Առաջնորդարան Հայոց Լիբանանի

Ս. Պատարագ` Զահլէի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ Մէջ

Նախագահութեամբ Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեանի, կիրակի, 6 օգոստոսին Զահլէի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ ս. պատարագ: Պատարագի երգեցողութիւնը կատարեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Նարեկացի» մանկապատանեկան երգչախումբը` ղեկավարութեամբ Զաւէն վրդ. Նաճարեանի:

Ժողովուրդին ուղղուած իր քարոզին մէջ Սրբազան Հայրը նկատել տուաւ, որ «Նարեկացի» մանկապատանեկան երգչախումբին ներկայութիւնը եկեղեցիէն ներս բոլոր ծնողներուն մէջ պէտք է բարի նախանձ յառաջացնէ, նաեւ ձգտում ստեղծէ, որպէսզի իրենց զաւակները մօտեցնեն Հայ եկեղեցւոյ, որպէսզի ապագային իրենց զաւակներէն իրենց ունեցած սպասումները պսակուին դրական իմաստով: Սրբազան Հայրը բարձրօրէն գնահատեց երգչախումբին անդամները, Զաւէն վրդ. Նաճարեանը եւ իրեն աջակից յանձնախումբին բոլոր անդամներուն ճիգը` մաղթելով, որ իրենց աշխատանքը վարակիչ դառնայ թեմի տարածքին, որպէսզի մանուկներ, պատանիներ եւ երիտասարդներ վերադառնալով եկեղեցի` առաւել եւս փայլք բերեն անոր: Սրբազան Հայրը դիտել տուաւ, որ անհատապէս փափաքած է  պատարագ մատուցել սոյն եկեղեցւոյ մէջ, «Նարեկացի» երգչախումբի երգեցողութեամբ, որովհետեւ իրեն համար վայելք է զիրենք ունկնդրելը:

Սրբազան Հայրը մէջբերելով Պօղոս առաքեալի խօսքը` ըսաւ. «Կարեւորագոյնը կեանքէն ներս հաւատքը, յոյսը եւ սէրն է, սակայն այս երեքին մէջ մեծագոյնը սէրն է, ուստի սիրոյ հետամուտ եղէք», աւելցնելով, որ սիրով մնացեալ բոլոր հարցերը անպայմանօրէն դրականօրէն ճիշդ ձեւով կը կարգաւորուին կեանքէն ներս: Սրբազանը նկատել տուաւ, որ աւելի քան քսան դարեր ետք վստահաբար հարց կու տանք, թէ արդեօք ի՛նչ վախճան կրնայ ունենալ տուն մը, որուն անդամները, փոխանակ զիրար զօրացնելու, կը փորձեն զիրար հարուածել, կամ ի՛նչ տեսակ վախճան կրնայ  ունենալ եկեղեցի մը, որուն անդամները կը փորձեն զիրար քայքայել, կամ ի՛նչ տեսակ վախճան կրնայ  ունենալ մէկը, որ գիտակցելով հանդերձ, թէ ինք պարտական է եղբայրութեան օղակին մէջ իր կեանքը ապրելու, կը փորձէ իր նմանը փճացնել ու նսեմացնել: Սրբազանը նկատել տուաւ, որ յիշեալ հարցումները կը ծագին մեր մտքին մէջ, երբ կը լսենք Պօղոս առաքեալի խրատական յանձնարարութիւնները, որոնք այսօր եկեղեցին մեր ուշադրութեան կը յանձնէ, եւ մենք կ՛անդրադառնանք, որ մենք եւս, փոխանակ զիրար ամբողջացնելու, պատուելու եւ բարձրացնելու, նաեւ` մեր միութեամբ, մեր սիրոյ օրինակով մեր եկեղեցին, մեր համայնական կառոյցներն ու կեանքը ամրացնելու, շատ անգամ կը փորձենք հակառակը գործել, քայքայել նոյնիսկ այն, ինչ որ մեզ կանխող սերունդները հաւատքով եւ ծով նուիրումով իրականացուցին նոյնինքն նեղ կեանքին ամրութիւն պարգեւելու համար:

