«Լիբանանահայութեան Վերակազմակերպումը Եւ Վերակենսաւորումը Համահայկական Իմաստ Ու Նշանակութիւն Ունի» Արամ Ա. Կաթողիկոս
Հինգշաբթի, 17 սեպտեմբեր 2020-ի առաւօտուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոս այցելեց Ազգային միացեալ վարժարան եւ հանդիպում ունեցաւ Լիբանանահայութեան վերականգնումի մարմինին անդամներուն հետ, ինչպէս նաեւ հետեւեցաւ մարմինի տարած աշխատանքին: Կաթողիկոսարանի CiliciaTV-ին ճամբով ան իր հայրական խօսքն ու թելադրութիւնը փոխանցեց մեր ժողովուրդի զաւակներուն: Ստորեւ կը ներկայացնենք վեհափառ հայրապետին պատգամը: Ես կ՛ուզեմ
Անվճար Ուսման Կարելիութիւն Լիբանանահայ Ազգային Վարժարաններէ Ներս
Այս տարի, իւրայատուկ պայմաններու մէջ կը դիմաւորենք կրթական տարեմուտը եւ հետեւաբար, քաջածանօթ ըլլալով մեր ծնողներուն դիմագրաւած տեսակաւոր հարցերուն ու դժուարութիւններուն, Ազգ. Վարչութիւնը վճռեց 2020-2021 կրթական տարեշրջանին, Լիբանանահայ ազգային վարժարաններէն ներս անվճար ուսման կարելիութիւն ստեղծել բոլոր աշակերտներուն համար: Ուստի, այս առթիւ նախ կոչ կ՛ուղղենք հայ ծնողքին, թելադրելով, որ անպայմանօրէն իրենց զաւակներուն
«Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամէն 300.000 Տոլար` Ի Նպաստ Լիբանանահայ Վարժարաններու 2020-2021 Տարեշրջանի Ուսուցչաց Առաջին Եռամսեակի Թոշակներուն
Հինգշաբթի, 10 սեպտեմբեր 2020-ին «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի տնօրէն Հայկակ Արշամեան, ընկերակցութեամբ Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Վահագն Աթաբէկեանի, այցելեց Լիբանանի ազգային առաջնորդարան եւ լիբանանահայ երեք համայնքապետերուն յանձնեց լիբանանահայութեան յօգուտ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամին կողմէ հանգանակուած շուրջ 300.000 տոլարի (երեք հարիւր հազար ամերիկեան տոլար) գումարը, որ ամբողջութեամբ պիտի յատկացուի լիբանանահայ վարժարաններուն` 2020-2021 տարեշրջանի
Անցնող Չորս Օրերուն 896 Բնակարաններու Հատուցումներ Տրուեցան
Շաբաթասկիզբին ընթացք առած Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին պատճառով վնասներ կրած բնակարաններու ընտանիքներուն դրամական հատուցումներու յանձման Լիբանանահայութեան վերականգնումի մարմինի աշխատանքները շարունակուեցան հինգշաբթի, 10 սեպտեմբեր 2020-ին, Ազգային միացեալ վարժարանին մէջ: Անցնող չորս օրերուն նախապէս մարմինին դիմում կատարած ընտանիքներէն 896-ը արդէն իսկ ստացան իբրեւ հատուցում ճշդուած գումարներ: Աշխատանքը տակաւին ընթացքի մէջ է, եւ հատուցման
Հաղորդագրութիւն. 150.000.000 Լ. Ո. Նուիրատուութեամբ Երջօ Սամուէլեան Դարձեալ Կը Զօրակցի Լիբանանահայութեան
Հանրածանօթ բարերար Երջօ Սամուէլեան, Ազգային առաջնորդարանին ճամբով դարձեալ լիբանանահայութեան օժանդակութեան գործին կը յատկացնէ 150.000.000 լ. ոսկիի (հարիւր յիսուն միլիոն լիբանանեան ոսկի) սրտաբուխ նուիրատուութիւն մը: Բարերարին փափաքով, նշեալ գումարը պիտի բաշխուի հետեւեալ եղանակով. – 50.000.000 լ. ո.` Ազգային առաջնորդարանի «Հայ աշակերտ հովանաւորելու ծրագիր»-ին – 50.000.000 լ. ո.` «Զուարթնոց» կեդրոնին – 50.000.000
Վնասուած Բնակարաններու Հատուցումներուն Վճարումները Կը Շարունակուին
Երեքշաբթի, 8 սեպտեմբերին, Ազգային միացեալ վարժարանին մէջ շարունակուեցաւ Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին պատճառով վնասներ կրած բնակարաններու ընտանիքներուն դրամական հատուցումներու յանձնման Լիբանանահայութեան վերականգնումի մարմինի ծրագիրը: Յայտնենք, որ անցնող երկու օրերուն ընթացքին 384 բնակարաններու ընտանիքներուն կատարուեցան նիւթական յատկացումներ: Նշեալ աշխատանքին կը հսկեն Վերականգնումի մարմինին անդամները` գործակցութեամբ Ազգային առաջնորդարանի պաշտօնեաներուն: Աշխատանքը պիտի շարունակուի
Լիբանանահայութեան Վերականգնումի Մարմինը Սկսաւ Յանձնել Վնասուած Բնակարաններու Հատուցումները
Երկուշաբթի, 7 սեպտեմբերին Ազգային միացեալ վարժարանին մէջ ընթացք առաւ Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին պատճառով վնասներ կրած բնակարաններու ընտանիքներուն դրամական հատուցումներու փոխանցման Լիբանանահայութեան վերականգնումի մարմինի ծրագիրը: Յայտնենք, որ բոլոր ընտանիքները պիտի ստանան հատուցում: Ծրագիրի գործադրութեան առաջին օրը 210 ընտանիքներ, նախօրօք իրենց տրուած ժամադրութեամբ, ներկայացան եւ ստացան իրենց համար ճշդուած գումարը: Լիբանանահայութեան
Հաղորդագրութիւն 9
Լիբանանահայութեան վերականգնումի մարմինը, գործակցութեամբ իր կողմէ նշանակուած ճարտարապետներէ եւ մասնագէտներէ կազմուած յատուկ յանձնախումբին, որոշած է յատուկ խնամք ցուցաբերել այն տարեց հայրենակիցներուն, որոնք անկարող են իրենց բնակարաններու վերանորոգման աշխատանքներուն հետեւելու, նոյնիսկ եթէ իրենց նիւթական միջոցներ տրամադրուին: Վերոյիշեալ առաջադրանքով, մարմինը արդէն իսկ ձեռնարկած է խիստ կարիքաւոր, առանձին բնակող, հարազատներու հոգատարութիւն չունեցող 10
Հաղորդագրութիւն 8
Լիբանանահայութեան Վերականգնումի Մարմինը կը ծանուցէ, թէ ամբողջացուցած է Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին հետեւանքով մեր հայրենակիցներուն կրած բնակարանային վնասներու արձանագրութեան առաջին եւ երկրորդ փուլի աշխատանքները, ստանալով 1485 դիմումնագիրներ: Առաջին հանգրուանով, արձանագրութիւնները կատարուած են հայկական 14 եկեղեցիներու մէջ, իսկ 2-րդ հանգրուանով՝ 5 եկեղեցիներու մէջ։ Աշխատանքի յաջողութեան համար, աւելի քան 150 կամաւոր երիտասարդներ իրենց
ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Լիբանանահայութեան Վերականգնումի Մարմինին
Հինգշաբթի, 3 սեպտեմբերին Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան եւ Գերագոյն մարմինի անդամ Աշոտ Սիմոնեան այցելեցին Ազգային առաջնորդարան եւ հանդիպում ունեցան Լիբանանահայութեան վերականգնումի մարմինին հետ։ Առաջին առիթով մարմինի ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեան ծանօթացուց Վերականգնումի մարմինի կազմը, մշակուած ծրագիրներն ու ցարդ կատարուած աշխատանքները։ Իշխան Սաղաթէլեան անդրադարձաւ Լիբանան իր այցելութեան նպատակին ու