Առաջնորդարան Հայոց Լիբանանի

Ս. Նշան Մայր Եկեղեցւոյ Անուանակոչութեան Եւ Հիմնադրութեան 175-Ամեակ


Ս. Նշան Մայր եկեղեցւոյ անուանակոչութեան եւ հիմնադրութեան 175-ամեակին առիթով, կիրակի, 25 հոկտեմբերին, եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Ս. պատարագ` Լիբանանի Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեանի կողմէ:

Սրբազան Հայրը իր քարոզին մէջ ըսաւ, որ այդ օր կը նշուի Գիւտ Խաչի տօնը, որ մեզ պատմութեան հետ հաղորդութեան մէջ դնող առիթ է: Սրբազանը լուսարձակի տակ առաւ 4-րդ դարուն տեղի ունեցած դէպքը, թէ ինչպէ՛ս Հեղինէ թագուհին Հռոմէն ուխտի կ՛երթայ մինչեւ Երուսաղէմ, ուր պեղումներ կատարելով կը յայտնաբերէ Քրիստոսի խաչափայտը, որ մոռացութեան մէջ թաղուած էր, եւ զայն կը հաստատէ իր կողմէ կառուցուած Ս. Յարութեան տաճարին մէջ:

Սրբազանը ըսաւ, որ պատմական այս եղելութիւնը այս եկեղեցւոյ մէջ մեզի կը յիշեցնէ, թէ Ս. Նշան անունը չ՛ակնարկեր անձնաւորութեան մը, այլ` կ՛ակնարկէ խաչի նշանին, որ Աստուծոյ զօրութիւնն է, եւ որուն հաւատալով Հեղինէ թագուհին յանձն կ՛առնէ մինչեւ Երուսաղէմ երթալ, որպէսզի կարենայ քրիստոնեայ աշխարհին ապացուցել, որ խաչն ու խաչեցեալը իրողութիւն են,  հետեւաբար իր ուխտագնացութեան արարքով նոր խրախոյս եւ խանդավառութիւն կը յառաջացնէ ամբողջ քրիստոնեայ բազմութիւններու մէջ:

Շարունակելով իր խօսքը` Առաջնորդ Սրբազանը դիտել տուաւ, թէ Գիւտ Խաչի տօնը նաեւ մեզ պատմական մեր անցեալին հետ շաղկապող առիթ է` աւելցնելով, որ մեզմէ քիչեր կ՛անդրադառնան, թէ հին ժամանակներէն սկսեալ Հայաստանի տարբեր շրջաններէն հետիոտն ճամբայ ելլելով, Հեղինէ թագուհիին օրինակով, մեր ժողովուրդի զաւակներն ալ Երուսաղէմ կ՛ուղղուէին, որպէսզի Տիրոջ խաչափայտը շօշափելով իրենց կեանքին համար քաջութիւն եւ յոյս գտնեն: Սրբազանը ըսաւ, որ այդ ուխտաւորները կ՛անցնէին այս ճամբով եւ Ս. Նշանն ալ այդ ուխտաւորներուն կայարաններէն մէկն էր: Ան յայտնեց, որ այդ ուխտաւորներուն օրինակը մեզի կը յիշեցնէ, թէ ուխտատեղիները պատահաբար մէջտեղ չեն գար, այլ անոնք կը կառուցուին դարաւոր հաւատքով եւ հաւատքի ճիգով, մաքուր մասնակցութեամբ, ինքնընծայումով, որպէսզի Տիրոջ զօրութեան հետքը հաստատուի մեր կեանքէն ներս եւ այդ զօրութեան նայելով մարդիկ կարողանան իրենց կեանքի ճամբան տեսնել:

Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեան ըսաւ որ կ՛ապրինք արտասովոր կեանքի պայմաններու մէջ, հետեւաբար Գիւտ Խաչի տօնը  մեզ զգուշութեան կը հրաւիրէ` յիշեցնելով, որ հայ եկեղեցւոյ խունկէն ու մոմէն անջատուած` կը մաշինք եւ կը սպառինք, սակայն հայ եկեղեցիով մասնաւորապէս Տիրոջ խաչին զօրութեամբ անպայմանօրէն մեր ուշքը մթագնող ստուերները կը փարատին մեր կեանքէն, եւ մենք ալ մեր նախնիներու օրինակով կը տեսնենք այն ճամբան, ուրկէ պէտք է շարունակաբար քալենք: Առաջնորդ Սրբազանը ըսաւ նաեւ, որ այս տօնը այս սրբարանէն ներս մեզի կը յիշեցնէ, թէ մեր հաւատաւոր ժողովուրդի ջանքերով կառուցուած մեր եկեղեցիները, դպրոցները, կառոյցները, կազմակերպութիւնները բոլորն ալ հաստատուած են հաւատքով եւ ակնկալութեամբ, որպէսզի անսպառ կամքի շունչը հաստատ մնայ մեր առօրեայէն ներս: Ան յորդորեց ներկաները խրախուսուելու եւ քաջալերուելու, որպէսզի այս պատգամը մեր տուներուն ու զաւակներուն տանելով գալիքին համար խրախոյս եւ ապաւէն ըլլայ:

Սրբազան Հայրը գնահատեց եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքը, որ առանց յոգնութեան իրենց ստանձնած պարտականութիւններուն մէջ կը յարատեւեն, որպէսզի Ս. Նշանը իր նպատակին ծառայելով այստեղէն սրբութիւն տարածէ ու բաշխէ մեր կեանքին մէջ:

Եզրափակելով իր խօսքը Առաջնորդ Սրբազանը կոչ ուղղեց` աղօթելու, որպէսզի մեր ժողովուրդը իսկապէս կարենայ իր դիմաց բացուող տեսակաւոր ճամբաներու մէջէն ընտրել այն ուղին, որ իր կեանքը հայադրոշմ եւ քրիստոնէավայել ընթացքի մէջ կը պահէ,  որպէսզի մեր ժողովուրդին դիմաց բացուին ժամանակներ, երբ մենք մեր վաստակով, հաւատքով, քրտինքով ու աղօթքով կարողանանք նոր ուխտավայրեր եւ սրբարաններ կանգնել:

Պատարագի աւարտին եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ մատաղօրհնէք:

Յայտնենք, որ շաբաթ, 24 հոկտեմբերի երեկոյեան ժամը 5:00-ին այս առիթով տեղի ունեցաւ քերմէս, որուն ընթացքին գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր` մասնակցութեամբ «Վերածնունդ» նուագախումբին, ՀԲԸՄ-ՀԵԸ «Արին» պարախումբին, Համազգայինի «Տամիտոմ» տհոլահարներու համոյթին եւ Ս. Նշան Մայր եկեղեցւոյ երիտասարդաց նուագախումբին: