Ամանորեայ Մթնոլորտ Ինչպէս Ամէն Տեղ, Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճին Մէջ Եւս Ամանորի Եւ Ս. Ծնունդի Ուրախ Ու Խանդավառ Մթնոլորտ Տիրեց

17 դեկտեմբերին, որմէ ետք աշակերտներ եւ  ուսուցիչներ մենեցան իրենց տուները` դիմաւորելու Նոր տարին եւ վայելելու արձակուրդը: Ամանորեան շաբաթը բացուեցաւ տիկնանց յանձնախումբին կազմակերպած Կաղանդի աւանդական տօնավաճառով: Երկուշաբթի, 17 դեկտեմբերին վարժարանի  «Սիրան Մանուկեան» սրահը հագած էր իր տօնական զգեստը. մուտքին հսկայ մսուր մը, իսկ ներսը` ամէն կողմ գունագեղ սեղաններ, որոնց վրայ տեղադրուած

Continue reading

Զահլէի Մէջ Վերսկսաւ Գործել Կիրակնօրեայ Դպրոցը

Լիբանանի թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Նարեկ Արքեպիսկոպոսի գլխաւորութեամբ, Լիբանանի հայոց թեմի Ազգային իշխանութիւնը վերջին շաբաթներուն յատուկ ուշադրութեան առարկայ դարձուցած է հեռակայ շրջանները` հետեւողական կապեր հաստատելով ծուխերուն հետ եւ սերտելով աշխատանքային նոր կարելիութիւնները: Այս ճիգը կը նպատակադրէ երիտասարդ ուժերու ներգրաւում, աշխատանքային նոր ոլորտներու ստեղծում, հեռաւոր շրջաններու ծխայիններու համախմբում, ինչպէս նաեւ հոգեւոր,

Continue reading

Նոր Սիսի Ս. Սարգիս Եկեղեցւոյ Հովիւ Յակոբ Քհնյ. Պզտիկեանին Ծաղկեայ Փիլոնի Շնորհում Եւ «Աթայեան Եղբարք» Նորակառոյց Սրահի Բացու

Նախագահութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Նարեկ Արքեպիսկոպոսին, կիրակի, 23 դեկտեմբեր 2018-ին, Նոր Սիսի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Ս. պատարագ: Պատարագի ընթացքին Սրբազան Հայրը խօսք առնելով յայտնեց, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոս ընդառաջելով իր խնդրանքին ծաղկեայ փիլոն կրելու իշխանութիւն շնորհեց եկեղեցւոյ երկար տարիներու հովիւ Յակոբ քհնյ.

Continue reading

Մասնակցութեամբ Ազգային Վարժարաններու Աշակերտներուն. Համալսարանական Արեւելումի Հանդիպում

Կազմակերպութեամբ Ազգային իշխանութեան Ուսումնական խորհուրդին, չորեքշաբթի, 19 դեկտեմբեր 2018-ին, առաւօտեան ժամը 9:30-11:00 Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ համալսարանական արեւելումի հանդիպում` մասնակցութեամբ Պէյրութի ամերիկեան, Լիբանանի – ամերիկեան, Հայկազեան, Սեն Ժոզեֆ, Ս. Հոգի, «Էն. Տի. Եու.», Պալամանտ, Պէյրութի արաբական, Անտոնեան, Լա Սաժես, Միջին Արեւելքի, Լիբանանի Ֆրանսական համալսարաններուն եւ Սպայից

Continue reading

Անուանակոչութիւն Էշրեֆիէի Ս. Յակոբ Եկեղեցւոյ Արարատ Լեռէն Մասունք Մը Նուիրուեցաւ Եկեղեցւոյ

Անցնող շաբաթավերջին հանդիսաւոր կերպով նշուեցաւ Էշրեֆիէի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ անուանակոչութիւնը: Շաբաթ, 15 դեկտեմբերին կատարուեցաւ  ոչխարներու զենում, ապա եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ տեղի ունեցան մատաղի պատրաստութիւն եւ եկեղեցական արարողութիւններ, իսկ կիրակի, 16 դեկտեմբերին, եկեղեցւոյ կից պողոտային մէջ տեղի ունեցաւ ժողովրդային ընդունելութիւն ի պատիւ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Նարեկ Արքեպիսկոպոսին: Այնուհետեւ

Continue reading

Նարեկ Արքեպիսկոպոս Այցելեց Զահլէ

Շաբաթ, 8 դեկտեմբեր 2018-ին, Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Նարեկ Արքեպիսկոպոս պաշտօնական այցելութիւն տուաւ Զահլէ, ուր հերթաբար հանդիպումներ ունեցաւ մարոնի համայնքի առաջնորդ Ժոզեֆ Մուաուատի, յոյն կաթողիկէ համայնքի առաջնորդ Իսամ Տարուիշի եւ ասորի ուղղափառ համայնքի առաջնորդ Պուլոս Սաֆարի հետ: Սրբազան Հօր կ’ընկերակցէին Զահլէի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւները` Ներսէս

Continue reading

Հայ Եկեղեցւոյ Հիմնադիր Առաքեալներու Տօնին Եւ Կիրակնօրեայի Օրուան Առիթով Ձեռնարկ

Հովանաւորութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Նարեկ Արքեպիսկոպոսի, կազմակերպութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի Կիրակնօրեայ վարժարաններու դաստիարակութեան խորհուրդին, Հայ եկեղեցւոյ հիմնադիր առաքեալներու տօնին եւ Կիրակնօրեայի օրուան առիթով, շաբաթ, 8 դեկտեմբերին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ հոգեւոր գեղարուեստական հանդէս` կատարողութեամբ կիրակնօրեայ վարժարաններու պատանեացի աշակերտներուն: Աշակերտներու կատարողութեամբ Տէրունական աղօթքի

Continue reading

Հոգեհանգիստ Հայաստանի Երկրաշարժի 30-րդ Տարելիցին Առիթով

Ուրբաթ, 7 դեկտեմբեր 2018-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:30-ին, Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ, նախագահութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Նարեկ արքեպիսկոպոսին, հոգեհանգստեան յատուկ պաշտօն կատարուեցաւ Հայաստանի երկրաշարժին զոհ գացած հայորդիներու հոգիներուն համար: Հոգեհանգստեան արարողութեան մասնակցեցաւ Լիբանանի թեմի քահանայից դասը: Յաւարտ հոգեհանգիստին, Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Նարեկ Արքեպիսկոպոս իր պատգամը

Continue reading

Ազգային Վարժարաններու Միջնակարգ Դասարաններու Աշակերտներու Միօրեայ Սեմինար

Կազմակերպութեամբ Լիբանանի թեմի Կրօնական ժողովին, շաբաթ, 1 դեկտեմբեր 2018-ին Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ «Կարպիս եւ Արեգ Նազարեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ազգային վարժարաններու միջնակարգ դասարաններու աշակերտներու միօրեայ սեմինար` «Հայ քրիստոնեայ աշակերտին նկարագիրը եւ դերակատարութիւնը» նիւթով: Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցած ժամերգութեան աղօթքէն ետք սեմինարի բացման խօսքը արտասանեց Ազգային

Continue reading

ԿՈՉ

30 նոյեմբեր 2018-ին, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան – Եռագոյն» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «ՀԱՅ ԱՇԱԿԵՐՏ ՀՈՎԱՆԱՒՈՐԵԼՈՒ ԾՐԱԳԻՐ»-ին մեկնարկը, որմէ գոյացաւ 118.500 ամերիկեան տոլար: Այս առիթով Լիբանանի հայոց առաջնորդ Գերշ. Տ. Նարեկ Արքեպիսկոպոս մեր ժողովուրդի զաւակներուն յղեց ներքեւի կոչը: Սիրելի՛ հայորդիներ, Մեր նոր սերունդին հայեցի դաստիարակութիւնը Լիբանանի հայոց թեմի Ազգային առաջնորդարանին

Continue reading