Էշրեֆիէի Ս. Յակոբ Եկեղեցւոյ Անուանակոչութեան Տօնի Հանդիսաւոր Նշում

14-15 դեկտեմբերին Էշրեֆիէի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ հանդիսաւոր կերպով միաժամանակ նշուեցան Ս. Յակոբ Մծբնացի հայրապետի տօնը եւ եկեղեցւոյ կառուցման ու օծման 65-ամեակի ընդառաջումը, անուանակոչութեան տօնը եւ «Բարերարներու օր»-ը: Շաբաթ, 14 դեկտեմբերի առաւօտեան ժամը 9:00-ին կատարուեցաւ աղօրհնէք, որուն յաջորդեց ոչխարներու զենում, ապա ժամը 10:00-ին եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ մատաղի իմաստի ծագման

Continue reading

Նորօծ Խորէն Քհնյ. Մելքոնեանի Անդրանիկ Սուրբ Պատարագը

Կիրակի, 15 դեկտեմբեր 2019-ին, առաւօտեան ժամը 9:30-ին, Պուրճ Համուտի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ անդրանիկ սուրբ պատարագ մատուցեց նորօծ Խորէն քհնյ. Մելքոնեան: Տէր Խորէն իր քարոզին սկիզբը երախտագիտութիւն յայտնեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին, Լիբանանի թեմին նախկին առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանին եւ առաջնորդ Գերշ. Տ. Նարեկ Արքեպիսկոպոսին, որոնք հայրական

Continue reading

Ազգային Առաջնորդարանի «Լիբանանահայ Կարիքաւորներու Զօրակցութիւն». Հաղորդագրութիւն Թիւ 1

Լիբանանի քաղաքական եւ ընկերային-տնտեսական դժուարութիւնները յաղթահարելու ճիգերուն մասնակից դառնալու նպատակադրումով, նախագահութեամբ Լիբանանի հայոց առաջնորդ Գերշ. Տ. Նարեկ արքեպիսկոպոսին, թեմի Ազգային վարչութիւնը որոշեց յատուկ ուշադրութեամբ աշխատանքներ իրականացնել` կրթական եւ ընկերային ծառայութիւններուն առաւել եւս աջակցելով: Այս շրջագիծին մէջ, ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին օրհնութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսարանին կողմէ կարիքաւոր ընտանիքներուն տրամադրուած

Continue reading

Ազգային Առաջնորդարանին Մէջ. Նարեկ Արքեպիսկոպոս Հանդիպեցաւ Հոգեւոր Խմբակներու Ներկայացուցիչներուն Հետ

Հինգշաբթի, 12 դեկտեմբեր 2019-ին, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան – Եռագոյն» սրահին մէջ, Լիբանանի հայոց առաջնորդ Գերշ. Տ. Նարեկ Արքեպիսկոպոս հանդիպում մը ունեցաւ Հայ եկեղեցւոյ հոգեւոր խմբակներու ներկայացուցիչներուն հետ: Մասնակցող խմբակներն էին` Հայ առաքելական եկեղեցասիրաց եղբայրակցութիւնը (Կեդրոն), Հայ եկեղեցասէր հոգեւոր միութիւնը, Հայ առաքելական եկեղեցւոյ եղբայրակցութիւնը եւ «Լուսաւորչի կանթեղ» համայնքը: Հանդիպման սկիզբը

Continue reading

Ազգային Երեսփոխանական Ժողովը Գումարեց 2019 Նստաշրջանի Երկրորդ Նիստը

Լիբանանի հայոց թեմի Ազգային երեսփոխանական ժողովի 2019 նստաշրջանի Բ. նիստը տեղի ունեցաւ չորեքշաբթի, 11 դեկտեմբեր 2019-ին, երեկոյեան ժամը 6:30-ին, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ` նախագահութեամբ Լիբանանի հայոց առաջնորդ Գերշ. Տ. Նարեկ Արքեպիսկոպոսին: Առաջնորդ Սրբազան Հօր աղօթքէն ետք Ազգային երեսփոխանական ժողովի ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեան բացուած յայտարարեց ժողովը: Ապա խօսք առաւ

Continue reading

Լիբանանի Հայ Երեք Համայնքապետներու Գլխաւորութեամբ. Լիբանանի Խաղաղութեան Համար Հաւաքական Աղօթք

Երեքշաբթի, 10 դեկտեմբեր 2019-ի երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Պուրճ Համուտի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ, Լիբանանի հայ երեք համայնքապետներու գլխաւորութեամբ, հայ առաքելական, կաթողիկէ եւ աւետարանական հոգեւորականներու ու հաւատացեալներու մասնակցութեամբ եւ հայկական կուսակցութիւններու, մշակութային, բարեսիրական, առողջապահական ու մարզական կառոյցներու եւ մեծաթիւ հաւատացեալներու ներկայութեամբ տեղի ունեցաւ Լիբանանի խաղաղութեան համար աղօթք: Ներկայ էին նաեւ զբօսաշրջութեան

Continue reading

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը Ընդունեց Հայաստանի Հանրապետութեան Դեսպանը

Շաբաթ, 7 դեկտեմբեր 2019-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Ազգային առաջնորդարանին մէջ, Լիբանանի հայոց առաջնորդ Գերշ. Տ. Նարեկ Արքեպիսկոպոս հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Վահագն Աթաբէկեանի հետ: Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցաւ Լիբանանի առկայ իրավիճակը եւ շեշտուեցաւ հարցերը պետութիւն ու ժողովուրդ միասնաբար լուծելու հրամայականը: Նարեկ Արքեպիսկոպոս յայտնեց, որ Ազգային առաջնորդարանը իր

Continue reading

Առաջնորդական Պատգամ. Երախտապարտ Ենք Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին

Սիրելի՛ հայորդիներ, որ ի Լիբանան, Լիբանանի հայոց թեմի Ազգային իշխանութեան անունով եւ անձնապէս, մեր որդիական երախտագիտութիւնը կը յայտնենք ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. սրբազնագոյն վեհափառ հայրապետին, որ երկուշաբթի, 2 դեկտեմբեր 2019-ին, Անթիլիասի մայրավանքին մէջ տեղի ունեցած մտաւորականներու հաւաքի ընթացքին, քննարկման օրակարգ դարձուց Լիբանանի դիմագրաւած ներկայ ընկերա-տնտեսական տագնապն ու յատկապէս անոր հետեւանքները Լիբանանի

Continue reading

Ազգային Առաջնորդարանին Մէջ. Լիբանանի Հայ Երեք Համայնքապետերու Հանդիպում

Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Նարեկ Արքեպիսկոպոսի հրաւէրով, երկուշաբթի, 2 դեկտեմբեր 2019-ին, Պուրճ Համուտի Ազգային առաջնորդարանին մէջ, հայ երեք համայնքապետներ` Նարեկ Արքեպիսկոպոս, Պէյրութի Հայ կաթողիկէ պատրիարքական թեմի օգնական Գէորգ Եպս. Ասատուրեան եւ Մերձաւոր Արեւելքի Հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութեան Կեդրոնական մարմինի ատենապետ Վեր. Րաֆֆի Մսըրլեան հանդիպում մը ունեցան եւ քննարկեցին

Continue reading

Նարեկ Արքեպիսկոպոս Ընդունեց Վեց Քահանայացուները

Շաբաթ, 30 նոյեմբեր 2019-ին, Պուրճ Համուտի Ազգային առաջնորդարանին մէջ, Լիբանանի հայոց առաջնորդ Գերշ. Տ. Նարեկ Արքեպիսկոպոս ընդունեց Լիբանանի թեմի վեց քահանայացուները` Յովիկ սրկ. Ալթունեան, Աւետիս սրկ. Ասայեան, Վրէժ սրկ. Կրպոյեան, Ասատուր սրկ. Եղիայեան, Ֆիլիփ կիս. սրկ. Ժինեան եւ Հրակ կիս. սրկ. Գալաճեան: Հանդիպման ներկայ գտնուեցաւ Լիբանանի թեմի քարոզիչ Անանիա ծ.

Continue reading