Հաղորդագրութիւն. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Իր Հայրական Օրհնութիւնը Տուաւ Լիբանանահայ Օժանդակութեան Պէզիքեան Ծրագիրի Գործադիր Վարչութեան
Քանի մը օր առաջ, պաշտօնական հաղորդագրութեամբ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը գոհունակութեամբ յայտարարեց, թէ ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետի գահակալութեան 25-ամեակին առիթով, ազգային բարերարներ տէր եւ տիկին Ալեքքօ եւ Անի Պէզիքեաններ, լիբանանահայ կարիքաւոր ընտանիքներու զօրակցութեան համար կը տրամադրեն մէկ միլիոն ամերիկեան տոլար: Ուստի, կու գանք տեղեկացնելու, որ արդիւնաւոր կերպով իրականացնելու համար
Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլէճի 2019-2020 Տարեշրջանի Ամավերջի Հանդէս
Նախագահութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ Գերշ. Տ, Շահէ Եպս. Փանոսեանի, ներկայութեամբ Պէքաայի շրջանի հոգեւոր տեսուչ Անանիա ծ. վրդ. Գուճանեանի, Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեանի, Ազգային իշխանութեան ատենապետ Րաֆֆի Սիսլեանի, Ուսումնական խորհուրդի անդամներու. հոգեւոր հայրերու. միութիւններու ներկայացուցիչներու եւ ծնողներու. ուրբաթ, 3 յուլիսի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլէճի
Ազգային Միացեալ Վարժարանը Տուաւ Իր Շրջանաւարտներու Երրորդ Հունձքը
«Քորոնա» ժահրի համաճարակին պատճառով Լիբանանի մէջ տիրող ճգնաժամային կացութիւնը արգելք չհանդիսացաւ, որ Ազգային միացեալ վարժարանը հինգշաբթի, 2 յուլիսի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, «Ժիրայր եւ Ցոլինէ Խաչատուրեան» սրահին մէջ անգամ մը եւս գաղութին ներկայացնէ իր շրջանաւարտներու երրորդ հունձքը: Հանդիսութիւնը կը վայելէր Լիբանանի հայոց թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ Գերշ. Տ. Շահէ Եպս. Փանոսեանի հովանաւորութիւնը:
Հաղորդագրութիւն
Այսու գոհունակութեամբ կը հաղորդենք, որ ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին օրհնութեամբ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միաբաններէն Գերպ. Տէր Անանիա ծ. վրդ. Գուճանեան կը նշանակուի Պեքաայի շրջանի հոգեւոր տեսուչ: Վստահ ենք, որ հայր սուրբը հաւատարմութեամբ ու նուիրումով պիտի կատարէ իրեն վստահուած կարեւոր այս աշխատանքը եւ Ազգային առաջնորդարանիս հետ համախորհուրդ, Զահլէի,
Ազգային Առաջնորդարան. Հաղորդագրութիւն Թիւ 9. Երջօ Սամուէլեան 90.000 Ամ. Տոլարով Դարձեալ Կը Զօրակցի Լիբանանահայութեան
Ուրախութեամբ կը յայտնենք, որ արդէն իսկ ապահովուած է լիբանանահայ կարիքաւորներու զօրակցութեան շրջագիծին մէջ երկրորդ 2000 սնտուկ սննդամթերքի պահանջուած գումարը` շնորհիւ ազգային բարերար տիար Երջօ Սամուէլեանի 90.000 ամ. տոլարի նուիրատուութեան, որուն մէկ մասը նաեւ պիտի տրամադրուի այլ ծրագիրներու: Այս առիթով, շաբաթասկիզբին ընթացք առաւ ցրուումի աշխատանքը, որ պիտի շարունակուի յառաջիկայ շաբաթներուն`
Ազգային Առաջնորդարան. Հաղորդագրութիւն Թիւ 8
Ընդառաջելով Ազգային առաջնորդարանի կոչին` մեր բարերարները շարունակեցին նիւթապէս եւ բարոյապէս զօրակցիլ լիբանանահայ կարիքաւորներուն` ամբողջացնելով 2000 սնտուկ սննդամթերքի պահանջուած գումարը: Արդէն իսկ յառաջիկային ընթացք պիտի առնէ երկրորդ փուլը` յաւելեալ 2000 սնտուկ սննդամթերք տրամադրելով կարիքաւորներուն: Առ այդ, կատարուեցան հետեւեալ նոր նուիրատուութիւնները. Տէր եւ տիկին Հրայր եւ Միրնա Սարգիսեան
Ազգային Առաջնորդարան Հաղորդագրութիւն Թիւ 7. Ալեքքօ Եւ Անի Պէզիքեան Ընտանիքը 100.000.000 Լիբանանեան Ոսկիով Կը Շարունակէ Նեցուկ Կանգնիլ Լիբանանահայութեան
Կարիքաւոր ընտանիքներուն սննդամթերք տրամադրելու աշխատանքներուն նպաստելով` Ալեքքօ եւ Անի Պէզիքեան ընտանիքը 100.000.000 լիբանանեան ոսկիով կը մասնակցի Ազգային վարչութեան նախաձեռնած մայիս ամսուան ընթացքին 2000 սնտուկ սննթամթերք տրամադրելու աշխատանքներուն: Շնորհակալութիւն կը յայտնենք Ալեքքօ եւ Անի Պէզիքեան ամոլին, որ Լիբանանի տնտեսական դժուարութիւններուն դէմ յանդիման եւ «Քորոնա» ժահրին յառաջացուցած տագնապները յաղթահարելու ճիգերուն մէջ միշտ
Ազգային Առաջնորդարան. Հաղորդագրութիւն Թիւ 6
Բառին ամբողջական առումով, բոլորս ալ կ՛ապրինք ճգնաժամային պայմաններու մէջ: Անգործութեան, դրամի արժեզրկումին ու աննախընթաց սղաճին յաջորդեց «Քորոնա» ժահրով սկսած համաշխարհային աննախընթաց տագնապը, որ ոչ միայն անդամալուծեց ու մեզ արգելափակեց մեր բնակարաններուն մէջ, այլեւ, տասնեակ հազարաւոր զոհեր խլելով, խորհրդաւոր պայմաններով շարունակեց տարածուիլ աշխարհի բոլոր անկիւնները: Վստահ էինք, որ տուեալ արտակարգ պայմաններուն
Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները Կը Զօրակցին Լիբանանահայ Կարիքաւորներուն
Լիբանանի մէջ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու կողմէ կատարուած մարդասիրական-բարեսիրական աշխատանքներու շրջագիծին մէջ, Լիբանանի հայոց թեմի Ազգային առաջնորդարանը 11 մայիս 2020-ին ստանձնեց սննդեղէնի 100 սնտուկներ, որոնք պիտի բաժնուին համայնքի կարիքաւոր ընտանիքներուն: Այս առիթով, Լիբանանի հայոց թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ Գերշ. Տ. Շահէ Եպս. Փանոսեան իր խորին շնորհակալութիւնը կը յայտնէ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու իշխան
Հայոց Ցեղասպանութեան 105-ամեակին Առիթով Միջյարանուանական Աղօթք Ս. Նշան Մայր Եկեղեցւոյ Մէջ
Հայոց ցեղասպանութեան 105-ամեակին առիթով ուրբաթ, 24 ապրիլ 2020-ին, կէսօրէ ետք ժամը 12:30-ին, Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ միջյարանուանական աղօթք` մասնակցութեամբ հայ առաքելական, աւետարանական եւ կաթողիկէ եկեղեցիներուն: Աղօթքի ճամբով, առցանց հետեւող հաւատացեալ ժողովուրդին իրենց պատգամները ուղղեցին երեք յարանուանութեանց ներկայացուցիչները: Մերձաւոր Արեւելքի Հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութեան Կեդրոնական մարմինի ատենապետ վեր. դոկտ.