Առաջնորդարան Հայոց Լիբանանի

Վերամուտի Սեմին. Կիրակնօրեայ Վարժարաններու Ուսուցիչներու Երկօրեայ Համագումար

Շաբաթ, 3 եւ կիրակի, 4 հոկտեմբեր  2026-ին Տուհրուշուէրի Աւետարանական կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ Լիբանանի հայոց թեմի կիրակնօրեայ վարժարաններու ուսուցիչներու երկօրեայ համագումարը, որուն նպատակներն էին` համախմբել կիրակնօրեայ վարժարաններու ծառայողները, վերանորոգել անոնց հոգեւոր ու ուսուցչական տեսլականը, անդրադառնալ վարժարաններու առաքելութեան կարեւորութեան եւ միասին պատրաստուիլ 2026-2027 տարեշրջանի նոր աշխատանքներուն:

Համագումարի բացման խօսքը արտասանեց Լիբանանի թեմի կիրակնօրեայ վարժարաններու վարիչ-տնօրէն Սարգիս Ա. քհնյ. Սարգիսեան, որ անդրադարձաւ համագումարի աշխատանքներուն եւ անոր կարեւորութեան` շեշտելով, որ նման համախմբումները առիթ են ոչ միայն գիտելիքներու փոխանակման, այլեւ` հոգեւոր վերանորոգման, փորձառութիւններու բաժնեկցութեան եւ նոյն առաքելութեան շուրջ նորոգուած միասնականութեան: Սարգիս Ա. քհնյ. Սարգիսեան յատկապէս վերյիշեցուց բոլորին իրենց նուիրական պարտականութիւնը այս սրբազան առաքելութեան մէջ` ընդգծելով, որ կիրակնօրեայ վարժարանի ուսուցիչը կոչուած է նոր սերունդին փոխանցելու ոչ միայն քրիստոնէական գիտելիքներ, այլեւ` հաւատքի կենդանի վկայութիւնը, եկեղեցասիրութեան ոգին եւ Քրիստոսի հանդէպ սէրը: Եզրափակելով իր խօսքը` ան մասնակիցներուն մաղթեց բարի, արդիւնաւէտ եւ օրհնաբեր աշխատանք:

Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ շարականներու ուսուցում, ապա` Սուրբ Գիրքի սերտողութիւն:

Համագումարի ընթացքին ներկայացուեցան ուսուցիչներու ծառայութեան եւ կիրակնօրեայ վարժարանի առաքելութեան վերաբերող զանազան նիւթեր:

«Կիրակնօրեայ վարժարանի ուսուցիչին ինքնաճանաչումն ու ծառայութիւնը» նիւթը ներկայացուց Կարինէ Չոլաքեան: Ան շեշտեց ուսուցիչին ինքնաճանաչման, իր կոչումին գիտակցութեան եւ ծառայութեան նկատմամբ պատասխանատուութեան կարեւորութիւնը` դիտել տալով, որ ուսուցիչը նախ ինք ապրելով այն արժէքները` կը փոխանցէ աշակերտներուն` դառնալով կենդանի օրինակ եւ ներշնչման աղբիւր:

«Ազդու եւ ներշնչող ուսուցիչները» նիւթը ներկայացուց Լուիզա Պապոյեան-Ազէզեան: Դասախօսութեան ընդմէջէն անդրադարձ կատարուեցաւ ա՛յն յատկութիւններուն եւ մօտեցումներուն, որոնք ուսուցիչը կը դարձնեն ազդեցիկ, ներշնչող եւ աշակերտին հոգեւոր ու մարդկային աճին նպաստող առաջնորդ:

Համագումարի կարեւոր բաժիններէն մէկը հանդիսացաւ ընդհանուր զարգացման մրցումը, որ գիտելիքներու ստուգման կողքին, գեղեցիկ առիթ մը եղաւ առողջ մրցակցութեան, համագործակցութեան եւ ընկերային ոգիի ամրապնդման:

Երկօրեայ համագումարին ընթացքին նաեւ տեղի ունեցան ընկերային եւ հաղորդակցութեան պահեր, որոնց շնորհիւ մասնակիցները հնարաւորութիւն ունեցան աւելի մօտէն ճանչնալու զիրար, բաժնեկցելու իրենց փորձառութիւնները, մտահոգութիւններն ու յաջողութիւնները եւ աւելի ամուր կապեր հաստատելու` որպէս նոյն առաքելութեան ծառայակիցներ:

Համագումարի ընթացքին ներկայացուեցան 2026-2027 տարեշրջանի կիրակնօրեայ վարժարաններու ծրագիրները, քննարկուեցան յառաջիկայ աշխատանքներն ու առաջնահերթութիւնները, եւ կատարուեցաւ անհրաժեշտ նախապատրաստութիւնը` նոր տարեշրջանի աշխատանքները աւելի կազմակերպուած եւ արդիւնաւէտ կերպով շարունակելու համար:

Երկօրեայ այս համախմբումը դարձաւ գեղեցիկ առիթ մը գիտելիքը` հաւատքին, փորձառութիւնը` ծառայութեան, իսկ ընկերակցութիւնը` միասնական առաքելութեան միացնելու: Մասնակիցները համագումարէն հեռացան նորոգուած ոգիով, նոր գաղափարներով եւ աւելի մեծ պատասխանատուութեան գիտակցութեամբ` շարունակելու իրենց նուիրական ծառայութիւնը կիրակնօրեայ վարժարաններուն մէջ: