Կազմակերպութեամբ Լիբանանի Հայոց Թեմի Ազգային Առաջնորդարանին. Յիշատակի Հանդիսութիւն` Նուիրուած Խրիմեան Հայրիկի Կաթողիկոսական Ընտրութեան 125-ամեակին Եւ Վախճանման 110-ամեակին
Կազմակերպութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի Ազգային առաջնորդարանին, չորեքշաբթի, 3 մայիս 2017-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ յիշատակի հանդիսութիւն` նուիրուած Խրիմեան Հայրիկի կաթողիկոս ընտրութեան 125-ամեակին եւ անոր վախճանման 110-ամեակին առիթով: Լիբանանեան եւ հայկական քայլերգներու յոտնկայս ունկնդրութենէն ետք ցուցադրուեցաւ կարճատեւ տեսերիզ մը, որուն ընդմէջէն ներկայացուեցան ժողովրդային եւ
Հանդիպում-Զրոյց Ազգային Վարժարաններու Աւարտական Դասարաններու Աշակերտներուն Եւ Առաջնորդ Սրբազանին Միջեւ
Երեքշաբթի, 2 մայիս 2017-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-էն 1:30, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպում-զրոյց Լիբանանի հայոց թեմի բարեջան առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Եպս. Փանոսեանի եւ Ազգային Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլեճի, Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճի եւ «Յառաջ-Գ. Կիւլպէնկեան» վարժարանի աւարտական դասարաններու աշակերտներուն միջեւ: Հաւաքին ներկայ էին
Լիբանանահայ Վարժարաններու Աշակերտական Ապրիլեան Հաւաք` Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ
Կազմակերպութեամբ Ազգային իշխանութեան Ուսումնական խորհուրդին, երեքշաբթի, 25 ապրիլին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Հայոց ցեղասպանութեան 102-ամեակին առիթով Անթիլիասի մայրավանքի Ս. Ստեփանոս մատրան դիմաց տեղի ունեցաւ աշակերտական հաւաք` մասնակցութեամբ լիբանանահայ վարժարաններու աշակերտութեան, տնօրէններուն եւ ուսուցչակազմերուն: Ներկայ էին Ազգային Քառասնից Մանկանց, Ռուբինեան, Աքսոր Գասարճեան, Աբգարեան, Սուրէն Խանամիրեան, Եղիշէ Մանուկեան, Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան վարժարաններու,
Ամալ Շարժումէն Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդին
Ամալ շարժումի Լեռնալիբանանի ներկայացուցիչները, ինչպէս նաեւ շարժումի Պուրճ Համուտի եւ շրջակայ շրջաններու պատասխանատուները` գլխաւորութեամբ շէյխ Ապպաս Հասանի եւ Իմատ Ղամլուշի, չորեքշաբթի, 19 ապրիլ 2017-ին, յետմիջօրէի ժամը 3:00-ին, այցելեցին Ազգային առաջնորդարան, ուր հանդիպում մը ունեցան Լիբանանի հայոց թեմի բարեջան առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Եպս. Փանոսեանի հետ: Հանդիպումին նաեւ ներկայ էր Պուրճ
Ս. Յարութեան Տօնի Նշում` Ս. Նշան Մայր Եկեղեցւոյ Մէջ
Ս. Յարութեան տօնին առիթով հանդիսաւոր սուրբ եւ անմահ պատարագ մատուցուեցաւ Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ մէջ, կիրակի, 16 ապրիլ 2017-ին: Պատարագեց եւ հայրական պատգամը յղեց Լիբանանի հայոց թեմի բարեջան առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Եպս. Փանոսեան: Առաջնորդ Սրբազանը իր պատգամը սկսաւ Յիսուսի գերեզմանին շուրջ տեղի ունեցած դրուագով: Ան ըսաւ, թէ հռոմէացի զինուորներ
Քրիստոսի Բազմամարդ Թաղման Թափօր` Պուրճ Համուտի Հայահոծ Թաղամասերուն Մէջ
Աւագ ուրբաթ, 14 ապրիլ 2017-ին, կէսօրէ ետք ժամը 5:00-ին, Յիսուս Քրիստոսի չարչարանաց, խաչելութեան եւ թաղման յիշատակին սրբազան արարողութիւն կատարուեցաւ Նոր Մարաշի Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ: Եկեղեցական արարողութեան հանդիսապետեց եւ հաւատացեալ ժողովուրդին իր պատգամը ուղղեց Լիբանանի հայոց թեմի բարեջան առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Եպս. Փանոսեան: Սրբազանը իր քարոզին մէջ յայտնեց,
Աւագ Հինգշաբթի Օրուան Արարողութիւն
Հինգշաբթի, 13 ապրիլ 2017-ին, կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին, Նոր Ատանայի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Ոտնլուայի հանդիսաւոր արարողութիւն: Արդարեւ, Քրիստոսի օրինակին հետեւելով, Ոտնլուայի արարողութիւնը կատարեց Լիբանանի հայոց թեմի բարեջան առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Եպս. Փանոսեան, որ լուաց 12 դպիրներու ոտքերը: Ժողովուրդին ուղղուած իր քարոզին մէջ Սրբազանը յայտնեց, որ Քրիստոս
Ազգային Միացեալ Վարժարանին Մէջ Ս. Զատկուան Տօնակատարութիւն
Կազմակերպութեամբ Ազգային միացեալ վարժարանի տնօրէնութեան, չորեքշաբթի, 12 ապրիլ 2017-ին, Ազգային միացեալ վարժարանին մէջ տեղի ունեցաւ միաւորուող ազգային վարժարաններու մանկապարտէզի աշակերտներու Ս. Զատկուան տօնակատարութիւնը: Այս առիթով ներկայ շուրջ 150 մանուկները վարժարանի փակ դաշտին մէջ «Բարեւ փոքրիկներ» խումբին ընկերակցութեամբ խաղերու ընդմէջէն անցուցին ուրախ եւ հաճելի պահեր, ապա վարժարանի մեծ բակին մէջ տեղադրուած
Ազգային Միացեալ Վարժարանին Մէջ Ս. Զատկուան Տօնակատարութիւն
Կազմակերպութեամբ Ազգային միացեալ վարժարանի տնօրէնութեան, չորեքշաբթի, 12 ապրիլ 2017-ին, Ազգային միացեալ վարժարանին մէջ տեղի ունեցաւ միաւորուող ազգային վարժարաններու մանկապարտէզի աշակերտներու Ս. Զատկուան տօնակատարութիւնը: Այս առիթով ներկայ շուրջ 150 մանուկները վարժարանի փակ դաշտին մէջ «Բարեւ փոքրիկներ» խումբին ընկերակցութեամբ խաղերու ընդմէջէն անցուցին ուրախ եւ հաճելի պահեր, ապա վարժարանի մեծ բակին մէջ տեղադրուած
Այցելութիւն` Լիբանանահայ Երեք Համայնքապետերուն
10 ապրիլին հայ քաղաքական կուսակցութիւնները ներկայացնող պատուիրակութիւն մը` բաղկացած ՍԴՀԿ-ի, ՌԱԿ-ի եւ ՀՅԴ-ի ներկայացուցիչներէ, այցելեց ազգային առաջնորդարան, հայ կաթողիկէ պատրիարքարան եւ Հայկազեան համալսարան` տեսակցութիւններ ունենալու լիբանանահայ երեք համայնքապետերուն հետ: Այցելութիւններուն ընթացքին պատուիրակութիւնը Լիբանանի Հայոց թեմի բարեջան առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Եպս. Փանոսեանին, Հայ կաթողիկէ համայնքի Պէյրութի պատրիարքական թեմի օգնական եպիսկոպոս