Առաջնորդարան Հայոց Լիբանանի

Ս. Ստեփանոս Նախասարկաւագի Տօնին Առիթով Հանդիսաւոր Ժամասացութիւն Սրբոց Վարդանանց Եկեղեցւոյ Մէջ

Նախագահութեամբ Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեանի, մասնակցութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի սարկաւագներուն, երկուշաբթի, 25 դեկտեմբերին, երեկոյեան ժամը 5:30-ին Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց  եկեղեցւոյ մէջ Ս. Ստեփանոս Նախասարկաւագի տօնին առիթով տեղի ունեցաւ հանդիսաւոր ժամասացութիւն:

Սրբազան Հայրը իր քարոզին սկիզբը սրտագին ողջունեց թեմի սարկաւագները, կիսասարկաւագները, դպիր-դպրուհիները, նաեւ` բոլոր անոնք, որոնք իրենց կարողութեան չափով կը ծառայեն մեր եկեղեցիներուն: Սրբազանը նկատել տուաւ, որ Ս. Ստեփանոս Նախասարկաւագի տօնին առիթով մեզ համախմբողը ծառայութեան ապրումն է, որ կը լսեն եւ կը զգան միայն անոնք, որոնք ժողովուրդին պէտքերը տեսնելով` կ՛ընդառաջեն Աստուծոյ կոչին եւ իրենք զիրենք կ՛ընծայեն, որպէսզի իրենց մասնակցութեամբ Աստուծոյ սէրը եւ շնորհքը առատանայ մեր կեանքին մէջ:

Սրբազանը յայտնեց, որ այսպէս սկսած է Ս. Ստեփանոս Նախասարկաւագի ծառայական կեանքի ընթացքը, աւելցնելով, որ ան սուրբ հոգիով լեցուած եւ շնորհքով առատացած անձնաւորութիւն մըն էր, որ` իրեն վստահուած պարտականութիւններու կողքին, նաեւ ջերմեռանդութեամբ աւետարանի քարոզչութեան գործը առաջ կը տանէր: Սրբազանը դիտել տուաւ, որ Քրիստոսի խաչելութենէն երկու տարի ետք, եկեղեցւոյ առաջին սարկաւագը կը դառնայ քրիստոնէութեան առաջին մարտիրոսն ու նահատակը, երբ հրեաներու ձեռամբ կը քարկոծուի: «Պատմութիւնը գիտնալը կարեւոր է, սակայն աւելի կարեւոր հանգամանք ունին մեր ներկան ու գալիքը: Ժողովուրդը եթէ իր լումայով կը պահէ մեր եկեղեցին, ուրիշներ իրենց հաւատքով, եռանդով, մասնակցութեամբ կը պայծառացնեն մեր եկեղեցւոյ կեանքը»,  հաստատեց Սրբազան Հայրը` դիտել տալով, որ մեր սարկաւագները իրենց նուիրումին ընդմէջէն պայծառ ու շէն կը պահեն մեր եկեղեցին:

Շարունակելով իր խօսքը` Առաջնորդը ըսաւ, որ բնականօրէն տագնապալի փուլի մը մէջ կը գտնուինք եւ բոլորս ալ գիտենք, որ մեր ունեցած մարդուժը այսօր չի բաւարարեր մեր կեանքին մէջ գոյութիւն ունեցող կարիքները: Ժամանակները փոխուած են, մեր պէտքերը աւելցած են` եւ մեր կարիքները` մեծցած: Ան հարց տուաւ, թէ ի՞նչ ձեւով այսուհետեւ պիտի կարենանք բաւարարել մեր եկեղեցւոյ, մեր համայնական կեանքին մէջ ստեղծուած կարիքները, աւելցնելով, որ հեռուէն դիտելով` ամէն բան չենք տեսներ: «Մեր ժողովուրդը պէտք է լաւ անդրադառնայ, թէ աշխատանքին եւ կեանքին բերած մեր մասնակցութեամբ է, որ հարցերը ճշգրտօրէն կրնանք արժեւորել ու ճանչնալ», շեշտեց Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեան եւ կոչ ուղղեց մասնաւորաբար երիտասարդ սերունդին, որպէսզի մեր եկեղեցւոյ եւ մեր համայնական կեանքին բերած իր մասնակցութեամբ ձգտի նոր ոգեւորութիւն ստեղծել մեր իրականութեան մէջ: Ան ըսաւ, որ անցնող դարերուն մեր եկեղեցին պահուած է մեր ժողովուրդին գիտակցութեամբ,  գուրգուրանքով, հաւատքով ու նուիրումով եւ աղօթեց, որ այդ գիտակցութիւնը մնայ կենդանի` մեր հասարակութեան մէջ, նաեւ Աստուած առատացնէ մեր եկեղեցւոյ սպասաւորներուն շնորհքները եւ այդ շնորհքներով առաւել եւս պայծառացնէ մեր եկեղեցին եւ մեր ժողովուրդին հաւատքը դարձնէ աւելի հաստատ ու գիտակից: