Յայտարարութիւն
Քանի մը տարի առաջ, Պուրճ Համուտի գերեզմանատան գլխաւոր մուտքը յարդարելու եւ ընդհանուր հանրութեան համար քիչ մը աւելի ներկայանալի վիճակ ստեղծելու դիտումով, կարգ մը բաժիններ ծածկուեցան արուեստական խոտով (կազոն): Այնուհետեւ, ոմանք առիթը օգտագործելով, առանց առաջնորդարանի թոյլտուութեան եւ առանց հետեւանքները կշռելու, իրենց ընտանեկան դամբարանները սկսան ծածկել կազոնով: Կազոնը կրնայ վայելուչ երեւիլ, սակայն
Ազգային Սիրան Մանուկեան Մանկապարտէզ Ամավերջի Հանդէս Եւ Վկայականաց Բաշխում
Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճի բակին մէջ տեղադրուած «Մամիկն ու Պապիկը» մեծ ուրախութեամբ դիմաւորեցին քոլեճի մանկապարտէզի 2020 եւ 2021 տարիներու հունձք փոքրիկները, որոնք երգեցին, պարեցին ու վկայուեցան բեմին վրայ տեղադրուած Արարատ լերան լանջերուն: Արդարեւ, 11 յունիս 2021-ին տարբեր եռուզեռ կը տիրէր քոլեճի բակին մէջ: Մանկապարտէզի շրջանը աւարտած փոքրիկները Լիբանանի Հայոց Թեմի
Ազգային Միացեալ Վարժարանի Ամավերջի Հանդէս
Ազգային Միացեալ վարժարանի երկրորդական բաժինի ամավերջի հանդէսը տեղի ունեցաւ ուրբաթ, 4 յունիս 2021-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, վարժարանի «Ժիրայր եւ Ցոլինէ Խաչատուրեան» սրահին մէջ, հովանաւորութեամբ Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեանի: Հանդիսութեան սկիզբը աւարտական դասարանի 16 շրջանաւարտները ծափողջոյններով դիմաւորուելէ ետք ներկաներուն կողմէ բեմ բարձրացան, ապա քայլերգներու ունկնդրութենէ ետք
Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճ. Ամավերջի Հանդէս Եւ Վկայականաց Բաշխում
Ազգ. Ե. Մանուկեան քոլեճի ԺԲ. դասարանի ամավերջի հանդէսը տեղի ունեցաւ հինգշաբթի, 3 յունիսին, վարժարանի բակի վերջերս բարեզարդուած բեմին վրայ: Հանդէսը կը վայելէր հովանաւորութիւնը եւ ներկայութիւնը Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեանի: Հանդէսը սկսաւ շրջանաւարտներու մուտքով, որոնք բեմ բարձրանալով` երգեցին Լիբանանի, Հայաստանի, Արցախի եւ վարժարանի քայլերգները: Ապա անոնք
ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ ԲԱԺԱՆՄՈՒՆՔ ՄԱՅՐԵՐՈՒ ՏՕՆԻՆ ԱՌԻԹՈՎ ՄԻՕՐԵԱՅ ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ ՀԱՒԱՔ
Կազմակերպութեամբ Ազգային Առաջնորդարանի ընկերային ծառայութեան բաժանմունքին, Երկուշաբթի, 31 Մայիս 2021-ին, տեղի ունեցաւ մայրերու օրուան առթիւ, տարեց մայրերու յատուկ միօրեայ նախաձեռնութիւն մը, որուն մասնակցեցեան 14 տարեց մայրեր։ Առաւօտեան ժամը 10։00-ին մայրերը մեկնեցան «Schwarzkopf» վարսայարդարման դասաւանդութեան հիմնարկ, ուր իւրաքանչիւր մասնակից ստացաւ հոգատարութիւն։ Այս առիթով, Ընկերային յանձնախումբի ատենապետուհի Յասմիկ Նանէճեան-Պզտիկեան շնորհակալութիւն յայտնեց հիմնարկութեան,
Հանրապետական Մաղթանք Եւ Եռագոյն Դրօշի Օրհնութիւն` Սրբոց Վարդանանց Եկեղեցւոյ Մէջ
Նախագահութեամբ Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ արք. Փանոսեանի, կիրակի, 30 մայիս 2021-ին, Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ Հանրապետական մաղթանք եւ եռագոյն դրօշի օրհնութիւն: Իր քարոզին մէջ Առաջնորդ Սրբազանը նկատել տուաւ, որ մայիս 28-ի ոգիով տոգորուած, մեր եկեղեցիներուն մէջ մատուցուած աղօթքները, նաեւ մեր եկեղեցիներուն ղօղանջող զանգերը, մեր ուշադրութիւնը
Կազմակերպութեամբ Ազգային Իշխանութեան Ուսումնական Խորհուրդին. Մհեր Ջուլհաճեանի Անուան Աշակերտական Շարադրական Մրցանքը
Տարուան մը ակամայ ընդմիջումէ ետք, շաբաթ, 29 մայիս 2021-ին Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ նահատակ ազատամարտիկ Մհեր Ջուլհաճեանի անուան շարադրական մրցանքը` կազմակերպութեամբ Ազգային իշխանութեան Ուսումնական խորհուրդին եւ մասնակցութեամբ լիբանանահայ վարժարաններէն 40 աշակերտ-աշակերտուհիներու: Նկատի ունենալով «Քորոնա»-ի համաճարակին պայմանները` մրցանքը տեղի ունեցաւ երկու փուլով, ժամը 10:00-12:00` միջնակարգի, իսկ
Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճ. Բարեզարդուած Բեմի Եւ Քանդակի Բացում
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Ա. Վեհափառին հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ, հինգշաբթի, 27 մայիսի երեկոյեան Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճի շրջափակէն ներս տեղի ունեցաւ բակի բարեզարդուած եւ ազգային դիմագիծ ստացած բեմին բացումը: Բարեզարդուած բեմին վրայ խրոխտ բազմած էր հայ ժողովուրդի սրբազան լեռը` Արարատը` իր ձիւնածածակ երկու գագաթներով: Իսկ անոր կողքին նոյնքան հպարտ
ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ. «ՀԱՅ ԱՇԱԿԵՐՏ ՀՈՎԱՆԱՒՈՐԵԼՈՒ ԾՐԱԳԻՐ»-Ը ԿՐԿՆԱԿԻՕՐԷՆ ՀՐԱՄԱՅԱԿԱՆ ՊԱՀԱՆՋՔ Է
2020-2021 կրթական տարեշրջանը ամէն իմաստով եղաւ արտասովոր։ Առցանց դասաւանդութիւնները, քորոնա համաճարակին պարտադրած սահմանափակումները եւ Լիբանանի ընկերային ու տնտեսական կեանքի դժուար պայմանները, Ազգային վարժարանները դէմ յանդիման դրին բազմաթիւ մարտահրաւէրներու, որոնց յաղթահարումը պահանջեց հաւաքական ճիգ եւ կամք։ Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեանի գլխաւորութեամբ եւ Ազգային իշխանութեան մարմիններու հոգատար
Սրբոց Հռիփսիմեանց Տօնին Առիթով Աղօթքի Շաբթուան Բացումը Կատարելով` «Չի Բաւեր Սուրբերու Յիշատակին Նայիլ, Այլ Անհրաժեշտ Է Նաեւ Անոնց Օրինակին Հետեւիլ» Նշեց Շահէ Արք. Փանոսեան
Սրբոց Հռիփսիմեանց տօնին առիթով, երկուշաբթի 24 մայիսէն մինչեւ երկուշաբթի, 31 մայիս, Նոր Ատանայի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ գտնուող Ս. Հռիփսիմեաց եւ Գայեանեանց մատրան առջեւ, բացօթեայ պայմաններու մէջ ամէն երեկոյեան ժամը 6:30-ին տեղի պիտի ունենայ ժամասացութիւն եւ զանազան նիւթերու շուրջ հոգեւոր խորհրդածութիւն: Առ այդ, երէկ` երկուշաբթի, 24 մայիսին, նախագահութեամբ Լիբանանի