Հանդիպում` Լիբանանի Հայոց Թեմի Եկեղեցիներու Թաղականութիւններուն Հետ
Լիբանանի հայոց թեմի բարեջան առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Եպս. Փանոսեանի հրաւէրով եւ ներկայութեամբ Ազգային վարչութեան ու Կրօնական ժողովի անդամներուն, հինգշաբթի 20 հոկտեմբեր 2016-ի երեկոյեան ժամը 7:30-ին, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան – Եռագոյն» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպում Լիբանանի թեմի եկեղեցիներու թաղականութիւններուն հետ: Սրբազան Հօր բացման աղօթքէն ետք Կրօնական ժողովի ատենապետ
Համալսարանական Վաղամեռիկ Փայլուն Ուսանող Սեպուհ Շահպազեանի Յիշատակին Հոգեհանգիստի Արարողութիւն October 18, 2016 7:34 AM 0
Նախագահութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի բարեջան առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Եպս. Փանոսեանի, կիրակի, 17 հոկտեմբեր 2016-ին, Ս. Նշան Մայր եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ համալսարանաւարտ վաղամեռիկ փայլուն ուսանող Սեպուհ Շահպազեանի մահուան ԺԵ. տարելիցին առիթով: Ս. պատարագի արարողութենէն ետք, քաղաքի Ազգային առաջնորդարանի դահլիճին մէջ հանգուցեալին ընտանիքին, հարազատներուն, Ազգային վարչութեան
Լիբանանի Թեմի Կիրակնօրեայ Դպրոցներ. Վերամուտի Առիթով Ս. Պատարագ Եւ Հոգեհանգիստ
Կիրակի, 16 հոկտեմբեր 2016-ին, Ժունիէի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Ս. Պատարագ` Լիբանանի թեմի կիրակնօրեայ վարժարաններու վերամուտին առիթով: Պատարագեց Լիբանանի թեմի կիրակնօրեայ դպրոցներու վարիչ պատասխանատու Սարգիս քհնյ. Սարգիսեան: Պատարագին ներկայ գտնուեցան Կիրակնօրեայ դպրոցներու վարիչ մարմինը, տեսուչներն ու ուսուցիչները, ինչպէս նաեւ ծառայած ննջեցեալներու ընտանիքները: Արարողութեան նախագահեց եւ քարոզեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ
Ազգային Միացեալ Վարժարանի Բարերարներու Եւ Բարեկամներու Ծանօթացման Հանդիպումները Կը Շարունակուին
Ուրբաթ, 14 հոկտեմբեր 2016-ին, երեկոյեան ժամը 5:30-ին, Ազգային միացեալ վարժարանին մէջ շարունակուեցան նոր կառոյցի ծանօթացման հանդիպումները, ներկայութեամբ` բարեկամներու եւ բարերարներու: Վարժարանի կառուցման աշխատանքներուն մասին տեսերիզի ցուցադրութենէն ետք, խօսք առաւ Լիբանանի հայոց թեմի Ազգային վարչութեան ատենապետ Յակոբ Հաւաթեան, որ նշեց, թէ նորահաս սերունդներու կազմաւորման մարտահրաւէրը այսօր էականն ու գլխաւորն է, եւ
Ազգային Միացեալ Վարժարանի Բարերարներու Եւ Բարեկամներու Ծանօթութեան Անդրանիկ Հաւաք
Երկուշաբթի, 10 հոկտեմբեր 2016-ին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Ազգային միացեալ վարժարանի յարկին մէջ տեղի ունեցաւ Ազգային միացեալ վարժարանի բարերարներու եւ բարեկամներու անդրանիկ հանդիպումը, որուն ներկայ էին Ազգային առաջնորդարանի բարեկամներ, բարերարներ, առաջնորդարանի ծրագիրներուն զօրավիգ կանգնող հայորդիներ: Հաւաքը սկսաւ վարժարանի կառուցման աշխատանքներու ամբողջ ընթացքը ներկայացնող տեսերիզի մը ցուցադրութեամբ: Լիբանանի հայոց թեմի Ազգային վարչութեան
Ազգային Երեսփոխանական Ժողովի 2016 Տարեշրջանի Երրորդ Նիստի Գումարում
Լիբանանի հայոց թեմի Ազգային երեսփոխանական ժողովի ընթացիկ շրջանի երրորդ նիստը տեղի ունեցաւ երէկ` երեքշաբթի, 27 սեպտեմբեր 2016-ի երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան – Եռագոյն» սրահին մէջ, նախագահութեամբ` Լիբանանի հայոց թեմի բարեջան առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Եպս. Փանոսեանի, ներկայութեամբ` Ազգային երեսփոխաններուն, Ազգային վարչութեան, Կրօնական ժողովի անդամներուն եւ Ազգային առաջնորդարանի
Վերամուտին Առիթով Շահէ Եպս. Փանոսեան Այցելեց Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Եւ Ազգային Լեւոն Եւ Սոֆիա Յակոբեան Վարժարանները
Լիբանանի հայոց թեմի Ազգային վարժարաններու վերամուտը սկսաւ հինգշաբթի, 22 սեպտեմբեր 2016-ին, ուրախ եւ խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ: Առաւօտեան բոլոր Ազգային վարժարաններու աշակերտները վերամուտի առիթով ստացան հաղորդութիւն: Աշակերտութեան բարի եւ արդիւնաբեր վերամուտ մաղթելու նպատակով, Լիբանանի հայոց թեմի բարեջան առաջնորդԳերշ. Տ. Շահէ Եպս. Փանոսեան այցելեց Ազգային Եղիշէ Մանուկեան եւ Ազգային Լ. եւ
«Գագիկ Ծառուկեան» Հիմնադրամը Կը Ստանձնէ Լիբանանահայ 13 Ուսանողներու Հայաստանի Մէջ Ուսման Ծախսերը
Այսու կը տեղեկացնենք, թէ տարի մը առաջ կատարուած խոստումին համաձայն, «Գագիկ Ծառուկեան» հիմնադրամը ստանձնած է լիբանանահայ 13 ուսանողներու Հայաստանի մէջ ուսման ծախսերը: Արդարեւ, լիբանանահայ վարժարաններէ աւելի քան երկու տասնեակ ուսանողներ անցնող ամիսներուն դիմեցին Ազգային առաջնորդարանի Հայաստանի մէջ ուսման կրթական ֆոնտի վարչութեան, որ դիմումնագիրներու ուսումնասիրութենէն եւ թեկնածուներու հետ հանդիպումներէն ետք,
Հաղորդագրութիւն. Լիբանանի Հայոց Թեմի Ազգային Վարչութիւնը Այցելեց Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին
Շաբաթ, 13 օգոստոս 2016-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Լիբանանի հայոց թեմի Ազգային վարչութիւնը` գլխաւորութեամբ թեմիս բարեջան առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Եպս. Փանոսեանի, այցելեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին վանքը եւ տեսակցութիւն ունեցաւ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին հետ: Վեհափառ Հայրապետը նախ եւ առաջ յաջողութիւն մաղթեց նորընտիր Ազգային վարչութեան` շեշտելով, որ
Ազգային Երեսփոխանական Ժողովի 2016 Տարեշրջանի Երկրորդ Նիստի Գումարում
Լիբանանի հայոց թեմի Ազգային երեսփոխանական ժողովի երկրորդ նիստը տեղի ունեցաւ ուրբաթ, 5 օգոստոս 2016-ի երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան – Եռագոյն» սրահին մէջ, ներկայութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի բարեջան առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Եպս. Փանոսեանի, Ազգային երեսփոխաններուն, Ազգային վարչութեան եւ Կրօնական ժողովի անդամներուն: Ազգային երեսփոխանական ժողովի ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեան