Առաջնորդ Սրբազան Հայրը Հանդիպեցաւ Երկու Ազգային Վարժարաններու Տնօրէնութիւններուն Եւ Խնամակալութիւններուն Հետ
Երկուշաբթի, 23 դեկտեմբեր 2019-ին, Ազգային առաջնորդարանին մէջ, Լիբանանի հայոց առաջնորդ Գերշ. Տ. Նարեկ Արքեպիսկոպոս յաջորդաբար ընդունեց Ազգային Միացեալ վարժարանի եւ Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճի տնօրէնութիւններն ու խնամակալութիւնները: Աշխատանքային հանդիպումին ներկայ գտնուեցան Ազգային վարչութեան եւ Ուսումնական խորհուրդի ներկայացուցիչներ: Հանդիպումը առիթ եղաւ, որ ներկաները քննարկեն մեր վարժարաններուն կրթական-ուսումնական կեանքն ու տնտեսական վիճակը:
Ազգային Առաջնորդարան. Հաղորդագրութիւն Թիւ 5. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան Նուիրատուութիւնը
Ամենայն Հայոց ՆՍՕՏՏ Գարեգին Բ. կաթողիկոս 50 հազար ամերիկեան տոլար նուիրեց Ազգային առաջնորդարանին, որպէսզի տրամադրուի լիբանանեան տագնապի յաղթահարման կարիքներուն: Այս առիթով, Լիբանանի հայոց առաջնորդ Գերշ. Տ. Նարեկ Արքեպիսկոպոս շնորհակալութիւն յայտնեց ըսելով. «Մեր որդիական երախտագիտութիւնը կը յայտնենք նորին սրբութեան այս զօրակցութեան համար, երբ մանաւանդ այս փուլին Լիբանանի ընկերային-տնտեսական տագնապին պատճառով լիբանանահայութիւնը
Ազգային Առաջնորդարանի «Լիբանանահայ Կարիքաւորներու Զօրակցութիւն». Հաղորդագրութիւն Թիւ 4
Ալեքքօ Եւ Անի Պէզիքեան Ընտանիքի Նուիրատուութիւնը Ազգային բարերար տէր եւ տիկին Ալեքքօ եւ Անի Պէզիքեան ընտանիք 100 միլիոն լիբանանեան ոսկի նուիրեցին Ազգային առաջնորդարանին` «Լիբանանահայ կարիքաւորներու զօրակցութիւն»-ին ճամբով 500 հայ կարիքաւոր ընտանիքի յատկացուելու համար (իւրաքանչիւր ընտանիքի 200 հազար լիբանանեան ոսկի), արձագանգելով ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետի «հայրական կոչ կ՛ուղղենք
Առաջնորդ Սրբազան Հայրը Մօտէն Կը Հետեւի Լիբանանահայ Կարիքաւորներու Զօրակցութեան Աշխատանքներուն
Ուրբաթ, 20 դեկտեմբեր 2019-ին, Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Նարեկ Արքեպիսկոպոս այցելեց Ազգային առաջնորդարանի ընկերային բաժանմունքի կեդրոնատեղին` մօտէն հետեւելու լիբանանահայ կարիքաւորներու զօրակցութեան աշխատանքներուն: Սրբազան Հօր կ՛ընկերանար Ազգային առաջնորդարանի դիւանապետ Րաֆֆի Տէմիրճեան: Ազգային առաջնորդարանի ընկերային ծառայող Մարիա Եագուպեան ներկայացուց կարիքաւոր ընտանիքներու օժանդակութիւններու տրամադրման կարգը: Նկատի առնելով պահանջը` ան ըսաւ, որ
Ազգային Առաջնորդարանին Մէջ. Լիբանանի Հայ Երեք Համայնքապետներու Երկրորդ Հանդիպում
Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Նարեկ Արքեպիսկոպոսի հրաւէրով, հինգշաբթի, 19 դեկտեմբեր 2019-ին, Ազգային առաջնորդարանին մէջ, հայ երեք համայնքապետներ` Նարեկ Արքեպիսկոպոս, Պէյրութի Հայ կաթողիկէ պատրիարքական թեմի օգնական Գէորգ եպս. Ասատուրեան եւ Մերձաւոր Արեւելքի Հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութեան Կեդրոնական մարմինի ատենապետ վեր. Րաֆֆի Մսըրլեան երկու շաբթուան մէջ երկրորդ անգամ ըլլալով հանդիպեցան
Առաջնորդ Սրբազան Հայրը Ընդունեց Թեմիս Կիսասարկաւագները
Հինգշաբթի, 19 դեկտեմբեր 2019-ին, Ազգային առաջնորդարանին մէջ, Լիբանանի հայոց առաջնորդ Գերշ. Տ. Նարեկ Արքեպիսկոպոս, կողքին ունենալով Լիբանանի թեմի քարոզիչ Անանիա ծ. վրդ. Գուճանեանը, ընդունեց թեմի տասնհինգ կիսասարկաւագները, որոնք 25 դեկտեմբերին սարկաւագ պիտի ձեռնադրուին: Թեմի Միջդպրաց դասի յանձնախումբի հոգեւոր խորհրդատու Ղեւոնդ քհնյ. Լոշխաճեան կիսասարկաւագները ներկայացուց Սրբազան Հօր: Նարեկ Արքեպիսկոպոս գնահատեց կիսասարկաւագներու
Ազգային Առաջնորդարանի «Լիբանանահայ Կարիքաւորներու Զօրակցութիւն». Հաղորդագրութիւն Թիւ 3
Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան Նուիրատուութիւնը Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան Լիբանանի մասնաճիւղը 10 միլիոն լիբանանեան ոսկի նուիրեց Ազգային առաջնորդարանին` յատկացուելու համար «Լիբանանահայ կարիքաւորներու զօրակցութիւն»-ին արձագանգելով ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետի «հայրական կոչ կ’ուղղենք լիբանանահայ ունեւորներուն, որ մարդկային ու ազգային պարտականութիւն նկատեն ներկայ դժուար կացութեան մէջ օգտակար հանդիսանալ մեր կառոյցներուն, մեր դպրոցներուն
Ազգային Առաջնորդարանի «Լիբանանահայ Կարիքաւորներու Զօրակցութիւն». Հաղորդագրութիւն Թիւ 2
Երջօ Սամուէլեանի Նուիրատուութիւնը Ազգային առաջնորդարանի բարերար Երջօ Սամուէլեան 125 միլիոն լիբանանեան ոսկի նուիրեց Ազգային առաջնորդարանին` յատկացուելու համար «Լիբանանահայ կարիքաւորներու զօրակցութիւն»-ին, «Հայ աշակերտ հովանաւորելու ծրագիր»-ին եւ «Զուարթնոց» յատուկ դաստիարակութեան կեդրոնին, արձագանգելով ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետի` «հայրական կոչ կ’ուղղենք լիբանանահայ ունեւորներուն, որ մարդկային ու ազգային պարտականութիւն նկատեն ներկայ դժուար կացութեան մէջ
Բարեսիրական Աշխատանքները Համակարգելու Նպատակով. Նարեկ Արքեպիսկոպոս Հանդիպում Ունեցաւ Խումբ Մը Կամաւոր Երիտասարդ-Երիտասարդուհիներու Հետ
Լիբանանի ընկերային-տնտեսական պայմաններուն պատճառով, բազմաթիւ հայ կարիքաւոր ընտանիքներու դժուարութիւնները բարդացան եւ պայմանները առաւել եւս վատթարացան: Ակներեւ էր, որ ընկերային ցանցերուն վրայ բազմաթիւ հայ երիտասարդներ սկսան նախաձեռնել բարեգործական աշխատանքներ` նպաստելու կարիքաւորներուն եւ հասնելու անոնց կարիքներուն: Այս առիթով, երկուշաբթի, 16 դեկտեմբեր 2019-ին, երեկոյեան ժամը 8:30-ին, Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Նարեկ
«Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամին Զօրակցութիւնը Լիբանանահայ Վարժարաններուն
Շաբաթ, 14 դեկտեմբեր 2019-ին, Լիբանանի հայոց առաջնորդ Գերշ. Տ. Նարեկ Արքեպիսկոպոս, կողքին ունենալով Լիբանանի թեմի քարոզիչ Անանիա ծ. վրդ. Գուճանեանը եւ Ազգային վարչութեան Կրօնական ժողովի ատենապետ Սարգիս աւ. քհնյ. Սարգիսեանն ու Քաղաքական ժողովի ատենապետ Րաֆֆի Սիսլեանը, Ազգային առաջնորդարանին մէջ ընդունեց «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի Գործադիր տնօրէն Հայկակ Արշամեանը, որուն կ՛ընկերանային «Հայաստան»