Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճ. Մայրերու Օր
Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճի տիկնանց յանձնախումբին կողմէ կազմակերպուած եւ տարիներու աւանդութիւն դարձած «Մայրերու օր»-ը, այս տարի տեղի ունեցաւ ուրբաթ, 24 մայիսին, վարժարանի «Սիրան Մանուկեան» սրահին մէջ: Տիկնանց յանձնախումբի հրաւէրին ընդառաջած մայրերն ու մեծ մայրերը եկած էին հաճելի եւ ընտանեկան մթնոլորտի մէջ ներկայ ըլլալու իրենց զաւակներու ներկայացնելիք գեղարուեստական յայտագիրին, ինչպէս նաեւ`
«Մայիս` Մայրերու Ամիս»
Ազգային «Յառաջ-Գ. Կիւլպէնկեան» մանկապարտէզի կազմակերպած Մայրերու օրուան տօնախմբութիւնը տեղի ունեցաւ շաբաթ, 18 մայիս 2019-ին, Այնճարի «Գ. Կիւլպէնկեան» սրահին մէջ: Քայլերգներու յոտնկայս ունկնդրութենէն ետք վարժարանի մանկապարտիզպանուհի Լենա Սթամպուլեանը ողջունեց ներկաները, որոնց շարքին` հոգեւոր հայրերը, քաղաքապետը, պատկան մարմիններու ու միութիւններու ներկայացուցիչները, Ազգային երեսփոխանը, ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութիւնը, վարժարանի տնօրէնութիւնն ու խնամակալութիւնը, օրուան պատգամախօսը,
«Մկրտարանը Մեր Եկեղեցւոյ Կեանքին Մէջ Կարեւորագոյն Տեղը Եւ Դերը Ունի, Որովհետեւ Մենք Մկրտութեան Աւազանով Կը Դառնանք Քրիստոնեայ». Ըսաւ Անանիա Ծ. Վրդ. Գուճանեան
Կիրակի, 12 մայիս 2019-ին Ճիւնիի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ ս. պատարագ եւ կատարուեցաւ վերանորոգուած մկրտարանի բացումը: Պատարագը մատուցեց եկեղեցւոյ հովիւ Սարգիս քհնյ. Սարգիսեանը, հանդիսապետեց եւ հաւատացեալ ժողովուրդին իր պատգամը յղեց Լիբանանի հայոց թեմի քարոզիչ Անանիա ծ. վրդ. Գուճանեանը: Ան յայտնեց, որ Քրիստոս մեզմէ իւրաքանչիւրին կը յիշեցնէ, որ կեանքի մէջ
Քաղցկեղի Կանխարգիլման Դասախօսութիւններու Շարք Թիւ 3. Տոքթ. Համբիկ Քուրիէ Դասախօսեց «Միզամանի Քաղցկեղ» Նիւթը
Հովանաւորութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Նարեկ Արքեպիսկոպոսին, կազմակերպութեամբ Ազգային առաջնորդարանի ընկերային յանձնախումբին եւ ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնին, քաղցկեղի կանխարգիլման նիւթով դասախօսութիւններու շարքին երրորդը` «Միզամանի քաղցկեղ» խորագիրով դասախօսութիւնը տեղի ունեցաւ հինգշաբթի, 9 մայիսին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ: Դասախօսն էր քաղցկեղի մասնագէտ տոքթ.
