Գաղութային Ամանորի Առիթով Ս. Սարգիս Եկեղեցւոյ Մէջ Կարիքաւորներու Նուէրներու Բաշխում
9-րդ տարին ըլլալով, «Ձեռք-ձեռքի» խումբին նախաձեռնութեամբ, Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ «Աթայեան եղբարք» սրահին մէջ, հինգշաբթի, 27 դեկտեմբեր 2018-ին Ամանորի առիթով տեղի ունեցաւ կարիքաւորներու նուէրներու բաշխում: 78 սնտուկներու մէջ տեղադրուած էին սննդեղէն, ինչպէս նաեւ անհատներուն տրուեցան խորհրդանշական նիւթական գումարներ: Նուէրներու բաշխումը կատարեցին Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ հովիւ Յակոբ քհնյ. Պզտիկեան եւ «Ձեռք-ձեռքի» խումբի
Նոր Տարուան Աղօթք
Սիրելի՛ հայորդիներ, Կը յորդորենք ձեզ, որ 31 դեկտեմբեր 2018-ի կէս գիշերին, երբ 1 յունուար 2019-ով սկսող Նոր տարին պիտի դիմաւորէք, ձեր խրախճանքին կարճ դադար մը տաք եւ հաւաքաբար այս աղօթքով Աստուծոյ գոհութիւն յայտնէք անցեալ տարուան համար ու նոր ակնկալիքներով բացուիք գալիք տարուան. Օրհնեալ Տէր մեր Յիսուս Քրիստոս: Ամէն: Հայր մեր,
Ռաուտայի Ս. Ներսէս Շնորհալի Մատրան Մէջ. Սեւակ Քհնյ. Վասիլեան Աւագութեան Աստիճան Ստացաւ
Նախագահութեամբ Լիբանանի հայոց առաջնորդ Գերշ. Տ. Նարեկ Արքեպիսկոպոսին, կիրակի, 30 դեկտեմբեր 2018-ին, Ռաուտայի Ս. Ներսէս Շնորհալի մատրան մէջ Ս. պատարագ մատուցուեցաւ: ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին նուագակցութեամբ եւ ՀՄԸՄ Ռաուտայի սկաուտներուն ընկերակցութեամբ, ՀՅԴ «Շուշի» ակումբի կողքին, տեղի ունեցաւ ժողովրդային ընդունելութիւն Սրբազան Հօր` ներկայութեամբ շրջանի մարմիններուն, թաղականութեան, տիկնանց յանձնախումբին եւ ժողովրդային բազմութեան: Ս.
Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Նարեկ Արքեպիսկոպոս «Շաղզոյեան» Կեդրոն Այցելեց
Չորեքշաբթի, 26 դեկտեմբերի կէսօրուան ժամը 12:00-ին, Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Նարեկ Արքեպիսկոպոս այցելեց «Շաղզոյեան» կեդրոնին մէջ գործող տարբեր կառոյցներ` Համազգայինի գրատարած եւ ցուցասրահ, «Ազդակ»-ի խմբագրատուն, «Վանայ ձայն» ձայնասփիւռի կայան, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ ՀՅԴ Բիւրոյի գրասենեակներ, իսկ աւարտին հանդիպում ունեցաւ ՀՅԴ Բիւրոյի եւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի
Սրբոց Քառասնից Մանկանց Եկեղեցւոյ Մէջ. Ս. Ստեփանոս Նախասարկաւագի Տօնակատարութիւն
Քրիստոնէութիւնը լոկ սիրոյ քարոզութեան կրօն մը չեղաւ: Ան լեցուն է նաեւ նահատակութեան կենդանի օրինակներով, որոնք առաւել եւս շեշտեցին հաւատքի կեանքը ժողովուրդին մէջ: Սուրբերն ու նահատակներն են, որոնք քրիստոնէական եկեղեցին պահած են զօրեղ ու դարձած են վահան թշնամիներուն դէմ: Ս. Ստեփանոս Քրիստոսի եօթանասուներկու աշակերտներէն էր. ան վեց աշակերտներու հետ եկեղեցւոյ սպասաւորութեան`
Ամանորեայ Մթնոլորտ Ինչպէս Ամէն Տեղ, Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճին Մէջ Եւս Ամանորի Եւ Ս. Ծնունդի Ուրախ Ու Խանդավառ Մթնոլորտ Տիրեց
17 դեկտեմբերին, որմէ ետք աշակերտներ եւ ուսուցիչներ մենեցան իրենց տուները` դիմաւորելու Նոր տարին եւ վայելելու արձակուրդը: Ամանորեան շաբաթը բացուեցաւ տիկնանց յանձնախումբին կազմակերպած Կաղանդի աւանդական տօնավաճառով: Երկուշաբթի, 17 դեկտեմբերին վարժարանի «Սիրան Մանուկեան» սրահը հագած էր իր տօնական զգեստը. մուտքին հսկայ մսուր մը, իսկ ներսը` ամէն կողմ գունագեղ սեղաններ, որոնց վրայ տեղադրուած
Զահլէի Մէջ Վերսկսաւ Գործել Կիրակնօրեայ Դպրոցը
Լիբանանի թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Նարեկ Արքեպիսկոպոսի գլխաւորութեամբ, Լիբանանի հայոց թեմի Ազգային իշխանութիւնը վերջին շաբաթներուն յատուկ ուշադրութեան առարկայ դարձուցած է հեռակայ շրջանները` հետեւողական կապեր հաստատելով ծուխերուն հետ եւ սերտելով աշխատանքային նոր կարելիութիւնները: Այս ճիգը կը նպատակադրէ երիտասարդ ուժերու ներգրաւում, աշխատանքային նոր ոլորտներու ստեղծում, հեռաւոր շրջաններու ծխայիններու համախմբում, ինչպէս նաեւ հոգեւոր,
Նոր Սիսի Ս. Սարգիս Եկեղեցւոյ Հովիւ Յակոբ Քհնյ. Պզտիկեանին Ծաղկեայ Փիլոնի Շնորհում Եւ «Աթայեան Եղբարք» Նորակառոյց Սրահի Բացու
Նախագահութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Նարեկ Արքեպիսկոպոսին, կիրակի, 23 դեկտեմբեր 2018-ին, Նոր Սիսի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Ս. պատարագ: Պատարագի ընթացքին Սրբազան Հայրը խօսք առնելով յայտնեց, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոս ընդառաջելով իր խնդրանքին ծաղկեայ փիլոն կրելու իշխանութիւն շնորհեց եկեղեցւոյ երկար տարիներու հովիւ Յակոբ քհնյ.
Մասնակցութեամբ Ազգային Վարժարաններու Աշակերտներուն. Համալսարանական Արեւելումի Հանդիպում
Կազմակերպութեամբ Ազգային իշխանութեան Ուսումնական խորհուրդին, չորեքշաբթի, 19 դեկտեմբեր 2018-ին, առաւօտեան ժամը 9:30-11:00 Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ համալսարանական արեւելումի հանդիպում` մասնակցութեամբ Պէյրութի ամերիկեան, Լիբանանի – ամերիկեան, Հայկազեան, Սեն Ժոզեֆ, Ս. Հոգի, «Էն. Տի. Եու.», Պալամանտ, Պէյրութի արաբական, Անտոնեան, Լա Սաժես, Միջին Արեւելքի, Լիբանանի Ֆրանսական համալսարաններուն եւ Սպայից
Անուանակոչութիւն Էշրեֆիէի Ս. Յակոբ Եկեղեցւոյ Արարատ Լեռէն Մասունք Մը Նուիրուեցաւ Եկեղեցւոյ
Անցնող շաբաթավերջին հանդիսաւոր կերպով նշուեցաւ Էշրեֆիէի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ անուանակոչութիւնը: Շաբաթ, 15 դեկտեմբերին կատարուեցաւ ոչխարներու զենում, ապա եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ տեղի ունեցան մատաղի պատրաստութիւն եւ եկեղեցական արարողութիւններ, իսկ կիրակի, 16 դեկտեմբերին, եկեղեցւոյ կից պողոտային մէջ տեղի ունեցաւ ժողովրդային ընդունելութիւն ի պատիւ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Նարեկ Արքեպիսկոպոսին: Այնուհետեւ