Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան հռչակման 32-րդ տարեդարձին առիթով, կիրակի 24 սեպտեմբերին, յընթացս ս. պատարագի, Լիբանանի հայոց թեմի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ կատարուեցան Հանրապետական մաղթանք եւ եռագոյն դրօշի օրհնութիւն:
Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ, արարողութեան հանդիսապետեց Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեան:
Սրբազան Հայրը իր քարոզին մէջ մէջբերում մը կատարեց օրուան Ճաշու աւետարանէն, որ մեր ուշադրութիւնը կ՛ուղղէ դէպի ընտանիք, դէպի այն բոյնը, որ կեանքէն ներս պէտք է ըլլայ ամէնէն ապահով անկիւնը, նկատել տալով, որ աւետարանական այս մտածումները մեր եկեղեցւոյ ճամբով մեզի կը փոխանցուին այնպիսի կեանքի պայմաններու մէջ, երբ մենք շատ անգամ, մոռցած Տիրոջ պատուիրանները, ըստ մեր կամքին կը վարուինք մեր տուներէն ներս եւ այդպիսով ոչ միայն Աստուծոյ կանոնը կը խախտենք, այլեւ կը քայքայենք այն նուիրական միջավայրը, որ պէտք է մեր կեանքին մէջ ամէնէն ապահով, ամէնէն տաքուկ, ամէնէն վստահելի եւ ամէնէն ուրախ ու երջանիկ անկիւնը ըլլայ: «Մեր ժողովուրդը աւանդապահ էր, գիտէր իր ընտանեկան յարկը նուիրական սկզբունքներով պաշտպանել, մասնաւորաբար գիտէր իր ժառանգած աւանդներով իր զաւակները դաստիարակել, որպէսզի անոնք ալ, իրենց կարգին, ընտանեկան նուիրական բոյնը սրբութեամբ պահեն», հաստատեց Սրբազանը` դիտել տալով, որ այսօր կեանքի արտասովոր ներկայ պայմաններուն մէջ սկսած ենք տատանիլ, նաեւ` քայքայուիլ նուիրական մեր կեանքին մէջ, յատկապէս` մեր ընտանեկան յարկին տակ, որ շատ անգամ նորաձեւութեան անիմաստ ու անտեղի վէճերու թատերաբեմ կը դառնայ ու կը քայքայուի, որովհետեւ մենք մոռցած ենք ու անգիտակցօրէն կ՛անտեսենք հիմնական այն սկզբունքայինը, որ Տէրը մեզի նուիրած է եւ պարտաւոր ենք գիտակցիլ, թէ այր ու կին միասնաբար աշխարհ պիտի դիմակալեն, պիտի ծրագրեն, պիտի գործակցին, պիտի պայքարին իրենց միութեան խորհրդանիշը հանդիսացող ընտանեկան կեանքին մէջ, որպէսզի միութեան սրբազան ուխտը փրկութեամբ պահպանուի:
«Խրատուինք ու դաստիարակուինք եւ այս ճշմարտութիւնը այսօր եկեղեցիէն վերցնելով` վերադարձնենք մեր տուները, որպէսզի մեր ընտանեկան կեանքը սրբութեամբ օծենք եւ փորձենք սրբագրել այն, ինչ որ կեանքի բերումով սկսած է քայքայուիլ եւ տատանիլ», շեշտեց Սրբազան Հայրը:
Շարունակելով իր խօսքը` Առաջնորդ Սրբազանը դիտել տուաւ, որ նոյն օրը մեր եկեղեցիներուն մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան հռչակման 32-րդ տարեդարձին առիթով գոհաբանական յատուկ աղօթք կը մատուցենք` խնդրելով, որ Աստուած իր շնորհքին մէջ պահպանէ Հայաստան աշխարհի անկախութիւնը, իմաստութիւն տայ մեր ժողովուրդի զաւակներուն, նաեւ զօրութիւն պարգեւէ հայ զինուորին ու զօրականին:«Այս տարի վստահաբար մեր կեանքէն ներս այս առիթով ուրախութիւն չկայ, որովհետեւ ազգովին կ՛ողբանք Արցախի նահատակութիւնը», հաստատեց Սրբազան Հայրը` աւելցնելով, որ ամբողջ տարի մը կղզիացուած պայմաններու մէջ շրջափակուած, պայքարելէ եւ արիւնելէ ետք ի վերջոյ Արցախը պարտաւորուեցաւ զէնքերը վար դնել ու յանձնուիլ: Ազգովին տրտում ենք, եւ տխուր, որովհետեւ հազիւ պահ մը կրցանք ըմբոշխնել Արցախի փառաւոր անկախութեան երեւոյթը: Ազգովին տրտում ենք, որովհետեւ կ՛անդրադառնանք, թէ այն, ինչ որ իրականացաւ մեր պատմութեան ժամանակակից պայմաններուն մէջ, ահաւասիկ խորտակուեցաւ եւ յանձնուեցաւ թշնամիին, բայց մասնաւորաբար ներկայ մեր անմխիթար վիճակին մէջ պէտք չէ առիթ տանք, որ մեր ժողովուրդին կամքը խորտակուի եւ քայքայուի, այլ, ընդհակառա՛կը, պէտք է նոր աշխատանքի լծուինք, վերստին ամրացնենք հայրենիքի պաշտպանութեան պարիսպները, նոր գոյամարտ մղենք, որպէսզի մեր ժողովուրդին արդար իրաւունքը պաշտպանենք եւ վերադարձնենք այն, ինչ որ անիրաւօրէն մեզմէ խլուեցաւ: Սրբազան Հայրը նկատել տուաւ, թէ ժամանակները կը պահանջեն, որ ըլլանք զգաստ եւ խոհեմ, նաեւ` գիտակից, եւ այդ հասկացողութեամբ այսօր մեր եկեղեցիներուն մէջ կը խոնարհինք բոլոր այն հերոսներուն յիշատակին դիմաց, որոնք հայրենիքի ազատութեան եւ անկախութեան բագինին վրայ իրենց կեանքերը զոհեցին: Կը խոնարհինք գիտակցօրէն եւ երդուելով, որ մենք ալ իրենց օրինակով պիտի հետեւինք իրենց քայլերուն, մասնակից պիտի դառնանք սրբազան ու նուիրական այն պայքարին, որ մեր ժողովուրդը մղեց դարեր շարունակ` ի խնդիր գոյութեան եւ անկախութեան, երբեմն ինկաւ եւ նահատակուեցաւ, բայց իր քաջ զաւակներուն շնորհիւ դարձեալ յարութիւն առաւ, վերականգնեց իր անկախութիւնը եւ վերահաստատեց իր նուիրական կեանքը:
«Պէտք չէ առիթ տանք, որ մեր շրջապատը մեզ անարգէ, այլ, ընդհակառա՛կը, մեր կեցուածքով եւ հաւատարմութեամբ պէտք է ցոյց տանք, թէ մենք ժառանգորդներն ենք ժողովուրդի մը, որ մեռնիլ չի գիտեր, որ` իր կեցուածքով կրնայ դարձեալ ոտքի ելլել եւ կրած իր պարտութիւններուն դիմաց ապահովել նոր յաղթանակներ: Մասնաւորաբար պէտք է լաւ անդրադառնանք, որ մեր ժողովուրդի ամէնէն ապահով կռուանը Հայաստան աշխարհն է եւ մեր գոյութեան գրաւականն է: Առանց Հայաստանի` անիմաստ է մեր գոյութիւնը եւ աննպատակ, կեանքին մէջ մեր կատարած բոլոր աշխատանքները: Հայաստանով կը պայծառանան անցեալի մեր յիշատակները, նաեւ` գալիքին համար մեր ունեցած երազներն ու իտէալները» եզրափակեց Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեան:
Այնուհետեւ կատարուեցաւ գոհաբանական մաղթանք Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան հռչակման 32-րդ տարեդարձին առիթով, որուն ընթացքին Սրբազան Հայրը կատարեց եռագոյն դրօշի օրհնութիւն: