Քրիստոսի Յարութեան Տօնը Ս. Նշան Մայր Եկեղեցւոյ Մէջ. Շահէ Եպս. Փանոսեան. «Մեր Տէրը Մեռելներէն Յարութիւն Առաւ, Որպէսզի Մեզ Եւս Նորոգէ Յարուցեալ Կեանքին Մէջ»

Կիրակի, 12 ապրիլ 2020-ին, Ս. Զատկուան եւ Քրիստոսի հրաշափառ յարութեան տօնին առիթով Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ մէջ Ս. պատարագ մատուցեց Լիբանանի թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ Գերշ. Տ. Շահէ Եպս. Փանոսեան: Առցանց հետեւող հաւատացեալներուն ուղղուած իր քարոզին մէջ Սրբազանը ողջունեց լիբանանահայ ժողովուրդի զաւակները` մաղթելով, որ յարութեան տօնը բոլորը կ’այլակերպէ, եւ հին մարդը

Continue reading

Ազգային Վարժարաններու Կրթական Պատասխանատուներու Հանդիպում` Առաջնորդարանին Մէջ

7 ապրիլին, Լիբանանի հայոց թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ Գերշ. Տ. Շահէ Եպս. Փանոսեան, ընկերակցութեամբ Ազգային վարչութեան ատենապետ Րաֆֆի Սիսլեանի եւ Րաֆֆի Տէմիրճեանի, հանդիպում մը ունեցաւ Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճի կրթական տնօրէն Անի Բագրատունիի եւ Ազգային միացեալ վարժարանի կրթական տնօրէն Գրիգոր Էքմեքճեանի հետ: Հաւաքը կը միտէր լուսարձակի տակ առնել ճգնաժամային ներկայ պայմաններուն

Continue reading

Ծաղկազարդի Տօնին Առիթով Թեմի Կաթողիկոսական Փոխանորդ Շահէ Եպս. Փանոսեան Ինքնաշարժի Թափօրով Շրջեցաւ Հայահոծ Շրջաններու Մէջ

Երէկ` կիրակի, 5 ապրիլ 2020-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, Ծաղկազարդի տօնին առիթով Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Ս. պատարագ: Պատարագին հանդիսապետեց թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ Գերշ. Տ. Շահէ Եպս. Փանոսեան, իսկ պատարագը մատուցեց եկեղեցւոյ հովիւ Օշին ա. քհնյ. Գէորգեան: Սրբազան Հայրը կատարեց նաեւ Անդաստան: Առցանց հետեւող հաւատացեալ ժողովուրդին ուղղուած իր քարոզին

Continue reading

Քորոնա Ժահրի Կանխարգիլման Աշխատնքներուն Նպաստելու Նպատակով. Լիբանանահայութեան Հոգեւոր Պետերու Հանդիպում

Լիբանանի հայոց թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ Գերշ․ Տ․ Շահէ Եպս.․ Փանոսեան, Պէյրութի Հայ կաթողիկէ պատրիարքական թեմի օգնական Գէորգ եպս․ Ասատուրեան եւ Մերձաւոր Արեւելքի Հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութեան Կեդրոնական մարմինի ատենապետ վեր․ դոկտ․ Փոլ Հայտոսթեան, այսօր, հինգշաբթի, 19 մարտ 2020-ին, Ազգային առաջնորդարանին մէջ, հանդիպում մը ունեցան՝ քննարկելու քորոնա ժահրի ստեղծած կացութիւնը։ Հանդիպումը

Continue reading

Գերշ. Տ. Շահէ Եպս. Փանոսեանը Կաթողիկոսական Փոխանորդ` Լիբանանի Հայոց Թեմին

  Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան տեղեկատուական բաժանմունքը հետեւեալ հաղորդագրութիւնը յղեց մամուլին. Կ՛ուզենք մեր ժողովուրդի զաւակները, յատկապէս Լիբանանի հայութիւնը տեղեակ պահել, որ վեհափառ հայրապետը Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Նարեկ արք. Ալեէմէզեանին այլ առաքելութիւն մը վստահած ըլլալով, Լիբանանի հայոց թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ նշանակեց Գերշ. Տ. Շահէ եպս. Փանոսեանը: Գերաշնորհ սրբազան

Continue reading

«Սանթա Մարիա» Բուժարանին Մէջ Մատուցուեցաւ Ս. Պատարագ

Երեքշաբթի, 3 մարտ 2020-ին, «Սանթա Մարիա» բուժարանի Աննայայի կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ Ս. պատարագ` նախագահութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի քարոզիչ Անանիա ծ. վրդ. Գուճանեանի: Ս. պատարագը մատուցեց Նարեկ ա. քհնյ. Հէճինեան` մասնակցութեամբ Յակոբ քհնյ. Պզտիկեանին: Արարողութեան բուժարանին մէջ հաստատուած հայ անհատներու կողքին ներկայ էին նաեւ ենթականերու անմիջական պարագաները, որոնք առաջնորդարանի ընկերային

Continue reading

Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճ. Փետրուարեան Ձեռնարկներ

Հայ ժողովուրդի տարեկան տօնացոյցին մէջ հարուստ ամիսներէն է փետրուարը, երբ կը տօնախմբուին Բարեկենդանն ու Տեառնընդառաջը, ինչպէս նաեւ կը նշուին Վարդանանքն ու Արցախի ազատագրական պայքարը: Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճը անմասն չի մնար նշելէ այս առիթները. եւ ամէն տարուան նման` ա՛յս տարի եւս ձեռնարկներ կազմակերպուեցան վարժարանի տարբեր բաժանմունքներուն մէջ` յիշելու եւ տօնախմբելու

Continue reading

Սրբոց Վարդանանց Եկեղեցւոյ Անուանակոչութիւն

Օրհնութեամբ Լիբանանի հայոց առաջնորդ Գերշ. Տ. Նարեկ Արքեպիսկոպոսի, հինգշաբթի, 20 փետրուարին Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ անուանակոչութեան առիթով եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ հանդիսաւոր Ս. պատարագ եւ կատարուեցաւ մատաղօրհնէք: Առաւօտեան ժամը 9:30-ին Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի հրապարակին կից տեղի ունեցաւ ժողովրդային ընդունելութիւն` ի պատիւ  Լիբանանի հայոց թեմի քարոզիչ Անանիա ծ. վրդ. Գուճանեանի: Այնուհետեւ առաջնորդութեամբ

Continue reading

Նախարար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեանի Հանդիպումը` Երիտասարդներուն Եւ Ուսանողներուն Հետ

Կազմակերպութեամբ Ազգային առաջնորդարանին, երէկ` չորեքշաբթի, 19 փետրուար 2020-ին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ երիտասարդներու եւ ուսանողներու հանդիպում Լիբանանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեանի հետ, որ ներկայացուց նախարարութեան ծրագիրները: Հանդիպումը առիթ եղաւ քննարկելու երիտասարդութեան ու մարմնակրթութեան բնագաւառին դիմագրաւած դժուարութիւնները եւ մարտահրաւէրները: Հանդիպումին ներկայ էր

Continue reading

Մասնակցութեամբ Ազգային Վարժարաններուն «Վարդանանց Ճակատամարտը Պայքարն Էր Ազգային Արժանապատուութեան Եւ Խիղճի Ազատութեան» Հաստատեց Վիգէն Աւագեան

Կազմակերպութեամբ Ազգային իշխանութեան Ուսումնական խորհուրդին եւ մասնակցութեամբ ազգային վարժարաններու աշակերտութեան,  չորեքշաբթի, 19 փետրուար 2019-ին կէսօրէ առաջ ժամը 11:30-ին «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Վարդանանց ճակատամարտին նուիրուած ձեռնարկ: Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք բացման խօսքը արտասանեց օրուան հանդիսավար, Ազգային Եղիշէ Մանուկեան վարժարանի աշակերտ Քրիստ Դարբինեան: Ան նկատել տուաւ, որ

Continue reading