Առաջնորդարան Հայոց Լիբանանի

Ս. Յովհաննու Կարապետ Եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնը առիթ` վերաշեշտելու Հայաշէնի հայեցի դիմագիծը

001-St. HovhanouGarabed Anvanagotchutyun (1)

Հայաշէնի Ս. Յովհաննու Կարապետ եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնը տեղի ունեցաւ կիրակի, 17 Յունուար 2016-ին։ Առաւօտեան եկեղեցւոյ թաղի մուտքին տեղի ունեցաւ ժողովրդային ընդունելութիւն` ի պատիւ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի: Ապա ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին առաջնորդութեամբ թափօրը ուղղուեցաւ եկեղեցի, ուր մատուցեց Ս. պատարագ: Պատարագի ընթացքին առաջնորդ սրբազանը օրհնեց եւ սրբալոյս միւռոնով օծեց Վազգէն Քեչէճեանի կողմէ եկեղեցւոյ նուիրուած սրբապատկերը, որ աշխատանքն էր Մարալ Քեչէճեանի:

Առաջնորդ սրբազանը իր քարոզին մէջ նկատել տուաւ, որ մեր աշխարհը եւ մեր առօրեան լեցուն են տագնապներով եւ անհրաժեշտ է, որ մենք պահենք մտքի հաւասարակշռութիւնը եւ խաղաղութեան մէջ հաստատենք մեր հոգին, որպէսզի չկորսնցնենք ուշք ու կորով եւ Աստուծոյ կամքին համաձայն շարունակենք ուղղել մեր քայլերը դէպի խաղաղութիւն:

Շահէ եպս. Փանոսեան հաստատեց, որ մեր դարաւոր գոյութեան ընթացքին շարունակաբար հայ ժողովուրդը խոյս տալով տագնապներէն, ապրած է հաւատարիմ իր հայրերու հաւատքին` յոյս կապելով Աստուծոյ եւ հաւատքով տեսած է, որ Աստուած վերստին կեանք տուած է իրեն: «Ներկայիս կ’անդրադառնանք, թէ ինչպէ՛ս մեր կենցաղային պայմանները կը փոխուին, օտար բարքեր եւ սովորութիւններ կը խճողուին մեր առօրեային մէջ եւ երբեմն մեզմէ կը հեռացնեն ինչ որ ազգային է եւ հարազատ մեր ինքնութեան` մեզ ուղղելով դէպի օտար բարքեր եւ սովորութիւններ», ըսաւ առաջնորդ սրբազանը` շեշտելով, որ ներկայիս տագնապի մէջ ենք նիւթապէս եւ բարոյապէս, նաեւ սկսած ենք հեռանալ քրիստոնէական մեր արժէքներէն, տկարացած ենք մեր ազգային արժէքներուն նկատմամբ, որովհետեւ մեր ժողովուրդի զաւակներէն շատեր օտարութեան գիրկը կը նետուին», հաստատեց առաջնորդ սրբազանը: Պատարագի աւարտին կատարուեցաւ մատաղօրհնէք:

Այնուհետեւ ՀՅԴ «Ռոստոմ» կոմիտէութեան «Սեդրակ Աճէմեան» սրահին մէջ մատուցուեցաւ սիրոյ սեղան: Ս. Յովհաննու Կարապետ եկեղեցւոյ թաղականութեան ատենապետ Արտաշէս Գասարճեան յայտնեց, որ 2015 տարեշրջանը դժուար տարի մը եղած էր, քաղաքական հարցերով, ինչպէս նաեւ ընկերային եւ տնտեսական վատ իրավիճակով լի, սակայն իրենց հաւատքը զիրենք կանգուն պահած էր, եւ կրցած են շարունակել իրենց առօրեայ կեանքն ու ծառայութիւնը եկեղեցւոյ եւ ազգային բոլոր կառոյցներուն նկատմամբ:

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի իր սրտի խօսքին մէջ հաստատեց, որ իւրաքանչիւր անգամ, որ կ՛այցելէ Հայաշէն, տարբեր հոգեվիճակ մը կ՛ունենայ, որ իսկապէս հայաշունչ թաղամաս մը կ՛այցելէ, որ հակառակ տարիներու դժուարութիւններուն եւ ներկայիս մեծամասնութեամբ ոչ հայերով բնակուած ըլլալուն, տակաւին կը մնայ այն աւանդական հայկական թաղամասը, որ իր ըսելիքը եւ ընելիքը ունի մեր հասարակական-եկեղեցական կեանքին եւ մեր առօրեային մէջ:

Երեսփոխան Բագրատունի շեշտեց, թէ կարելի չէ լիբանանահայութեան պատմութեան մասին խօսիլ առանց անդրադառնալու Հայաշէնին, որ մեր ժողովուրդի ինքնուրոյն դիմագիծը պաշտպանելու համար նահատակներ տուած է, որ մէկ բռունցքի վերածուած է բոլոր անոնց դէմ, որոնք փորձեցին փակել տալ մեր դռները, որ նահատակներ տուած է այս թաղերուն մէջ, նաեւ Հայ դատի ճամբուն վրայ, ոչ միայն լիբանանահայութեան պատմութեան մէջ իր խօսքը ունեցած է, այլ նաեւ ամբողջ հայութեան պատմութեան մէջ:

Սիրոյ սեղանի ընթացքին նաեւ գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր։