Սրբոց Վարդանանց Եւ Ղեւոնդեանց Տօներուն Առիթով. Հանդիսաւոր Նախատօնակի Արարողութիւն` Սրբոց Վարդանանց Եկեղեցւոյ Մէջ
Չորեքշաբթի, 7 փետրուար 2018-ին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ երեկոյեան ժամերգութիւն, ապա նախատօնակի արարողութիւն` Սրբոց Վարդանանց եւ Ղեւոնդեանց տօներուն առիթով: Արարողութեան նախագահեց Լիբանանի հայոց թեմի բարեջան առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Եպս. Փանոսեան: Արարողութեան ներկայ գտնուեցաւ Լիբանանի հայոց թեմի քահանայից դասը: Նախատօնակի աւարտին յաւուր պատշաճի պատգամեց Լիբանանի
Ուսուցիչներու Աշխատավարձերու Յաւելումներու Նոր Օրէնքի Քննարկումի Բ. Հաւաք
Չորեքշաբթի, 24 յունուար 2018-ին, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ լիբանանահայ վարժարաններու տնօրէններու եւ կրթական պատասխանատուներու երկրորդ ներկայացուցչական հաւաքը, որուն նպատակն էր միասնաբար քննարկել ուսուցիչներու աշխատավարձերուն գծով պետութեան կողմէ սահմանուած յաւելումներու նոր օրինագիծը եւ իրազեկ դառնալ այն բոլոր ճիգերուն, որոնք վերոյիշեալ նպատակով ի գործ կը դրուին տեղական սեփական
Պէյրութի Նահանգապետ Զիատ Շպիպ Այցելեց Ազգային Առաջնորդարան
Հինգշաբթի, 18 յունուար 2018-ին, Ազգային առաջնորդարանին մէջ Լիբանանի հայոց թեմի բարեջան առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Եպս. Փանոսեան ընդունեց Պէյրութի նահանգապետ Զիատ Շպիպը: Հանդիպման ներկայ գտնուեցան Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեան, Պէյրութի քաղաքապետական խորհուրդի անդամներ Յակոբ Թերզեան եւ Արամ Մալեան, ինչպէս նաեւ Ազգային վարչութեան ատենապետ Յակոբ Հաւաթեան: Հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ հաւաքաբար
Հայաշէնի Ս. Յովհաննու Կարապետ Եկեղեցւոյ Անուանակոչութեան Տօնի Նշում
Անցնող շաբաթավերջին նշուեցաւ Հայաշէնի Ս. Յովհաննու Կարապետ եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնը: Առ այդ, ուրբաթ, 12 յունուար 2018-ին, կէսօրէ ետք ժամը 2:00-ին տեղի ունեցաւ ոչխարներու զենում: Շաբաթ, 13 յունուարի առաւօտեան կանուխ ժամերէն սկսաւ մատաղի պատրաստութիւնը, որ տեւեց մինչեւ երեկոյեան ուշ ժամերը: Մատաղի պատրաստութեան զուգահեռ տեղի ունեցաւ երեկոյեան ժամերգութիւն: Կիրակի, 14 յունուարի առաւօտեան
Ս. Ծննդեան Եւ Աստուածայայտնութեան Տօնի Պատարագը` Ս. Նշան Մայր Եկեղեցւոյ Մէջ
Ս. Ծննդեան տօնին առիթով շաբաթ, 6 յունուար 2018-ին, Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ հանդիսաւոր Ս. եւ անմահ պատարագ: Պատարագը մատուցեց եւ հաւատացեալ ժողովուրդին իր պատգամը ուղղեց Լիբանանի հայոց թեմի բարեջան առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ եպս. Փանոսեան: Ան ըսաւ, որ Աստուածայայտնութեան տօնին առիթով պէտք է միասնաբար խորհինք, թէ ի՛նչ բանի
Գնահատանք` Մարալ Անթոյեանի Երկարատեւ Վաստակին
Ուրբաթ, 29 դեկտեմբեր 2017-ին, կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Ուսումնական խորհուրդի գործավար Մարալ Անթոյեանի գնահատանքի ձեռնարկը` ներկայութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի բարեջան առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ եպս. Փանոսեանի, Ազգային երեսփոխաններու, Ազգային վարչութեան անդամներու, Ուսումնական խորհուրդներու նախկին եւ ներկայ անդամներու, կրթական պատասխանատուներու, տնօրէններու, ուսուցիչներու եւ
Ազգային Միացեալ Վարժարանի Ամանորի Եւ Ս. Ծննդեան Ուրախ Առօրեայէն
Անցնող շաբթուան ընթացքին Ազգային Միացեալ վարժարանը ընկերային, կրթական մարզերուն մէջ ունեցաւ բեղուն գործունէութիւն: Չորեքշաբթի, 20 դեկտեմբեր 2017-ին վարժարանի ծնողական յանձնախումբը կազմակերպեց Նոր տարուան հանդէս-հիւրասիրութիւն մը, որուն ներկայ գտնուեցան վարժարանի մանկապարտէզի եւ նախակրթարանի ծնողները: Նոր տարուան առիթով կազմակերպուած ձեռնարկը յատուկ էր իր տեսակով, որովհետեւ մանկապարտէզի եւ նախակրթարանի աշակերտները ներկայացուցին տօնական գեղարուեստական
Ժունիէի Ս. Յարութիւն Եկեղեցի. «Հրաչ Եւ Ճինա Պոյաճեան» Դահլիճի Բացման Հանդիսութիւն
Երկուշաբթի, 25 դեկտեմբեր 2017-ի երեկոյեան, հովանաւորութեամբ եւ նախագահութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի բարեջան առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Եպս. Փանոսեանի, կազմակերպութեամբ Ժունիէի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ թաղական խորհուրդին, տեղի ունեցաւ նորակառոյց «Հրաչ եւ Ճինա Պոյաճեան» դահլիճի բացման հանդիսութիւնը: Նորակառոյց դահլիճին բացումը կատարեցին Առաջնորդ Սրբազան Հայրը եւ բարերար տէր եւ տիկին Հրաչ եւ Ճինա
Նոր Սիսի Ս. Սարգիս Եկեղեցւոյ Մէջ. Ս. Ստեփանոս Նախասարկաւագի Տօնակատարութիւն
Քրիստոնէական եկեղեցւոյ առաջին սարկաւագ եւ նախավկայ մարտիրոս Ս. Ստեփանոսի տօնը հանդիսաւորապէս նշուեցաւ երկուշաբթի, 25 դեկտեմբեր 2017-ի առաւօտուն, Նոր Սիսի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ: Ս. պատարագը մատուցեց Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Դանիէլ քհնյ. Մանճիկեան: Արարողութեան նախագահեց Լիբանանի հայոց թեմի բարեջան առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Եպս. Փանոսեան: Ս. պատարագին ներկայ գտնուեցան
Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճի Աշակերտներուն Այցելութիւնը Հայ Ազգային Բուժարան-Ազունիէ
Հայ ազգային բուժարանի խնամակալութիւնն ու տնօրէնութիւնը խորապէս շնորհակալութիւն կը յայտնեն Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճի աշակերտներուն եւ բոլոր անոնց, որոնք անձամբ, ուրբաթ, 22 դեկտեմբեր 2017-ին այցելեցին բուժարանի ծերունիներուն, հիւանդներուն, պատսպարեալներուն եւ պաշտօնեաներուն` Կաղանդի ճոխ մթնոլորտ ստեղծելով եւ նուէրներու բաշխումով: