Առաջնորդական Պատգամ Ս. Յարութեան Տօնին Առթիւ
«Բայց այժմ Քրիստոս իր մարդեղութեամբն ու մահուամբը ձեզ հաշտեցուց Աստուծոյ հետ, որպէսզի դուք անոր ներկայանաք մաքուր, անբիծ եւ անարատ» (Կղ 1.22) Սիրելի՛ հայորդիներ, որ ի Լիբանան, Մեծ պահքի ապաշխարութեան եւ ինքնասրբագրման քառասնօրեայ շրջանէն եւ Աւագ շաբթուան սուրբ հանգրուաններէն անցնելով` ահա հասած ենք Ս. Զատիկի հրաշափառ տօնախմբութեան: Փա՜ռք կը վերառաքենք առ
«Աշխարհի Վրայ Չկայ Որեւէ Թաղում, Որ Տխրութիւն Չպատճառէ, Բացի Քրիստոսի Թաղումէն, Որովհետեւ Ան Յաւիտենական Պարգեւատուն Եւ Կենդանատուն Է Բոլորիս Համար», Ըսաւ Նարեկ Արքեպիսկոպոս
Աւագ ուրբաթ, 19 ապրիլ 2019-ին, կէսօրէ ետք ժամը 5:00-ին, Յիսուս Քրիստոսի չարչարանաց, խաչելութեան եւ թաղման յիշատակին սրբազան արարողութիւն կատարուեցաւ Նոր Մարաշի Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ: Եկեղեցական արարողութեան հանդիսապետեց եւ հաւատացեալ ժողովուրդին իր պատգամը փոխանցեց Լիբանանի հայոց առաջնորդ Գերշ. Տ. Նարեկ Արքեպիսկոպոս: Սրբազանը իր քարոզին մէջ յայտնեց, որ Աւագ շաբթուան
«Ոտնլուան Մաքրութեան, Խոնարհութեան Եւ Մանաւանդ Սիրոյ Արարողութիւնն Է» Հաստատեց Նարեկ Սրբազան
Նախագահութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Նարեկ Արքեպիսկոպոսի, հինգշաբթի 18 ապրիլ 2019-ին, կէսօրէ ետք ժամը 4:30-ին Նոր Սիսի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Ոտնլուայի հանդիսաւոր արարողութիւն: Ոտնլուայի արարողութիւնը կատարեց եւ օրուան պատգամը ուղղեց Առաջնորդ Սրբազանը: Ան նկատել տուաւ, որ Աւագ հինգշաբթին Աւագ շաբթուան եկեղեցականօրէն ամէնէն լեցուն ու ամէնէն
«Տասն Կուսանաց»-ի Ժամերգութիւն` Սրբոց Վարդանանց Եկեղեցւոյ Մէջ
Հանդիսապետութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Նարեկ Արքեպիսկոպոսի, երէկ` Աւագ երեքշաբթի, 16 ապրիլ 2019-ին, երեկոյեան ժամը 6:30-ին, Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ «Տասն կուսանաց» ժամերգութիւն: Աւարտին Սրբազան Հայրը հաւատացեալ ժողովուրդին ուղղեց իր պատգամը: «Արթուն մնացէ՛ք, որովհետեւ չէք գիտեր Մարդու որդիին գալուն ո՛չ օրը եւ ո՛չ ալ ժամը»
Նարեկ Արքեպիսկոպոս Կը Կատարէ Վերաբացումը Վերանորոգուած Եւ Բարեզարդուած «Գրատուն Նարեկացի»-ի
Շաբաթ, 13 ապրիլ 2019-ին, կէսօրէ ետք ժամը 1:00-ին, տեղի ունեցաւ վերանորոգուած եւ բարեզարդուած «Գրատուն Նարեկացի»-ի վերաբացման պաշտօնական հանդիսութիւնը` ձեռամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Նարեկ Արքեպիսկոպոսի եւ ներկայութեամբ Լիբանանի թեմի քարոզիչ Անանիա ծ. վրդ. Գուճանեանի, քահանայ հայրերու, Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեանի, Ազգային վարչութեան անդամներու, Ազգային առաջնորդարանի խորհուրդներու եւ
Մասնակցութեամբ «Կարկաչ» Պատանեկան Երգչախումբին. Համազգայինի «Այգ» Երիտասարդական Երգչախումբի Հոգեւոր Համերգ
Հովանաւորութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Նարեկ Արքեպիսկոպոսի, նախագահութեամբ նախկին նախարար Արթիւր Նազարեանի, կազմակերպութեամբ Ազգային առաջնորդարանին, շաբաթ, 13 ապրիլ 2019-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ հոգեւոր համերգ` կատարողութեամբ Համազգայինի «Այգ» երիտասարդական երգչախումբին` մասնակցութեամբ «Կարկաչ» պատանեկան երգչախումբին, գեղարուեստական ղեկավարութեամբ եւ խմբավարութեամբ Զաքար Քէշիշեանի, դաշնակի ընկերակցութեամբ
«Հայ Մամուլի Տարի». Հսկումի Ժամերգութիւն Եւ Հոգեհանգստեան Պաշտօն` Լիբանանահայ Մամուլի Ննջեցեալ Մշակներու Հոգիներուն Համար
Նախագահութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Նարեկ Արքեպիսկոպոսի, երէկ` ուրբաթ, 12 ապրիլի երեկոյեան ժամը 6:30-ին, Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Հսկումի ժամերգութիւն, որուն աւարտին կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն` լիբանանահայ մամուլի ննջեցեալ մշակներու հոգիներուն համար: «Լոյսի զաւակներու վայել կեանք ապրեցէք, որովհետեւ լոյսի պտուղներն են բարութիւնը, արդարութիւնը եւ ճշմարտութիւնը», ըսաւ Սրբազան
Քաղցկեղի Կանխարգիլման Դասախօսութիւններու Շարք` Թիւ 2. Տոքթ. Համբիկ Քուրիէ Դասախօսեց «Թոքերու Քաղցկեղ» Նիւթը
Հովանաւորութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Նարեկ Արքեպիսկոպոսի, կազմակերպութեամբ Ազգային առաջնորդարանի ընկերային յանձնախումբին եւ ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնին, քաղցկեղի կանխարգիլման նիւթով դասախօսութիւններու շարքին երկրորդը` «Թոքերու քաղցկեղ» նիւթը տեղի ունեցաւ հինգշաբթի, 11 ապրիլին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ: Դասախօսն էր քաղցկեղի մասնագէտ տոքթ. Համբիկ
Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Նարեկ Արքեպիսկոպոսի Այցելութիւնը Ճեմարան
Հինգշաբթի, 11 ապրիլ 2019-ի առաւօտեան, Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Նարեկ Արքեպիսկոպոս այցելեց Ճեմարան, ուր դիմաւորուեցաւ տնօրէնութեան եւ խնամակալութեան անդամներու կողմէ: Առաջնորդ Սրբազանը նախ ծանօթացաւ «Ռաֆֆի եւ Անելկա Արսլանեան» մանկամսուրի անձնակազմին եւ աշխատելաձեւին, ապա շրջագայեցաւ կառոյցին զանազան բաժինները: Այնուհետեւ դպրոցի մայր շէնքին մէջ տնօրէնութեան հետ հանդիպումին ընթացքին արծարծուեցան Ճեմարանի
Յովհաննէս Թումանեանի Եւ Կոմիտաս Վարդապետի Ծննդեան 150-ամեակի Նշում
Կիրակի, 7 ապրիլ 2019-ին, երեկոյեան ժամը 8:30-ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ եզրափակուեցաւ Սօս Սարգսեանի անուան Համազգային պետական թատրոնին լիբանանեան ներկայացումներու գեղարուեստական ծրագիրը` Յովհաննէս Թումանեանի եւ Կոմիտաս վարդապետի ծննդեան 150-ամեակին նուիրուած ձեռնարկով: Անիկա կը վայելէր Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Նարեկ Արքեպիսկոպոսին նախագահութիւնը եւ իրականացաւ Լիբանանի Հայոց Ազգային առաջնորդարանին