Հայ Աշակերտ Հովանաւորելու Ծրագիրի Նուիրատուներու Գնահատանքի Հաւաք
Նախագահութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Նարեկ Արքեպիսկոպոսի, երեքշաբթի, 7 մայիս 2019-ին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Հայ աշակերտ հովանաւորելու ծրագիր»-ի չորս եւ չորսէ աւելի աշակերտ հովանաւորած նուիրատուներու յուշանուէրներու բաշխման հաւաք: «Հայ աշակերտ հովանաւորելու ծրագիր»-ի պատասխանատու Սարին Շէմէմեան իր բացման խօսքին մէջ նկատել
Ռմէյլի Ս. Յարութիւն Եկեղեցւոյ Անուանակոչութեան Տօնին` «Մեր Ամբողջ Պատմութիւնը Եւ Մշակոյթը Քրիստոսով Օծուած Է Եւ Քրիստոսի Ներկայութեամբ Կը Շարունակէ Ներշնչել Մեզ, Որպէսզի Շարունակենք Մեր Պահանջատիրական Արդար Պայքարը», Շեշտեց Նարեկ Արքեպիսկոպոս
Ռմէյլի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնին առիթով, կիրակի, 5 մայիս 2019-ին առաւօտեան ժամը 9:30-ին Լիբանանի հայոց առաջնորդ Գերշ. Տ. Նարեկ Արքեպիսկոպոս ժամանեց եկեղեցւոյ կից գտնուող փողոցը, ուր արժանացաւ ժողովրդային ընդունելութեան, ապա առաջնորդութեամբ ՀՄՄ-ի շեփորախումբին, եկեղեցւոյ ընտանիքին եւ ժողովուրդին, թափօրը ուղղուեցաւ դէպի Ս. Յարութիւն եկեղեցի, ուր Առաջնորդը մատուցեց ս. պատարագ: Պատարագի
Նարեկ Արքեպիսկոպոս Կ՛ընդունի Գեղանկարիչ Գրիգոր Ակոբեանը
Հինգշաբթի առաւօտուն, 2 մայիս 2019-ին, Ազգային առաջնորդարանին մէջ գեղանկարիչ Գրիգոր Ակոբեանը շնորհաւորական այցելութիւն մը տուաւ Լիբանանի հայոց առաջնորդ Գերշ. Տ. Նարեկ Արքեպիսկոպոսին եւ այս առթիւ սրբազան հօր նուիրեց «Յիսուս եւ տասներկու առաքեալները» գեղանկարը: Գրիգոր Ակոբեանը կը բնակի Մոնրէալի եւ Պէյրութի մէջ: Յառաջիկայ շաբաթ, Սրբազան Հօր հովանաւորութեամբ, ան ցուցահանդէս մը պիտի
Ճիւնիի Ս. Յարութիւն Եկեղեցւոյ Անուանակոչութեան Տօնին. «Պէտք Է Ապրինք Մեր Պատմութեան Կշռոյթով Եւ Պատգամով» Շեշտեց Նարեկ Արքեպիսկոպոս
Ճիւնիի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնին առիթով, կիրակի, 28 ապրիլ 2019-ին առաւօտեան ժամը 9:30-ին Լիբանանի հայոց առաջնորդ Գերշ. Տ. Նարեկ Արքեպիսկոպոս Ճիւնիի ՀՄԸՄ-ի ակումբին կից արժանացաւ ժողովրդային ընդունելութեան, ապա, առաջնորդութեամբ ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին եւ սկաուտներուն, եկեղեցւոյ ընտանիքին եւ ժողովուրդին թափօրը ուղղուեցաւ դէպի Ս. Յարութիւն եկեղեցի, ուր մատուցուեցաւ Ս. պատարագ` հանդիսապետութեամբ սրբազան
Օրհնութեան Եւ Գնահատանքի Պատգամ. Հայոց Ցեղասպանութեան 104-ամեակէն 105-ամեակ` Խիտ Շարքերով Պիտի Շարունակենք Քալել…
Սիրելի՛ պահանջատէր հայորդիներ, որ ի Լիբանան, Հայոց ցեղասպանութեան 104-ամեակը այսօր արդէն պատմութեան կը պատկանի, սակայն 23 եւ 24 ապրիլ 2019 թուականները լիբանանահայութեան պատմութեան մէջ յիշատակելի պիտի մնան` մեր երիտասարդութեան ու համայն ժողովուրդին մասնակցութեամբ ապրիլեան մեր սուրբ նահատակներուն հետ մեր հայավայել սրբազան ժամադրութեան յարգումով: Երիտասարդական հաւաքը, միջեկեղեցական ժամերգութիւնը, Ս. պատարագը, ժողովրդային
Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճ. Ցեղասպանութեան 104-ամեակի Ոգեկոչում
23 ապրիլը սովորական օր չեղաւ Ազգ. Ե. Մանուկեան քոլեճի աշակերտներուն համար: Արդարեւ, Զատկուան արձակուրդը ընդհատող ու դպրոց վերադարձող աշակերտները կը գիտակցէին, որ պարտաւորութիւն ունէին ոգեկոչելու 1,5 միլիոն նահատակներուն յիշատակը եւ յարգանքի տուրք տալու անոնց: Օրը սկսաւ միջնակարգի եւ երկրորդականի աշակերտներուն կողմէ պատրաստուած ձեռնարկով: Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Ժ. դասարանի աշակերտուհի