Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Լիբանանի Թեմի Առաջնորդ Սրբազանն Ու Ազգային Իշխանութիւնը
Ուրբաթ, 31 Յուլիս 2020-ին, Պիքֆայայի Սուրբ Աստուածածին Վանքին մէջ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեանը եւ Ազգային Իշխանութեան ներկայացուցիչները: Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Ազգային Վարչութեան Կրօնական ու Քաղաքական ժողովներու անդամները: Առաջնորդ Սրբազանը թեմին անունով իր շնորհակալութիւնը յայտնեց Վեհափառ Հայրապետին, որ իր
Հաղորդագրութիւն
Ստանալէ ետք Ն․Ս․Օ․Տ․Տ․ Արամ Ա․ Վեհափառ Հայրապետին վաւերացման պաշտօնագիրը, Հինգշաբթի, 30 Յուլիս 2020-ին, նախագահութեամբ Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ․ Տ․ Շահէ Արք․ Փանոսեանին, նորընտիր Կրօնական ժողովն ու Ազգային վարչութիւնը անջատաբար գումարեցին անդրանիկ նիստերը, որոնց ընթացքին կազմեցին դիւանները հետեւեալ դասաւորումով․- Կրօնական Ժողով Ատենապետ Արժ. Տ.
«Հաւաքական Ճիգով Պիտի Յաղթահարենք Ճգնաժամը», Հաստատեց Գերշ. Տ. Շահէ Արք․ Փանոսեան՝ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէին Հետ Հանդիպումին
Հինգշաբթի, 30 յուլիսին, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն շնորհաւորական այցելութիւն մը տուաւ Լիբանանի Հայոց թեմի նորըտնիր առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք․ Փանոսեանին եւ այս առիթով նաեւ շնորհաւորեց զայն՝ Արամ Ա. վեհափառին կողմէ շնորհուած արքութեան տիտղոսին համար։ Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի յայտնեց, որ Ազգային երեսփոխանական ժողովը միաձայնութեամբ իր վստահութեան քուէն
Հ Ա Ղ Ո Ր Դ Ա Գ Ր Ո Ւ Թ Ի Ւ Ն
ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին ցուցմունքով ու պետականօրէն թելադրուած նոր որոշումներու լոյսին տակ, այսու կը տեղեկացնենք, որ հաւատացեալ մեր ժողովուրդը «Քորոնա» համաճարակի սաստկացող վտանգներէն պաշտպանելու դիտաւորութեամբ, կիրակի, 2 օգոստոս 2020-ին եւ կիրակի, 9 օգոստոս 2020-ին, Անթիլիասի մայր տաճարին ու Լիբանանի հայոց թեմի եկեղեցիներուն մէջ, Ս. պատարագի արարողութիւնները պիտի կատարուին
Արամ Ա. Կաթողիկոս Վաւերացուց Շահէ Եպս. Փանոսեանի Ընտրութիւնը Եւ Արքութեան Տիտղոս Շնորհեց Անոր
Լիբանանի թեմի Ազգային երեսփոխանական ժողովը ուրբաթ, 24 յուլիս 2020-ի երեկոյեան Ազգային առաջնորդարանին մէջ գումարեց արտակարգ նիստ մը, որուն ընթացքին Արամ Ա. կաթողիկոսին կողմէ փոխանցուած եռանուն նախընտրական ցանկէն թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ Գերշ. Տ. Շահէ Եպս. Փանոսեան միաձայնութեամբ ընտրուեցաւ թեմակալ առաջնորդ: Երեսփոխանական ժողովի դիւանը տեղեակ պահելով վեհափառ հայրապետը ընտրութեան արդիւնքին մասին` հայցեց
Ազգային Երեսփոխանական Ժողովի Նիստ Եւ Ընտրութիւններ. Շահէ Եպս. Փանոսեան Ընտրուեցաւ Լիբանանի Հայոց Առաջնորդ
Ուրբաթ, 24 յուլիս 2020-ին, երեկոյեան ժամը 6:30-ին, Լիբանանի հայոց թեմի Երեսփոխանական ժողովը Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ գումարեց նիստ` նախագահութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ Գերշ. Տ. Շահէ Եպս. Փանոսեանին: Աղօթքէն ետք, կաթողիկոսական փոխանորդը ընթերցեց Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին նամակը, որուն մէջ նշուած է, «Նկատի ունենալով երկրին մէջ ստեղծուած
Հաղորդագրութիւն
Լիբանանի թեմի Ազգային երեսփոխանական ժողովը, որ գումարուեցաւ ուրբաթ, 24 յուլիս 2020-ին, կարեւորութեամբ անդրադարձաւ «Քորոնա» ժահրին եւ Լիբանանի տնտեսական տագնապին ստեղծած ճգնաժամային կացութեանց, որոնցմէ անմասն չէ լիբանանահայ համայնքը: Ժողովը կատարեց հետեւեալ հաստատումները. Ա.- Որդիական սիրով կու գանք մեր երախտագիտութիւնը յայտնելու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Ս. Աթոռի գահակալ` ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. վեհափառին, որ
Հաղորդագրութիւն
Ուրբաթ, 24 յուլիս 2020-ին, երեկոյեան ժամը 6:30-ին, Ազգային Առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ գումարուած Լիբանանի հայոց թեմի երեսփոխանական ժողովի նիստին, թեմի կանոնագրութեան համաձայն, երկամեայ շրջանը աւարտելէ ետք, ազգային երեսփոխանները ժողովին դիւանը կազմեցին հետեւեալ ձեւով. – Ատենապետներ` Պետիկ Սապունճեան եւ Կարօ Սալխանեան – Քարտուղարներ` Վիգի Գարագաշեան-Այնթապլեան եւ Արազ Գոճայեան:
Ազգային Յառաջ-Գ. Կիւլպէնկեան Վարժարանի Ամավերջի Հանդէս Եւ Վկայականաց Տուչութիւն
Նախագահութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ Գերշ. Տ. Շահէ Եպս. Փանոսեանի, շաբաթ, 4 յուլիսի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Ազգային Յառաջ-Գ. Կիւլպէնկեան վարժարանի շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ 2019-2020 տարեշրջանի 6-րդ եւ 12-րդ կարգերու ամավերջի հանդէսը, որ առցանց սփռուեցաւ Ազգային առաջնորդարանի Դիմատետրի էջին վրայ: Լիբանանի, Հայաստանի եւ վարժարանի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք խօսք առաւ
Հաղորդագրութիւն. Լիբանանահայ Օժանդակութեան Պէզիքեան Ծրագիրի Գործադիր Վարչութիւնը Սկսաւ Իր Աշխատանքներուն
Ի գիտութիւն մեր ժողովուրդին այսու կու գանք տեղեկագրելու, որ Լիբանանի հայոց թեմի Կաթողիկոսական փոխանորդ Գերշ. Տ. Շահէ Եպս. Փանոսեանի նախագահութեամբ, Լիբանանահայ օժանդակութեան Պէզիքեան ծրագիրի գործադիր վարչութիւնը իր աշխատանքը առաւել արդիւնաւէտ դարձնելու նպատակով յառաջացուց իր դիւանը` հետեւեալ կարգով. Ատենապետ՝ Յակոբ Լատոյեան Ատենադպիր՝ Գոհար Գանտահարեան Գանձապահ՝ Րաֆֆի