Ոտնլուան` Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ Մէջ. «Քրիստոս Իր Աշակերտներուն Ոտքերը Լուալու Արարքով Յորդորեց Մարդիկը` Զիրար Սիրելու» Շեշտեց Շահէ Արք. Փանոսեան
Նախագահութեամբ Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Շահէ Արք. Փանոսեանի, հինգշաբթի, 1 ապրիլ 2021-ին, կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին, Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Ոտնլուայի արարողութիւն: Ոտնլուայի արարողութիւնը կատարեց եւ օրուան պատգամը ուղղեց Առաջնորդ Սրբազանը: Ան նկատել տուաւ, որ Քրիստոս իր երկրաւոր կեանքի վերջին օրերուն մասնաւոր ժամանակ տրամադրեց, որպէսզի Զատկուան տօնի նախօրեակին
«Անվճար հագուստի աշխարհ 3» ծրագիր
Նախաձեռնութեամբ Ազգային Առաջնորդարանի Ընկերային Ծառայութեան բաժանմունքին, Երկուշաբթի, 29 եւ Երեքշաբթի 30 Մարտ 2021-ին, նախկին Ս․ Քառասնից Մանկանց վարժարանին մէջ տեղի ունեցաւ «Անվճար հագուստի աշխարհ 3» ծրագիրը, որուն նպատակն է հագուստեղէն եւ այլ օգտաշատ իրեր տրամադրել կարիքաւոր ընտանիքներուն։ Երկու օրերու ընթացքին ծրագիրին մասնակցեցան 300 անհատներ, որոնք ստացան 2500 իրեր։ Այս առիթով,
Ծաղկազարդը Սրբոց Վարդանանց Եկեղեցւոյ Մէջ. «Ծաղկազարդը Մեր Տէրը Մեր Սրտերուն Մէջ Ընդունելու Առիթ Է» Հաստատեց Առաջնորդ Սրբազանը
Ծաղկազարդի տօնին առիթով կիրակի, 28 մարտ 2021-ին, Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Ս. եւ անմահ պատարագ: Պատարագը մատուցեց եւ իր հայրական պատգամը ուղղեց Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Շահէ Արք. Փանոսեան: Սրբազան Հայրը յայտնեց, որ Ծաղկազարդի տօնը առիթ է նշելու Քրիստոսի դէպի Երուսաղէմ կատարած ճանապարհորդութեան յիշատակը եւ պատմական ակնարկ մը
Կազմակերպութեամբ Ազգային Իշխանութեան Ուսումնական Խորհուրդին. Համալսարանական Մասնագիտութիւններու Ծանօթացման Առցանց Ձեռնարկ (Ասպարէզի Ուղղութիւն` Շրջանաւարտներէ)
Նախագահութեամբ եւ ներկայութեամբ Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Շահէ Արք. Փանոսեանի, կազմակերպութեամբ Ազգային իշխանութեան Ուսումնական խորհուրդին, շաբաթ, 27 մարտ 2021-ին կէսօրէ ետք ժամը 2:00-4:00 տեղի ունեցաւ համալսարանական մասնագիտութիւններու ծանօթացման «Ասպարէզի ուղղութիւն` շրջանաւարտներէ» («Career guidance from the alumni») առցանց ձեռնարկը, մասնակցութեամբ ազգային վարժարաններու երկրորդական բաժինի 170 աշակերտներու, տնօրէններու, Ուսումնական խորհուրդի անդամներու եւ
Ծաղկազարդը Սրբոց Վարդանանց Եկեղեցւոյ մէջ
Ծաղկազարդի տօնին առիթով Կիրակի, 28 Մարտ 2021-ին Սրբոց Վարդանանց Եկեղեցւոյ մէջ տեղի պիտի ունենայ հանդիսաւոր սուրբ եւ անմահ Պատարագ: Կը պատարագէ եւ իր հայրական պատգամը կը փոխանցէ Լիբանանի Հայոց թեմի առաջնորդ՝ ԳԵՐՇ. Տ. ՇԱՀԷ ԱՐՔ. ՓԱՆՈՍԵԱՆ: Սկիզբ ժամերգութեան` ժամը 8:30-ին Սուրբ պատարագ` ժամը 9:30-ին Համաճարակի պայմաններուն հետեւանքով, Ծաղկազարդի մանուկներու թափօրը
ԾԱՂԿԱԶԱՐԴԸ, ԱՒԱԳ ՇԱԲԱԹԸ ԵՒ Ս. ԶԱՏԻԿԸ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀԱՅՈՑ ԹԵՄԻ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒՆ ՄԷՋ
Լիբանանի հայոց Թեմի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ, Ծաղկազարդի, Աւագ շաբթուան եւ Ս. Զատկուան սրբազան արարողութիւնները տեղի պիտի ունենան հետեւեալ ժամանակացոյցին համաձայն ԾԱՂԿԱԶԱՐԴ, Կիրակի 28, Մարտ 2021 -Սուրբ եւ անմահ Պատարագ, առաւօտեան ժամը 9:30-ին -Դռնբացէքի արարողութիւն, երեկոյեան ժամը 4:00-ին ԱՒԱԳ ԵՐԵՔՇԱԲԹԻ, 30 Մարտ 2021 -Յիշատակ Տասն Կուսանաց – ժամերգութիւն, երեկոյեան ժամը 4:00-ին
Սրբոց Քառասնից Մանկանց Եկեղեցւոյ Անուանակոչութեան Տօն
Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնին առիթով կիրակի, 14 մարտ 2021-ին, համանուն եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Ս. պատարագ: Պատարագը մատուցեց եւ օրուան պատգամը փոխանցեց Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեան: Սրբազանը իր քարոզը սկսաւ Պօղոս առաքեալի հետեւեալ խօսքով` «իբրեւ Քրիստոսի մէկ զինուորը` պատրաստ եղիր պատերազմ մղելու»` նկատել տալով,
Մեծ Պահոց Միջինք Ս. Նշան Մայր Եկեղեցւոյ Մէջ. «Մեծ Պահքը Ինքնաքննութեան Եւ Ինքնաճանաչումի Հրաւիրող Առիթ Է», Հաստատեց Առաջնորդ Սրբազանը
Նախագահութեամբ Լիբանանի Հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեանի, մասնակցութեամբ թեմի հոգեւորականներուն, Մեծ պահոց միջինքի առիթով չորեքշաբթի, 10 մարտ 2021-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին, Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Արեւագալի ժամերգութիւն, որ առցանց սփռուեցաւ Ազգային առաջնորդարանի Դիմատետրի էջին վրայ: Հաւատացեալ ժողովուրդին առցանց ուղղուած իր քարոզին մէջ Սրբազանը յայտնեց,
ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ
Այսու կը տեղեկացնենք, որ Ազգային Առաջնորդարանիս Ընկերային ծառայութեան բաժանմունքը պիտի շարունակէ «Անվճար Հագուստի Աշխարհ» ծրագիրը, որպէսզի ըստ կարելւոյն թեթեւցնէ ընկերատնտեսական դժուարին պայմաններու մատնուած Լիբանանահայ մեր հայրենակիցներուն վիճակը: «Անվճար Հագուստի Աշխարհ» նախաձեռնութեան առաջինը տեղի ունեցաւ Սեպտեմբեր 2020-ին, իսկ երկրորդը՝ Դեկտեմբեր 2020-ին: Հագուստեղէնի կողքին, նաեւ այլ օգտաշատ իրեր եւ դպրոցական պիտոյքներ կը