Առաջնորդ Սրբազանն ու նորանշանակ Հոգեւոր Տեսուչը կը հանդիպին Թրիփոլիի Ս. Հոգեգալուստ Եկեղեցւոյ Թաղականութեան հետ
Շաբաթ, 27 Փետրուար 2021-ի առաւօտուն, Լիբանանի Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեան այցելեց Թրիփոլիի Ս․ Հոգեգալուտ Եկեղեցի, ընկերակցութեամբ Թրիփոլիի շրջանի նորանշանակ հոգեւոր Տեսուչ՝ Գերապատիւ Տէր Փառէն Ծ․ Վրդ․ Վարդանեանն ու Թեմի Կրօնական Ժողովի Ատենապետ՝ Արժ. Տ. Սարգիս Ա. Քհն. Սարգիսեան: Այս առթիւ, Եկեղեցւոյ դահլիճին մէջ, Սրբազան Հայրը պաշտօնապէս Թաղական
ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ
Այսու, պաշտօնապէս կը տեղեկացնենք, որ Ն. Ս. Օ. Տ. Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի օրհնութեամբ, Թրիփոլիի եւ շրջակայից համար Հոգեւոր Տեսուչ կը նշանակենք Մեծի Տան Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան միաբաններէն՝ Գերապատիւ Տէր Փառէն Ծ. Վրդ. Վարդանեանը՝ իրեն վստահելով Ճիպէյլէն մինչեւ Թրիփոլի եւ շրջակայ աւաններուն մէջ ապրող մեր եկեղեցւոյ զաւակներուն հոգեւոր մատակարարման կարեւոր
ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆԸ ԹՐԻՓՈԼԻԷՆ ՆԵՐՍ
Շաբաթ, 20 Փետրուար 2021-ի առաւօտուն, Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեան, ըկերակցութեամբ Կրօնական ժողովի Ատենապետ՝ Արժ. Տ. Սարգիս Ա. Քհն. Սարգիսեանի, այցելեց Թրիփոլիի Ս. Հոգեգալուստ Եկեղեցի, ուր հանդիպում մը ունեցաւ Թաղային Խորհուրդին հետ: Հանդիպումը առիթ եղաւ միասնաբար քննարկելու տուեալ պայմաններուն հետեւանքով մեր ժողովուրդին ունեցած տեսակաւոր խնդիրներն ու
Մայրենի Լեզուի Միջազգային Օր
Աշխարհի վրայ գոյութիւն ունին տարբեր ժողովուրդներ ու 7000է աւելի լեզուներ, որոնցմէ 2400ը անհետանալու վտանգին մէջ կը գտնուին։ Այս թիւերը կը բացայայտեն, որ ժողովուրդին դերն ու ընելիքը շատ կարեւոր են՝ կորուստէ փրկելու համար իր մայրենին։ Մենք հպարտ ենք, որ մեր ուսուցիչները ոչ մէկ ճիգ կը խնայեն մայրենին մեզի սիրելի դարձնելու համար,
ՀՈԳԵՀԱՆԳՍՏԵԱՆ ՊԱՇՏՕՆ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀԱՅՈՑ ԹԵՄԻ ՎԱԽՃԱՆԵԱԼ ԱՌԱՋՆՈՐԴՆԵՐՈՒ ԵՒ ՔԱՀԱՆԱՆԵՐՈՒ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ
Նախագահութեամբ Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ․ Տ․ Շահէ Արք․ Փանոսեանի եւ մասնակցութեամբ թեմի քահանայ հայրերուն, Երեքշաբթի, 9 Փետրուար 2021-ին, Ս․ Ղեւոնդեանց տօնին առիթով, Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատան մէջ տեղի ունեցաւ Հոգեհանգստեան պաշտօն, ի յիշատակ Լիբանանի Հայոց Թեմէն ներս ծառայած վախճանեալ հոգեւորականներուն: Արարողութեան աւարտին, Առաջնորդ Սրբազանը նշեց, որ թէեւ համաճարակի ներկայ
ԱԶԳԱՅԻՆ ԲԱՐԵՐԱՐՆԵՐ ԱԼԵՔՔՕ ԵՒ ԱՆԻ ՊԷԶԻՔԵԱՆՆԵՐՈՒ ՃԻԳԵՐՈՎ 3000 ԸՆՏԱՆԻՔՆԵՐՈՒ ՅԱՏԿԱՑՈՒԵՑԱՒ ՄԷԿ ՄԻԼԻՈՆ ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ ՏՈԼԱՐ
ՆՍՕՏՏ Արամ Ա․ Կաթողիկոսի գահակալութեան 25-ամեակին առիթով եւ նկատի ունենալով Լիբանանի հայութեան դիմագրաւած տնտեսական ու ընկերային ծանր տագնապները, Հինգշաբթի, 25 Յունիս 2020-ին, ազգային բարերարներ՝ Տէր եւ Տիկին Ալեքքօ եւ Անի Պէզիքեաններ մէկ միլիոն տոլար նուիրեցին Լիբանանահայ կարիքաւոր ընտանիքներու օժանդակութեան նպատակին։ Լիբանանահայութեան օժանդակութեան այս կարեւոր աշխատանքը իրականացնելու համար, Ազգային Առաջնորդարանի հովանաւորութեան
Ս. Ծննդեան Տօնը Ս. Նշան Եկեղեցւոյ Մէջ
Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօնին առիթով 6 յունուար 2021-ին Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ հանդիսաւոր ս. պատարագ: Պատարագը մատուցեց եւ օրուան պատգամը յղեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ արք. Փանոսեան: Իր քարոզին սկիզբը Սրբազանը պատմական ակնարկ մը նետեց շուրջ 20 դար առաջ տեղի ունեցած Քրիստոսի ծննդեան, թէ
Ս․ ԾՆՆԴԵԱՆ ՏՆՕՐՀՆԷՔ
Նկատի ունենալով ներկայ համաճարակի պայմանները, կու գանք մեր ժողովուրդի զաւակներուն յիշեցնելու, որ բոլոր անոնք, որոնք կը փափաքին Ս․ Ծննդեան տնօրհնէք ունենալ, թող բարեհաճին կապուիլ իրենց ծխատէր Քահանայ Հօր հետ, որպէսզի տնօրհնէքը կատարուի յատուկ ժամադրութեամբ։ Կրօնական Ժողով Լիբանանի Թեմի
«ԱՆՎՃԱՐ ՀԱԳՈՒՍՏԻ ԱՇԽԱՐՀ 2» ԾՐԱԳԻՐ
Նոր տարուան սեմին, Շաբաթ 26, Երկուշաբթի 28 եւ Երեքշաբթի 29 Դեկտեմբեր 2020-ին, նախկին Ս․ Քառասնից Մանկանց վարժարանի 4 յարկի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Ազգային առաջնորդարանի Ընկերային ծառայութեան բաժանմունքի կազմակերպած «Անվճար հագուստի աշխարհ 2» ծրագիրը: Երեք օրերու ընթացքին, Բաժանմունքը անվճար կերպով մեր ժողովուրդին տրամադրութեան տակ դրաւ բոլորովին նոր կամ լաւ վիճակի
Քահանայական Ձեռնադրութիւն Եւ Մկրտարանի Օծում Զահլէի Մէջ
Նախագահութեամբ Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեանի, անցնող շաբաթավերջին Զահլէի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ հանդիսաւոր ս. պատարագ եւ կատարուեցաւ Ասատուր սրկ. Եղիայեանի քահանայական ձեռնադրութիւնը: Արդարեւ, շաբաթ, 26 դեկտեմբերին, կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ կոչման կարգը, որուն աւարտին Սրբազանը սրբալոյս միւռոնով օծեց եկեղեցւոյ