Շարունակելով իր խօսքը` Սրբազան Հայրը հաստատեց, որ այսօր կ՛ապրինք տագնապներով լեցուն աշխարհի մը մէջ, ուր մեր միջավայրը քիչ մը աւելի մեծ ցնցումներով կը յարատեւէ, սակայն ամբողջ աշխարհը իսկապէս կ՛անցնի տագնապի մը քովէն, եւ մարդիկ փոխանակ իրարմով զօրանալու եւ սանձելու իրենց առօրեայէն ներս ստեղծուած փոթորիկը, ամէն մարդ իր գոյութիւնը ապահովելու համար, դիմացինը նսեմացնելով եւ տկարացնելով, կը փորձէ ինք յարատեւել` մոռնալով, որ Աստուծոյ կողմէ մեզի տրուած գլխաւոր պատուիրանը սիրոյ պատուիրանն է, եւ մեր եկեղեցւոյ մէջ այսօր այդ պատուիրանը առաքեալի յանձնարարութեան ճամբով բարձրաձայն կ՛արձագանգէ բոլոր մեր հաւատացեալներուն: «Իրար սիրեցէք, որպէսզի իրարմով ամրանաք, իրարմով զօրանաք եւ միասին ձեր նախնիներուն հաւատքովը յարատեւէք», շեշտեց Սրբազան Հայրը` յորդորելով ներկաները զիրար սիրելու, որպէսզի այդպիսով յարատեւէ մեր ժողովուրդին կեանքը հարազատօրէն, սիրոյ ակունք դառնայ մեր եկեղեցին, նաեւ Քրիստոսի սիրոյ եւ զոհաբերութեան օրինակը բարեկարգէ մեր ընկերութիւնն ու աշխարհը եւ Աստուծոյ համար այստեղ` երկրաւոր պայմաններու մէջ անկիւն մը պատրաստէ:

Սրբազանը ըսաւ, թէ մենք գիտենք, որ մեր թուլութեան եւ տկարութիւններուն հիմնական պատճառը մենք ենք, որովհետեւ շատ անգամ մեր համայնական կեանքին հետ պատասխանատու ձեւով չենք վարուիր եւ մեր աշխատանքներուն նկատմամբ գիտակցօրէն եւ նուիրումով չենք մղուիր եւ, վստահաբար, նաեւ կ՛անդրադառնանք, թէ մեր արարքները պատճառ կը հանդիսանան, որ ոչ միայն այսօրուան մեր կեանքը թուլնայ, մեր ամրութիւնը սասանի, այլեւ` վաղուան մեր կեանքը, որ կը պատկանի մեր զաւակներուն,  ճիշդ չհունաւորուի: Առաջնորդը բացատրեց, որ այս մէկը կը պատահի, որովհետեւ սիրոյ հասկացողութիւնը մեր գիտակցութեան մէջ նուազած է, եւ մենք պատասխանատու կերպով չենք ստանար Աստուծոյ կողմէ մեզի փոխանցուած ուղղութիւնները եւ պատասխանատու կերպով նաեւ մեր ստացածը մեր աշխատանքներուն եւ նուիրումին ճամբով չենք զետեղեր մեր առօրեային մէջ: «Կեանքէն ներս, այո՛, արժէքաւոր շատ բաներ կան, բայց առաքեալը մեզի կը յիշեցնէ, որ մնայուն եւ հիմնական արժէքը քրիստոնեային համար միայն կրնան ըլլալ հաւատքը, յոյսը եւ սէրը, իսկ հաւատքն ու յոյսը կրնան յարատեւել եւ կեանքէն ներս ստեղծագործ ուժի վերածուիլ միայն այն ժամանակ, երբ մենք սիրով լեցուած` մեր նմանին համար կը զոհենք, կը քրտնինք եւ կը տքնինք, մասնաւորաբար Աստուծոյ համար կը ջանանք այս աշխարհէն ներս միջոց դառնալ, որպէսզի մեր ընկերութեան մէջ երկնային անմահական արժէքներ հաստատուին ու տարածուին», հաստատեց Առաջնորդ Սրբազանը` աւելցնելով, որ սիրոյ հետամուտ ըլլանք` որպէսզի սիրով քաղցրանայ մեր կեանքը, սէր փորձենք փնտռել, որպէսզի մեր նմանին մէջ տեսնենք եւ գտնենք սիրող եղբայրը, սիրոյ հետամուտ ըլլանք, որպէսզի Աստուած ալ սիրով ողողէ մեր առօրեան եւ իր օրհնութիւնը առատացնէ մեր կեանքէն ներս, որպէսզի այս նեղ աշխարհին մէջ չսայթաքինք, այլ կատարողները ըլլանք Իր սկզբունքներուն, որոնք իր աւետարանին ճամբով առատօրէն կը յորդին մեր առօրեային մէջ: