Ռմէյլի Ս. Յարութիւն Եկեղեցւոյ Մէջ. Ծաղկեայ Փիլոն Կրելու Իշխանութեան Շնորհում` Եկեղեցւոյ Հովիւ Ղեւոնդ Քհնյ. Լօշխաճեանի

Նախագահութեամբ Լիբանանի հայոց առաջնորդ Գերշ. Տ. Նարեկ Արքեպիսկոպոսին, կիրակի, 1 դեկտեմբեր 2019-ին, Ռմէյլի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ ս. պատարագ, որուն ընթացքին Սրբազան Հայրը կարդաց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին սրբատառ կոնդակը, որով վեհափառ հայրապետը ծաղկեայ փիլոն կրելու իշխանութիւն կը շնորհէր եկեղեցւոյ հովիւ Ղեւոնդ քհնյ. Լօշխաճեանի: Սրբազան Հայրը իր

Continue reading

Քահանայական Ձեռնադրութիւն` Սրբոց Վարդանանց Եկեղեցւոյ Մէջ

Շաբաթ, 2 եւ կիրակի, 3 նոյեմբերին, Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ քահանայական կարգ ստացաւ Սարգիս սրկ. Մելքոնեան: Արդարեւ, շաբաթ կէսօրէ ետք ժամը 4:30-ին, եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ կոչման արարողութիւն, իսկ կիրակի առաւօտեան ս. պատարագի ընթացքին տեղի ունեցաւ ձեռնադրութիւնը եւ օծումը: Պատարագը մատուցեց եւ ձեռնադրութիւնը կատարեց Լիբանանի հայոց առաջնորդ Գերշ. Տ. Նարեկ

Continue reading

Լիբանանի Հայոց Թեմին Մէջ Աղօթք Լիբանանի Խաղաղութեան Համար

Հանդիսապետութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Նարեկ Արքեպիսկոպոսի, կիրակի, 27 հոկտեմբեր 2019-ին, Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ ս. պատարագ եւ կատարուեցաւ աղօթք` Լիբանանի խաղաղութեան համար: Պատարագին ներկայ էին Լիբանանի մէջ Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Վահագն Աթաբէկեան եւ պետական երեսփոխան Յակոբ Թերզեան: Պատարագը մատուցեց Լիբանանի թեմի քարոզիչ Անանիա

Continue reading

Լիբանանի Թեմի Կիրակնօրեայ Դպրոցներու Վերամուտի Սուրբ Պատարագ Եւ Հոգեհանգիստ

Օրհնութեամբ Լիբանանի հայոց առաջնորդ Գերշ. Տ. Նարեկ Արքեպիսկոպոսին, Կիրակնօրեայ դպրոցներու վերամուտին առիթով, կիրակի, 13 հոկտեմբեր 2019-ին Ճիւնիի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ սուրբ պատարագ, որ մատուցեց Կիրակնօրեայ դպրոցներու վարիչ-պատասխանատու Սարգիս Ա. քհնՅ. Սարգիսեան: Սուրբ պատարագին ներկայ էին Լիբանանի թեմի Կիրակնօրեայ դպրոցներու վարիչ մարմինի անդամները, տեսչական եւ ուսուցչական կազմերը, ինչպէս նաեւ`

Continue reading

Վաղամեռիկ Սեպուհ Շահպազեանի Մահուան ԺԸ. Տարելիցի Նշում

Կիրակի, 6 հոկտեմբեր 2019-ին, Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի, հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ վաղամեռիկ համալսարանաւարտ փայլուն ուսանող Սեպուհ Շահպազեանի մահուան ԺԸ. տարելիցին առիթով: Ս. պատարագի աւարտին, քաղաքի Ազգային առաջնորդարանի դահլիճին մէջ մատուցուեցաւ հոգեսուրճ: Ս.  Նշան մայր եկեղեցւոյ հովիւ Մկրտիչ քհնյ. Քէշիշեան խօսք առնելով դրուատեց Սեպուհ Շահպազեանի յիշատակը` աւելցնելով,

Continue reading

Ռաուտայի Ս. Ներսէս Շնորհալի Մատրան Անուանակոչութիւն. «Անդրադառնանք Մեր Կրած Անունին Ինքնութեան, Պատկանելիութեան Եւ Առաքելութեան» Հաստատեց Առաջնորդ Սրբազանը

Կիրակի, 6 հոկտեմբերին, Ռաուտայի Ս. Ներսէս Շնորհալի մատրան անուանակոչութեան տօնին առիթով, Ռաուտայի Էհլան դաշտին մէջ մատուցուեցաւ Ս. պատարագ եւ կատարուեցաւ մատաղօրհնէք: Մինչ այդ, շաբաթ, 5 հոկտեմբերին, կէսօրէ ետք ժամը 1:00-ին, կատարուեցաւ աղօրհնէք,  ձեռամբ Լիբանանի թեմի քարոզիչ Անանիա ծ. վրդ. Գուճանեանի, այնուհետեւ կատարուեցաւ ոչխարներու զենում: Ապա Էհլանի շրջափակին մէջ կատարուեցաւ կրպակներու

Continue reading

Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճ. Երախտապարտ Ենք

Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճը յատուկ հանդիպումով մը երախտագիտութիւն յայտնեց ու պատուեց խնամակալութեան եւ տիկնանց յանձնախումբի անդամներ, որոնք տարիներ շարունակ  կամաւոր աշխատանք կատարած ու սատարած են վարժարանի վերելքին: Արդարեւ, չորեքշաբթի, 2 հոկտեմբերին, տնօրէնութիւն, ուսուցիչներ, ԺԲ. դասարանի աշակերտներ, խնամակալութեան ու տիկնանց յանձնախումբի ներկայ եւ նախկին անդամներ ներկայ էին շնորհակալութիւն եւ երախտագիտութիւն յայտնելու

Continue reading

Ազգային Միացեալ Վարժարանը Գրկբաց Ընդունեց Իր Աշակերտները

30 սեպտեմբեր 2019-ին պաշտօնապէս հնչեց Ազգային Միացեալ վարժարանի 2019-2020 տարեշրջանի առաջին զանգը, եւ աշակերտութիւնը սկսաւ ժամանել իր երկրորդ տունը` ազգային վարժարանի հպարտ հայ աշակերտ ըլլալու զգացումով: Աշակերտներուն դէմքերուն եւ հայեացքներուն մէջ արեւի ճառագայթներուն նման կ՛երեւին ուրախութիւնն ու փայլուն ապագայի հանդէպ յոյսն ու հաւատքը: Հայերէնով հնչող վերամուտի մանկական, ուրախ եւ ճոխ

Continue reading

Վերամուտ Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճի

Առաւօտեան ժամը 7:30… Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճի շրջափակին մէջ եռուզեռ է: Առաջինէն մինչեւ ԺԲ. դասարաններու աշակերտները եկած էին կրկին շունչ տալու դպրոցին: Հնչեց 2019-2020 տարեշրջանի պաշտօնական վերամուտի զանգը, աշակերտներ, իրենց դաստիարակներուն առաջնորդութեամբ, կարգապահ շարքեր կազմեցին բակի բեմին դիմաց, որ վերամուտի յարդարանքով զարդարուած էր: Տէրունական աղօթքէն ետք վարժարանի կրթական տնօրէն Անի

Continue reading

Ազգային «Յառաջ – Գ. Կիւլպէնկեան Քոլեճի Վերամուտը

Չորեքշաբթի, 18 սեպտեմբեր 2019-ի առաւօտեան Ս.Պօղոս եկեղեցւոյ   զանգակատան տօնական ղօղանջներով ազդանշանը տրուեցաւ վերամուտը Ազգային  Յառաջ- Գ . Կիւլպէնկեան երկրորդական վարժարանին, որուն նախակրթարանի եւ երկրորդականի աշակերտները ստացան ս. հաղորդութիւն, ապա անոնք լսեցին պատգամը Միւռոն քհնյ.Աւետիսեանի, որ յորդորեց աշակերտութիւնը` կառչելու ջանասիրութեան, պարկեշտութեան եւ մարդկային ու ազգային սկզբունքներուն, որպէսզի բարեյաջող տարեշրջան մը բոլորեն:

Continue reading