
Հանդիսապետութեամբ Լիբանանի Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեանի, կիրակի, 20 սեպտեմբեր 2026-ին Այնճարի Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ մէջ, Մուսա Լերան հերոսամարտի 111-ամեակին եւ Այնճարի հիմնադրութեան 87-ամեակին առիթով մատուցուեցաւ ս. պատարագ, կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն Մուսա Լերան հերոսամարտի 18 նահատակներուն յիշատակին, եւ տեղի ունեցաւ մատաղօրհնէք:
Իր քարոզին մէջ Սրբազան Հայրը յայտնեց, որ Խաչվերացը յիշատակն է 7-րդ դարուն տեղի ունեցած Քրիստոսի խաչափայտի ազատագրութեան: Ան պատմական ակնարկ մը նետեց 614 թուականին տեղի ունեցած դէպքերուն, թէ ինչպէ՛ս պարսկական բանակները կը յաջողին պարտութեան մատնել բիւզանդացիները ու գրաւել Երուսաղէմը եւ զայն կողոպտելէ ետք «որպէս աւար» իրենց հետ Տիզպոն կը տանին Քրիստոսի խաչը: Պարսիկներուն եւ յոյներուն միջեւ մղուած երկարամեայ պատերազմներէ ետք` 627-ին, Բիւզանդիոն կը յաջողի պարտութեան մատնել Պարսկաստանը եւ, Քրիստոսի խաչափայտը ազատագրելով, զայն կը վերադարձնէ Երուսաղէմ, եւ Հերակլ կայսրը անձամբ կը գլխաւորէ դէպի Երուսաղէմ Խաչի վերադարձի յաղթական թափօրը: Խաչը կը տարուի Երուսաղէմ եւ կը հաստատուի Ս. Յարութեան տաճարին մէջ:
Սրբազանը կարեւոր նկատեց պատմութիւնը գիտնալը, սակայն աւելի անհրաժեշտ սեպեց պատմութեան փոխանցած պատգամով մեր կեանքը նորոգելն ու պայծառացնելը: Ան շեշտեց, որ պէտք է անդրադառնանք, թէ խաչը հոգեւոր զօրութիւն ու հաւատքի նեցուկ է բոլոր անոնց համար, որոնք դժուարութիւններու ու տագնապներու քովէն անցնելով հանդերձ, չեն քանդուիր, այլ խաչին պարգեւած զօրութեամբ կը մնան կանգուն ու յաղթական:
Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեան բացատրեց, որ խաչ բարձրացնել կը նշանակէ Աստուծոյ միանալով չարին դէմ կռուիլ եւ այդպիսով յաղթել, նաեւ կը նշանակէ Աստուծոյ կողմէ մեզի վստահուած պարտականութիւններուն նուիրուիլ, մարտնչիլ, զոհել ու զոհաբերել, որպէսզի մեր դաւանած սրբութեան արժէքներով պահպանուի մեր կեանքն ու ընկերութեան վիճակը:
Անդրադառնալով Մուսա Լերան հերոսամարտի 111-րդ տարեդարձին` Սրբազանը շեշտեց, որ այս առիթը միշտ յիշատակած ենք զայն առնչելով Խաչվերացի տօնին, որպէսզի մեր ժողովուրդը չմոռնայ, թէ խաչը դրօշը եղած է նաեւ Մուսա Լերան լանջերուն իր հողն ու տունը պաշտպանող հայ կտրիճին, որ իր ժողովուրդին մահը խափանելու համար ինքզինք ընծայած է վասն լինելութեան մղուող մեր ազգի դարաւոր պայքարին: Ան ըսաւ, որ ամէն տարի Խաչվերացի տօնախմբութեանց շրջագիծէն ներս ու մեր կրօնական ու ազգային արտայայտութիւններուն ընդմէջէն կը ձգտինք մեր յիշողութեան մէջ պայծառացնել անոնց յիշատակը, որպէսզի 87 տարիներէ ի վեր մեր ժողովուրդին նուիրումովն ու քրտինքովը շաղախուած Այնճարի այս հողին վրայ մեր կեանքը ըլլայ հայադրոշմ ու քրիստոնէավայել:
Շարունակելով իր խօսքը` Առաջնորդ Հայրը դիտել տուաւ, որ այսօր մեր եկեղեցիներէն ներս նաեւ կը նշենք Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան հռչակման 35-րդ տարեդարձը եւ նուիրական այս առիթով բարեպաշտ մեր ժողովուրդին հետ միասին կը կատարենք Հանրապետական մաղթանք, որպէսզի զգանք, թէ հայրենիքը կը մնայ մեր ազգի յոյսերուն ու հեռանկարներուն յենարանը:
Առաջնորդը ըսաւ, որ նուիրական այս պահուն, մեր յիշողութեան մէջ պէտք է արթննայ մեր ամբողջ անցեալը, որուն դիմաց պարբերաբար պէտք է ինքնաքննութիւն կատարենք, որպէսզի մեր թերացումներուն ու անկումներուն մէջ սթափինք, զգաստանանք ու հայ մնալու, միասին ըլլալու, հզօր պատմութիւն կերտելու առաջադրանքով նորոգուինք: Ըստ անոր` նախորդ բազում դարերուն ազգովին շատ բան կորսնցուցինք, բայց հաւատարիմ մնացինք մեր ներքին արժէքներուն եւ եղանք հայրենասէր ու հաւատքով գրկեցինք անմահութեան գաղափարը: Սրբազանը ըսաւ, որ պէտք է շարունակենք հաւատալ, թէ անմահ են անոնք, որոնք ոգեկան ուժով կը պայքարին մահուան դէմ, եւ պէտք է շարունակենք հաւատալ, թէ մեր ժողովուրդին դիմաց դարձեալ պիտի բացուին մեծագործութեան ժամանակներ: Ու պէտք է շարունակենք մեր ունեցածը սիրած ըլլալու ու պաշտպանելու փաստը արտայայտել, որպէսզի ի սփիւռս աշխարհի տարտղնուած մեր ժողովուրդը յաղթական ընթացքի մէջ պահէ իր կեանքը ու մրրիկներով շրջապատուած մեր հայրենիքին նաւը տանի մեր դարաւոր տենչերուն ու երազներուն, եզրափակեց Առաջնորդ Սրբազանը:
Այնուհետեւ կատարուեցաւ գոհաբանական մաղթանք եւ Եռագոյն դրօշի օրհնութիւն:
Պատարագի աւարտին եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ կատարուեցաւ մատաղօրհնէք:






