամրացնէ բոլորին գիտակցութիւնը եւ անոնց պարգեւէ ամրութիւն, որպէսզի յաղթական մնան իրենց տեսակաւոր մարտնչումներուն մէջ, նաեւ անոնց անմահութեան ճամբան ցոյց տայ, որպէսզի իրենց կեանքը գիտակցօրէն վարելով կարենան ըլլալ եւ մնալ  պիտանի անհատներ` ի սպաս ժողովուրդին եւ եկեղեցւոյ:

Պատարագի աւարտին կատարուեցաւ մատաղօրհնէք:

Այնուհետեւ Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ մատուցուեցաւ սիրոյ սեղան: Եկեղեցւոյ թաղականութեան անունով Յակոբ Գալայճեան իր խօսքին մէջ անդրադառնալով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետի` 2016 տարին «Ծառայութեան տարի» հռչակելու որոշումին ըսաւ, թէ ծառայութիւնը խոնարհութեան եւ հեզութեան հոմանիշն է, մանաւանդ երբ կը կատարուի բարի նպատակներու համար` աւելցնելով, որ մեր ազգային կառոյցներուն մէջ գործող ազգայինները իրենց ծառայութեան բաժինը կը բերեն յանուն հայութեան եւ մարդկութեան: «Ծառայութեան կոչուած մարդիկ իրենց անձը կը զոհեն եւ կեանքի հաճոյքներէն կը զրկուին ի սպաս իրենց հաւատացած վսեմ նպատակին», հաստատեց Յ. Գալայճեան եւ ըսաւ, որ ծառայութեան ծիրին մէջ եկեղեցիներուն եւ անոնց շուրջ համախմբուող կառոյցներուն դերը մեծ է, որովհետեւ անոնք ճիգ չեն խնայեր օգտակար հանդիսանալու բոլոր կարօտեալներուն:

Գեղարուեստական յայտագիրով ելոյթ ունեցաւ եկեղեցւոյ դպրաց դասը, որ ներկայացուց ազգային երգերու փունջ մը: Ապա մեներգներով ելոյթ ունեցան դպրաց դասի անդամներէն Նաթալի Գնտոյեան` «Մանուկներու հայր մեր», Ռիթա Թովմասեան` «Փուր թուա Արմենի» եւ «Իլ սոն թոմպէ», Անայիս Կէտիկեան` «Ծաղկած բալենի», «Կռունկները» եւ «Ամպեց կորաւ», Յովիկ Թաֆրանեան` «Ծաղիկներ, ծաղիկներ», «Չքնաղ երազ», «Պարտէզում վարդ է բացուած» եւ «Աշխարհում սիրել եմ քեզ»: Յայտագիրին իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ Գէորգ Գատէհճեան, որ մեկնաբանեց «Ով որ քաջ է» երգը:

Սիրոյ սեղանի եզրափակիչ խօսքը արտասանեց առաջնորդ սրբազան հայրը: Ան հաստատեց, որ սոյն սիրոյ սեղանին քով-քովի ըլլալը արդէն իսկ ուրախութեան առիթ եւ միջոց է մեզի համար: Ան շնորհաւորեց Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքը, որ անցնող տարեշրջանի ընթացքին կարգ մը դժուարութիւններ դիմագրաւելէ ետք այսօր կանգուն է: Առաջնորդ սրբազանը գնահատեց եկեղեցւոյ թաղականութեան ատենապետին եւ անոր շուրջ համախմբուած թաղականութեան անդամներուն ժրաջան աշխատանքը եւ ունեցած գործունէութիւնը: Ան մաղթեց, որ եկեղեցին մօտ օրէն ունենայ նաեւ իր վայելուչ վերնատունը եւ կոչ ուղղեց միջոցներ ստեղծելու թաղականութեան համար, որպէսզի անմիջապէս կարենայ այդ ծրագիրը իրականացնել: «Այս եկեղեցին արժանի է ձեր աջակցութեան, որովհետեւ եկեղեցւոյ ընտանիքը լաւագոյն ձեւով կը փորձէ այս միջավայրին մէջ իր ծառայութիւնը մատուցել ի սպաս եկեղեցւոյ եւ ժողովուրդին», հաստատեց առաջնորդ սրբազանը:

Այնուհետեւ Շաքէ եւ Սեդօ Պաղտասարեան ամոլը ազգային-հայրենասիրական երգերով ճոխացուցին մթնոլորտը: