Կազմակերպութեամբ Ազգային Իշխանութեան Ուսումնական Խորհուրդին. Մհեր Ջուլհաճեանի Անուան Աշակերտական Շարադրական Մրցանքը
Կազմակերպութեամբ Ազգային իշխանութեան Ուսումնական խորհուրդին շաբաթ, 4 յունիս 2022-ին Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ 23 օգոստոս 1993-ին Արցախի Մարտունի շրջանին մէջ նահատակուած ազատամարտիկ Մհեր Ջուլհաճեանի անուան շարադրական մրցանքը: Բարի գալուստի խօսքը արտասանեց Ուսումնական խորհուրդի անդամ Նարէ Գալեմքէրեան: Ան բացատրեց, որ շարադրութիւն գրել կը նշանակէ արտայայտուիլ մայրենի լեզուով,
Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճ. Ամավերջի Հանդէս Եւ Վկայականաց Բաշխում
Ազգ. Ե. Մանուկեան քոլեճի 2021-2022 տարեշրջանի աւարտական հանդէսը տեղի ունեցաւ հինգշաբթի, 2 յունիսին, վարժարանի շրջափակին մէջ, ներկայութեան Լիբանանի Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեանի, Ազգային վարչութեան, Ուսումնական խորհուրդի եւ հայկական միութիւններու ներկայացուցիչներու, քոլեճի խնամակալութեան, տնօրէնութեան, տիկնանց յանձնախումբին, ուսուցչական կազմին, շրջանաւարտներու ծնողներու եւ հարազատներու: Հանդէսը սկիզբ առաւ շրջանաւարտներու
Հանրապետական Մաղթանք Եւ Եռագոյն Դրօշի Օրհնութիւն Սրբոց Վարդանանց Եկեղեցւոյ Մէջ
Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան անկախութեան 104-րդ տարեդարձին առիթով, կիրակի, 29 մայիսին, յընթացս ս. պատարագի, Լիբանանի հայոց թեմի եկեղեցիներուն մէջ կատարուեցաւ հանրապետական մաղթանք եւ եռագոյն դրօշի օրհնութիւն: Արդարեւ, Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ պատարագին նախագահեց Լիբանանի Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Շահէ Արք. Փանոսեան: Պատարագի ընթացքին Առաջնորդ Սրբազանը կատարեց հանրապետական մաղթանք եւ օրհնեց եռագոյն
Մայիսեան Յաղթանակի Տօնակատարութիւն Ազգային Միացեալ Վարժարանին Մէջ
Ուրբաթ, 28 Մայիս 2022-ին Ազգային Միացեալ վարժարանի տնօրէնութիւնը, ուսուցչակազմը եւ աշակերտութիւնը համախմբուեցան դպրոցին շրջափակին մէջ` տօնելու Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան անկախութեան 104-րդ տարեդարձը: Մանկապարտէզի փոքրիկները իրենց իւրայատուկ ձեւով ներկայացան բակ` իրենց ձեռքերուն մէջ ամուր բռնած իրենց ձեռակերտ եռագոյնները: Տօնակատարութիւնը ընթացք առաւ Լիբանանի եւ Հայաստանի զոյգ քայլերգներով: Բացման խօսքով հանդէս եկաւ երկրորդական
Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Թորգոմ Եպս. Տօնոյեան Եւ Ազգային Վարչութեան Ատենապետ Վահէ Յովակիմեան Այցելեցին Ազգային Առաջնորդարան
Երկուշաբթի, 23 մայիս 2022-ին Լիբանանի հայոց թեմի Ազգային առաջնորդարան այցելեցին Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Թորգոմ Եպս. Տօնոյեանն ու թեմի Ազգային վարչութեան ատենապետ Վահէ Յովակիմեանը` մօտէն ծանօթանալու լիբանանահայութեան դիմագրաւած հարցերուն ու Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումէն ետք, յօգուտ լիբանանահայութեան, Լիբանանի Ազգ. առաջնորդարանի հովանաւորութեամբ ի գործ դրուած վերականգնումի ճիգերուն: Հանդիպման ընթացքին
Ճիւնիի Ս. Յարութիւն Եկեղեցւոյ Անուանակոչութիւն
Հանդիսապետութեամբ Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեանի, կիրակի, 8 մայիսին նշուեցաւ Ճիւնիի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնը: Առ այդ, առաւօտեան ժամը 9:00-ին Ճիւնիի ակումբին դիմաց տեղի ունեցաւ ժողովրդային ընդունելութիւն` ի պատիւ Սրբազան Հօր, որմէ ետք թափօրը, առաջնորդութեամբ ՀՄԸՄ-ի փողերախումբին, ուղղուեցաւ դէպի եկեղեցի, ուր մատուցուեցաւ ս. պատարագ եւ
«Օգնական Բուժքոյրերու Պատրաստութեան Ծրագիր»-ի Մասնակիցներու Վկայականի Տուչութիւն
Ներկայութեան Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեանի, ուրբաթ, 6 մայիսին` կէսօրէ ետք ժամը 5:00-ին, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Օգնական բուժքոյրերու պատրաստութեան ծրագիր»-ի վկայականաց բաշխման հանդիսութիւնը: Սոյն ծրագիրին նախաձեռնուած էր Ֆրանսայի Հայկական Հիմնադրամին կողմէ` գործակցութեամբ Սէն Ժոզէֆ համալսարանի Մասնագէտներու վերապատրաստութեան կեդրոնին, նաեւ Ազգային առաջնորդարանի
Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճը Հանգանակած Է 38.150 Տոլար Եւ 232.400.000 ԼՈ
«Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճի ամբողջութեամբ վերանորոգուած մանկամսուրի բացման հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ 29 ապրիլ 2022-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, հովանաւորութեամբ Լիբանանի Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեանի, նախագահութեամբ ճարտարարուեստի նախարար Ճորճ Պուչիկեանի, ներկայութեամբ երեսփոխաններ` տէր եւ տիկին Յակոբ Թերզեանի եւ Ալեքս Մաթոսեանի, Կեդրոնական դրամատան փոխկառավարիչ Ալեքս Մուրատեանի, ինչպէս
ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ
Իրենց ողբացեալ մօր՝ ԶՈՒԱՐԹ ԳԱՍԱՐՃԵԱՆԻ մահուան քառասունքին առիթով ՏԷՐ ԵՒ ՏԻԿԻՆ ՎԱՀԱՆ ԵՒ ԹԱՄԱՐ ԳԱՍԱՐՃԵԱՆՆԵՐ $ 25,000 ՏՈԼԱՐ ԿԸ ՆՈՒԻՐԵՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ ՀԱՅ ԱՇԱԿԵՐՏ ՀՈՎԱՆԱՒՈՐԵԼՈՒ ԾՐԱԳՐԻՆ Այս առիթով, Առաջնորդ Սրբազան Հայրն ու Ազգային Վարչութիւնը, սրտագինս շնորհակալութիւն կը յայտնեն բարերար ամոլին եւ բարձրօրէն կը գնահատեն հայ աշակերտին աջակցելու համար անոնց ցուցաբերած
«Քրիստոսի Յարութիւնը Հիմնաքարն Է Քրիստոնէական Մեր Հաւատքին», Հաստատեց Շահէ Արք. Փանոսեան
Ս. Յարութեան տօնին առիթով, կիրակի, 17 ապրիլ 2022-ին Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ հանդիսաւոր սուրբ եւ անմահ պատարագ: Պատարագը մատուցեց Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեան: Իր քարոզին մէջ Առաջնորդ Սրբազանը նկատել տուաւ, որ մեր համայնական կեանքը երկար ատենէ ի վեր բնականոն վիճակի մէջ չէ, սակայն











