Լիբանանի Անկախութեան 75-ամեակի Նշում` Ազգային Միացեալ Վարժարանին Մէջ
Նախագահութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Նարեկ Արքեպիսկոպոսի, կազմակերպութեամբ Ազգային իշխանութեան Ուսումնական խորհուրդին, ուրբաթ, 23 նոյեմբեր 2018-ի կէսօրուան ժամը 12:00-ին, Ազգային Միացեալ վարժարանի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ աշակերտական ձեռնարկ` նուիրուած Լիբանանի անկախութեան 75-ամեակին: Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք բարի գալուստի խօսքը արաբերէնով արտասանեց Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճի աշակերտ
Երախտիքի Երեկոյ` Նուիրուած Օշին Ա. Քհնյ. Գէորգեանին, Աշոտ Ա. Քհնյ. Գարագաշեանին, Արսէն Ա. Քհնյ. Քէշիշեանին Եւ Յարութիւն Ա. Քհնյ. Կոստանեանին
Նախագահութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Նարեկ Արքեպիսկոպոսի, կազմակերպութեամբ Ազգային առաջնորդարանին, երէկ` ուրբաթ, 23 նոյեմբերին, երեկոյեան ժամը 6:30-ին, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ երախտիքի երեկոյ` նուիրուած չորս քահանայ հայրերու` Օշին Ա. քհնյ. Գէորգեանի, Աշոտ Ա. քհնյ. Գարագաշեանի, Արսէն Ա. քհնյ. Քէշիշեանի եւ Յարութիւն Ա. քհնյ. Կոստանեանի:
Լիբանանի Անկախութեան 75-ամեակի Նշում Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճի Մէջ
Լիբանանահայութեան երկրորդ հայրենիքին` Լիբանանի անկախութեան 75-ամեակը խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ նշուեցաւ Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճին մէջ: Ամբողջ շաբթուան ընթացքին, դասարաններու եւ միջանցքներու պատի թերթերուն վրայ կը տեսնուէին պատկերներ եւ գրութիւններ, որոնք կը ներկայացնէին անկախութեան պատմութիւնը եւ այն ղեկավարները, որոնք կերտեցին այդ անկախութիւնը 22 նոյեմբեր 1943-ին: Չորեքշաբթի, 21 նոյեմբերին վարժարանի աշակերտներուն
«Հայ Երիտասարդութիւնը Ի՞նչ Կ՛ուզէ Ընել Լիբանանահայութեան Հոգեւոր-Ազգային Կեանքին Մէջ» Նիւթով Երիտասարդական Հաւաք` Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Սրբազանին Հետ
Հայ երիտասարդութիւնը յուզող հարցերը եւ հոգեւոր-ազգային կեանքի մէջ անոր ընդգրկումը լուսարձակի տակ բերելու նպատակով, երեքշաբթի, 20 նոյեմբեր 2018-ին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան- Եռագոյն» սրահին մէջ երիտասարդական հաւաք տեղի ունեցաւ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Նարեկ Արքեպիսկոպոսին հետ: Հաւաքը սկսաւ Տէրունական, «Իմաստութիւն հօր Յիսուս» եւ «Զգործս ձեռաց
Նոր Ատանայի Ս. Աստուածածին Եկեղեցին Արժանի Շուքով Նշեց Իր Անուանակոչութիւնը
Հայաստանեայց առաքելական Ս. եկեղեցին յատուկ մեծարանք կը շնորհէ Աստուածամօր: Տարուան ընթացքին քանի մը առիթներով, հոգեզմայլ ներբողներով, շարականներով ու աղօթքներով կը փառաբանէ անոր անարատ յղութիւնը, սրբութիւնը, խոնարհութիւնը, հնազանդութիւնը եւ իր անարատ մօր սէրն ու գուրգուրանքը իր միածին որդիին հանդէպ: Ըստ եկեղեցական տօնացոյցին, կը նշուին, Աստուածամօր ծնունդի տօնը Յովակիմէն եւ Աննայէն, Անոր
Գերշ. Տ. Նարեկ Արքեպիսկոպոս Հիւրընկալեց Քահանայ Հայրերն Ու Երէցկիները
Լիբանանի Հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Նարեկ Արքեպիսկոպոս ուրբաթ, 16 նոյեմբեր 2018-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Պէյրութի առաջնորդարանին մէջ մտերմիկ հանդիպում մը ունեցաւ թեմի արժանաշնորհ քահանայ հայրերուն եւ առաքինազարդ երէցկիներուն հետ: Իր ողջոյնի խօսքին մէջ, Սրբազան Հայրը գնահատեց քահանաներուն եւ երէցկիներուն եկեղեցանուէր ծառայութիւնը` զանոնք բնորոշելով որպէս առաքելակից: «Իւրաքանչիւր ծուխ իր պայմաններուն
Առաջնորդ Սրբազան Հօր Միջեկեղեցական Այցելութիւնները
Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Նարեկ Արքեպիսկոպոս 3 հոկտեմբերէն 2 նոյեմբեր 2018-ի ընթացքին այցելեց հայ կաթողիկէ, հայ աւետարանական, մարոնի, յոյն ուղղափառ, ասորի ուղղափառ, ղպտի ուղղափառ, յոյն կաթողիկէ, ասորի կաթողիկէ եւ արաբ աւետարանական հոգեւոր պետերուն ու Լիբանանի առաջնորդներուն, եւ քննարկեց Լիբանանն ու քրիստոնէութիւնը յուզող բազմաբնոյթ հարցեր: Սրբազան Հօր միջեկեղեցական փորձառութիւնը
Միասնաբա՛ր Զօրակցինք Հայ Աշակերտին
Լիբանանի տնտեսական բազմաբնոյթ եւ մտահոգիչ տագնապներուն դիմաց, անցնող ամիսներուն Ազգային վարժարաններն ու հայ աշակերտներուն ծնողները դէմ յանդիման գտնուեցան նիւթական յաւելեալ դժուարութիւններու, որոնք նոյնինքն ահազանգային վտանգ են ե՛ւ դպրոցներու, ե՛ւ աշակերտներու գոյութեան պահպանման: Այս տագնապալից պահերուն, ինչպէս երէկ, այսօր ալ կ՛ապաւինինք մեր բարերարներու բարոյական եւ նիւթական աջակցութեան, որ վարժարաններուն եւ աշակերտներու
Գիւտ Խաչի Տօն Եւ Ս. Նշան Մայր Եկեղեցւոյ Անուանակոչութիւն
Կիրակի, 28 հոկտեմբեր 2018-ին Գիւտ Խաչի տօնն էր: Առ այդ, Ս. Նշան Մայր եկեղեցւոյ անուանակոչութեան առիթով եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Ս. պատարագ` Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեանի կողմէ, եւ տեղի ունեցաւ մատաղօրհնէք: Սրբազանը իր քարոզին մէջ նկատել տուաւ, որ հոգեւոր առիթը կրկնակի է, որովհետեւ, նախ որպէս առաքելական
Լիբանանի Հայ Համայնքի Ընկերային Ծառայողներու Միութեան Հանդիպում
Ուրբաթ, 26 հոկտեմբեր 2018-ին, երեկոյեան ժամը 6:30-ին, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ կայացաւ Լիբանանի մէջ գործող Հայ համայնքի ընկերային ծառայողներու եւ հայ թէ օտար բարեսիրական հաստատութիւններու մէջ հայ համայնքի գործող անդամներու հանդիպումը: Սոյն հանդիպումը իրենց ներկայութեամբ պատուեցին Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Նարեկ Արքեպիսկոպոս եւ Լիբանանի ընկերային ծառայողներու