Առաջնորդարան Հայոց Լիբանանի

Ս. Յակոբ Մծբնայ Հայրապետին Եւ Համանուն Եկեղեցւոյ Անուանակոչութիւն

Կիրակի, 17 դեկտեմբերին հանդիսաւոր արարողութեամբ նշուեցաւ Ս. Յակոբ Մծբնայ հայրապետին եւ համանուն եկեղեցւոյ անուանակոչութիւնը:

Արդարեւ, առաւօտեան ժամը 9:30-ին եկեղեցւոյ կից փողոցին մէջ տեղի ունեցաւ ընդունելութիւն` ի պատիւ Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեանի, որմէ ետք թափօրը, գլխաւորութեամբ ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին, ուղղուեցաւ եկեղեցի, ուր սրբազան հայրը մատուցեց ս. պատարագ: Պատարագի երգեցողութիւնը կատարեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Նարեկացի» մանկապատանեկան երգչախումբը խմբավարութեամբ Զաւէն վրդ. Նաճարեանի:

Ժողովուրդին ուղղուած իր քարոզին մէջ Սրբազան Հայրը պատմական ակնարկ մը նետեց 3-րդ դարուն ապրած, ծագումով ասորի, երբեմնի Մծբին քաղաքի առաջնորդ Սուրբ Յակոբ հայրապետի կեանքին` դիտել տալով, որ ան աշխարհիկ կեանքէն հեռանալով` առանձնացած էր Մծբին քաղաքի մօտակայ լեռներուն մէջ` ապրելու համար  ճգնաւորի խստակեաց կեանք, սակայն, հակառակ իր կամքին, ան ի վերջոյ տեղի տալով ժողովրդային պահանջին, կը ձեռնադրուի Մծբին քաղաքի եպիսկոպոս եւ ճգնողական կեանքէն հրաժարելով` ինքզինք կը նուիրէ իր հօտին կեանքը պաշտպանելու ու եկեղեցին պայծառացնելու սրբազան գործին:

Սրբազան Հայրը ըսաւ, որ Սուրբ Յակոբի անունին շուրջ մեր ժողովուրդին մէջ ստեղծուած սէրն ու համակրանքը կը հաստատեն, որ մեր ազգային ոգիին համապատասխանող գրաւչութիւն մը ունեցած է այս սուրբը: Այս իրողութիւնը առաւելաբար արդիւնքն է այն աւանդութեան, որ Ս. Յակոբ, յառաջացեալ իր տարիքին փորձած է Արարատ լերան ամեհի գագաթը բարձրանալ, որպէսզի Մծբինի ժողովուրդին ցոյց տայ, որ ջրհեղեղը իսկապէս տեղի ունեցած է, ու Նոյան տապանը հաստատուած է Արարատ լերան վրայ: Աւանդութիւնը կ՛ըսէ, որ թէեւ Ս. Յակոբ չէ կրցած հասնիլ Արարատ լերան գագաթը, սակայն Արարատի լանջերուն վրայ, Տիրոջ հրեշտակը անոր յանձնած է Նոյան տապանէն բեկոր մը, որպէսզի անով Ս. Յակոբ Աստուծոյ փառքը յայտնէ իր շրջապատին եւ իր ժողովուրդին հաւատքը ուղղէ ու ամրացնէ:

Շարունակելով իր խօսքը, Սրբազան Հայրը յորդորեց ներկաները` անդրադառնալու, որ անհատապէս երեւելի ըլլալու ու մեր անձերուն համար համբաւ ստեղծելու փոխարէն` պէտք է երեւելի բան մը ընելու ձգտումով ապրինք, որպէսզի Աստուծմով հասնինք նաեւ տեւող մեծութեան արժանիքին, եւ նկատել տուաւ, թէ ազգովին որքա՜ն կրնանք կազդուրուիլ ու նորոգուիլ, եթէ մեր ներկայ անմխիթար վիճակին մէջ մեր նայուածքը ուղղենք դէպի մեր պապերուն սրբազան հաւատքը եւ այդպիսով մեր կեանքին ընթացքը սրբագրենք: Սրբազանը հարց տուաւ, թէ ներկայ պայմաններուն մէջ ո՞վ պիտի ուզէ պարտականութիւններ ստանձնել եւ ո՞վ պիտի ուզէ բան մը զոհել ու մեր շրջապատը ուղղելու համար նուազագոյն ճիգը թափել:

Եզրափակելով իր խօսքը` Սրբազանը շեշտեց, որ մեր կրօնական եւ ազգային նուիրական հաւատալիքներն ու սկզբունքները, որոնք դարեր շարունակ մեր կեանքը վարած են, պէտք չէ կորսնցնեն իրենց տեղը մեր կեանքէն ներս, այլապէս` մեր կեանքը կը վերածուի տագնապներու թատերաբեմի ու կը սկսինք նահանջ ապրիլ անհատապէս, ընտանեկան պայմաններու մէջ եւ համայնական մեր կացութեան մէջ:

Պատարագի աւարտին կատարուեցաւ մատաղօրհնէք: