Սրբոց Քառասնից Մանկանց Եկեղեցւոյ Մէջ. «Տեառնընդառաջի Խարոյկը Մեզի Կը Յիշեցնէ Լոյսը, Որ Կը Փարատէ Կեանքի Խաւարը» Շեշտեց Շահէ Եպս. Փանոսեան
Երեքշաբթի, 13 փետրուարի երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Նոր Մարաշի Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Տեառնընդառաջի նախատօնակի ժամերգութիւն, որուն հանդիսապետեց եւ ժողովուրդին իր պատգամը ուղղեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Եպս. Փանոսեան: Ան ըսաւ, որ Տեառնընդառաջի տօնը կը խորհրդանշէ Յիսուս Քրիստոսի քառասնօրեայ ընծայումը տաճար, եւ այս աւանդութիւնը տակաւին
Կազմակերպութեամբ Լիբանանի Հայոց Թեմի Կրօնական Ժողովի. Սրբոց Վարդանանց Զօրավարաց Տօնակատարութիւն
Հինգշաբթի, 8 փետրուար 2018-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ հրապարակային հանդիսութիւն` նուիրուած Սրբոց Վարդանանց զօրավարաց տօնին, նախագահութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի բարեջան առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Եպս. Փանոսեանի եւ կազմակերպութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի Կրօնական ժողովին: Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Լիբանանի հայոց թեմի Կրօնական ժողովի ատենապետ
Սրբոց Վարդանանց Զօրավարաց Տօնին Առիթով. Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց Եկեղեցւոյ Անուանակոչութեան Արժանաւոր Նշում
451-ը անկիւնադարձային թուական մըն է հայ ժողովուրդի պատմութեան մէջ: Աւարայրի ճակատամարտը եւ Վարդանանց նահատակութիւնը առաւել գօտեպնդեցին մեր ժողովուրդի հաւաքական կամքը, եւ իբրեւ հայ կրցանք յաղթահարել մեզի սպառնացող եւ մեր դէմ ցցուող բոլոր մարտահրաւէրները: 1567 տարիներ ետք Վարդանանց պատգամը կը մնայ այժմէական եւ սերունդներ կը դաստիարակուին անոնց գերագոյն խորհուրդով` հաւատքի եւ
Վարդանանցի Եւ Բարեկենդանի Նշում Ազգային Միացեալ Վարժարանին Մէջ
Չորեքշաբթի, 7 փետրուար 2018-ի առաւօտեան Ազգային Միացեալ վարժարանի բակին մէջ տեղի ունեցաւ աշակերտական հաւաք մը, որուն բացումը կատարեց վարժարանի հայերէնի համակարգող Նազելի Աւագեան: Ան ողջունեց Ղեւոնդ քհնյ. Լոշխաճեանը, վարժարանի տնօրէն խորհուրդը, որմէ ետք հրաւիրեց տարիներու կրթական մշակ, ազգային գործիչ եւ նախկին տնօրէն Յովիկ Պերթիլզեանը, որպէսզի խօսի օրուան խորհուրդին մասին: Ձեռնարկին
Սրբոց Վարդանանց Եւ Ղեւոնդեանց Տօներուն Առիթով. Հանդիսաւոր Նախատօնակի Արարողութիւն` Սրբոց Վարդանանց Եկեղեցւոյ Մէջ
Չորեքշաբթի, 7 փետրուար 2018-ին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ երեկոյեան ժամերգութիւն, ապա նախատօնակի արարողութիւն` Սրբոց Վարդանանց եւ Ղեւոնդեանց տօներուն առիթով: Արարողութեան նախագահեց Լիբանանի հայոց թեմի բարեջան առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Եպս. Փանոսեան: Արարողութեան ներկայ գտնուեցաւ Լիբանանի հայոց թեմի քահանայից դասը: Նախատօնակի աւարտին յաւուր պատշաճի պատգամեց Լիբանանի
Ուսուցիչներու Աշխատավարձերու Յաւելումներու Նոր Օրէնքի Քննարկումի Բ. Հաւաք
Չորեքշաբթի, 24 յունուար 2018-ին, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ լիբանանահայ վարժարաններու տնօրէններու եւ կրթական պատասխանատուներու երկրորդ ներկայացուցչական հաւաքը, որուն նպատակն էր միասնաբար քննարկել ուսուցիչներու աշխատավարձերուն գծով պետութեան կողմէ սահմանուած յաւելումներու նոր օրինագիծը եւ իրազեկ դառնալ այն բոլոր ճիգերուն, որոնք վերոյիշեալ նպատակով ի գործ կը դրուին տեղական սեփական
Պէյրութի Նահանգապետ Զիատ Շպիպ Այցելեց Ազգային Առաջնորդարան
Հինգշաբթի, 18 յունուար 2018-ին, Ազգային առաջնորդարանին մէջ Լիբանանի հայոց թեմի բարեջան առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Եպս. Փանոսեան ընդունեց Պէյրութի նահանգապետ Զիատ Շպիպը: Հանդիպման ներկայ գտնուեցան Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեան, Պէյրութի քաղաքապետական խորհուրդի անդամներ Յակոբ Թերզեան եւ Արամ Մալեան, ինչպէս նաեւ Ազգային վարչութեան ատենապետ Յակոբ Հաւաթեան: Հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ հաւաքաբար
Հայաշէնի Ս. Յովհաննու Կարապետ Եկեղեցւոյ Անուանակոչութեան Տօնի Նշում
Անցնող շաբաթավերջին նշուեցաւ Հայաշէնի Ս. Յովհաննու Կարապետ եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնը: Առ այդ, ուրբաթ, 12 յունուար 2018-ին, կէսօրէ ետք ժամը 2:00-ին տեղի ունեցաւ ոչխարներու զենում: Շաբաթ, 13 յունուարի առաւօտեան կանուխ ժամերէն սկսաւ մատաղի պատրաստութիւնը, որ տեւեց մինչեւ երեկոյեան ուշ ժամերը: Մատաղի պատրաստութեան զուգահեռ տեղի ունեցաւ երեկոյեան ժամերգութիւն: Կիրակի, 14 յունուարի առաւօտեան
Ս. Ծննդեան Եւ Աստուածայայտնութեան Տօնի Պատարագը` Ս. Նշան Մայր Եկեղեցւոյ Մէջ
Ս. Ծննդեան տօնին առիթով շաբաթ, 6 յունուար 2018-ին, Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ հանդիսաւոր Ս. եւ անմահ պատարագ: Պատարագը մատուցեց եւ հաւատացեալ ժողովուրդին իր պատգամը ուղղեց Լիբանանի հայոց թեմի բարեջան առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ եպս. Փանոսեան: Ան ըսաւ, որ Աստուածայայտնութեան տօնին առիթով պէտք է միասնաբար խորհինք, թէ ի՛նչ բանի
Գնահատանք` Մարալ Անթոյեանի Երկարատեւ Վաստակին
Ուրբաթ, 29 դեկտեմբեր 2017-ին, կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Ուսումնական խորհուրդի գործավար Մարալ Անթոյեանի գնահատանքի ձեռնարկը` ներկայութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի բարեջան առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ եպս. Փանոսեանի, Ազգային երեսփոխաններու, Ազգային վարչութեան անդամներու, Ուսումնական խորհուրդներու նախկին եւ ներկայ անդամներու, կրթական պատասխանատուներու, տնօրէններու, ուսուցիչներու եւ