Ս. Ստեփանոս Նախասարկաւագի Տօնի Նշում Վարդանանց Եկեղեցւոյ Մէջ
Նախագահութեամբ Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեանի, ներկայութեամբ թեմի հոգեւորականաց դասուն եւ սարկաւագներուն, ուրբաթ, 25 դեկտեմբերին, յետմիջօրէի ժամը 4:00-ին Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ երեկոյեան ժամերգութիւն եւ նախատօնակ` Ս. Ստեփանոս նախասարկաւագի տօնին առիթով, որ ուղղակիօրէն սփռուեցաւ Ազգային առաջնորդարանի Դիմատետրի էջին միջոցով: Սրբազանը իր քարոզին մէջ
Ազգային Միացեալ Վարժարանի Նորոգութեան Աշխատանքները Կը Շարունակուին
4 օգոստոս 2020-ին տեղի ունեցած Պէյրութի նաւահանգիստի ահաւոր պայթումին պատճառով Ազգային միացեալ վարժարանը եւս կրեց ծանր վնասներ: Վարժարանիս բոլոր յարկերուն դասարանները, անոնց պատուհանները, սրահներն ու տնօրէնութեան գրասենեակները անմասն չմնացին քանդումէն եւ իրենց կարգին վնասուեցան: Սակայն, շնորհիւ Լիբանանի Ազգային առաջնորդարանի ճիգերուն եւ Առաջնորդ Սրբազան Հօր` Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեանի հայրական
Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճ. 6,529,000 Լ.Ո. Եւ 110 Տոլար` Արցախին
Շաբաթ, 24 հոկտեմբերին, Ազգ. Եղիշէ Մանուկեան քոլեճի մեծ ընտանիքը ապրեցաւ հոգեպարար եւ նոյն ատեն յուզիչ ժամեր: Արդարեւ, մեր սիրելի ծնողներն ու աշակերտները` ընդառաջելով տնօրէնութեան առաջարկին, ինքնաշարժներով դպրոց ներկայացան եւ իրենց սրտաբուխ նուիրատուութիւնը կատարեցին Արցախի զինուորին օգնելու: Անոնք իրենց ինքնաշարժները զարդարած էին Հայաստանի եւ Արցախի դրօշակներով: Աշակերտները վստահութեամբ յայտարարեցին, որ անպայման
Ս. Նշան Մայր Եկեղեցւոյ Անուանակոչութեան Տօնին Առիթով Օրհնութեան Կարգ Վերանորոգուած Եկեղեցւոյ
Կիրակի, 25 հոկտեմբեր 2020-ին, Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնին առիթով, Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեան եկեղեցւոյ մէջ մատուցեց Ս. պատարագ, որուն ընթացքին ան կատարեց օրհնութեան կարգ` Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին պատճառով վնասներ կրած եւ այժմ վերանորոգուած եկեղեցւոյ: Իր քարոզին մէջ Առաջնորդ Սրբազանը նկատել տուաւ, որ հաւատքով
Հաղորդագրութիւն. «Հայ Աշակերտ Հովանաւորելու Ծրագիր»- 2020-2021 Տարեշրջան
Կրթական նոր տարեմուտի մը սեմին սրտանց կը մաղթենք, որ մերօրեայ կեանքի դժուարին պայմաններուն մէջ մեր ազգային վարժարանները յաջողին` լուսաւոր ելք մը գտնելով իրենց աշխատանքին համար, հաւատարմօրէն շարունակել մեր ազգի մատղաշ սերունդի դաստիարակութեան սրբազան առաքելութիւնը: Այսօր կարիք չկայ յիշեցնելու, թէ ծանր տագնապի մէջ կը գտնուի նաեւ հայ դպրոցը, որ` զրկուած ըլլալով
Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճի Տնօրէնութիւն, Ուսուցչական Կազմ Եւ Պաշտօնէութիւն Նուիրատուութիւն` Արցախի Բանակին
Վերջին քանի մը օրերուն Արցախի ու նաեւ Հայաստանի մէջ արձանագրուող իրադարձութիւնները մեզ մղեցին, որ իբրեւ հայեցի դաստիարակութիւն ջամբող հայ դաստիարակներ եւ առ ի երախտագիտութիւն այն նուիրատուութեան, զոր դուք կատարեցիք ձեր փամփուշտին գինը նուիրելով լիբանանահայ դպրոցին` զայն կանգուն պահելու համար սփիւռքի մէջ, խոնարհաբար մասնակցինք հայրենապաշտպանութեան գործին` Արցախի բանակին նուիրելով այս աննշան
Ազգային Վարժարաններու Կրթական 2020-2021 Տարեշրջանի Առցանց Դասաւանդութիւնները Ընթացք Առին
Երկուշաբթի, 28 սեպտեմբերի առաւօտեան, կրթական 2020-2021 տարեշրջանը առցանց դասաւանդութիւններով ընթացք առաւ Ազգային չորս վարժարաններու` Եղիշէ Մանուկեան քոլեճի, Ազգային միացեալ վարժարանի, Նուպարեան-Խրիմեան վարժարանի (Թրիփոլի) եւ Յառաջ-Գ. Կիւլպէնկեան վարժարանի մէջ (Այնճար): Դասաւանդութիւններու առաջին փուլի մասնակցեցան միջնակարգի Թ. դասարանը եւ երկրորդականի Ժ.-ԺԲ. դասարանները, յառաջիկայ օրերուն եւ շաբաթներուն միջնակարգի մնացեալ կարգերու, նախակրթարանի, տարրականի եւ
ԺՈՂՈՎՐԴԱՅԻՆ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԵԱՄԲ ԸՆԹԱՑՔ ԱՌԱՒ «ԱՆՎՃԱՐ ՀԱԳՈՒՍՏԻ ԱՇԽԱՐՀ» ԾՐԱԳԻՐԸ
Երեքշաբթի, 22 Սեպտեմբեր 2020-ին, Ս․ Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ ընթացք առաւ Ազգային Առաջնորդարանի Ընկերային Ծառայութեան Բաժանմունքի կազմակերպած «Անվճար հագուստի աշխարհ» ծրագիրը։ Յաջորդական չորս օրերու ընթացքին, Բաժանմունքը անվճար կերպով մեր ժողովուրդին տրամադրութեան տակ կը դնէ բոլորովին նոր կամ լաւ վիճակի մէջ եղող տարբեր տարիքներու վերաբերող հագուստեղէններ, որոնք անցնող ամիսներուն հաւաքուած
Ազգային Առաջնորդարանը Կը Ստանձնէ Հոգեբանական Բարդութիւններ Ունեցողներու Դարմանումի Հարցերը Հետապնդելու Պարտականութիւնը
Նախաձեռնութեամբ Ազգային առաջնորդարանի Ընկերային ծառայութեան բաժանմունքին, երկուշաբթի, 21 սեպտեմբեր 2020-ին, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպում մը` ծանօթանալու համար հոգեբանական բարդութիւններ ունեցող հայորդիներու վիճակին: Այս պարագաները առհասարակ աննկատ կը մնան մեր հաւաքականութեան համար, եւ պատահականօրէն յանձնուելով բուժարաններու հոգատարութեան` անոնց հանդէպ մեր հաւաքականութեան ունեցած պատասխանատուութեան խնդիրը կը մնայ
Յայտարարութիւն. «Անվճար Հագուստի Աշխարհ» Առաջնորդարանի Ընկերային Ծառայութեան Բաժանմունքին Մէջ
Երեքշաբթի, 22 սեպտեմբերէն մինչեւ ուրբաթ, 25 սեպտեմբեր 2020, առաւօտեան ժամը 10:00-էն մինչեւ յետմիջօրէի ժամը 4:00, Ազգային առաջնորդարանի Ընկերային ծառայութեան բաժանմունքը Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ կը կազմակերպէ «ԱՆՎՃԱՐ ՀԱԳՈՒՍՏԻ ԱՇԽԱՐՀ» ծրագիրը: Յաջորդական չորս օրերու ընթացքին առաջնորդարանի Ընկերային ծառայութեան բաժանմունքը անվճար կերպով մեր ժողովուրդին տրամադրութեան տակ պիտի դնէ բոլորովին