Առաջնորդարան Հայոց Լիբանանի

Այնճարի Հողը Նուիրական Է, Հետեւաբար Այս Սրբազան Ժառանգութիւնը Պէտք Է Պահենք, Յորդորեց Շահէ Արք. Փանոսեան

Մուսա Լերան հերոսամարտի 108-ամեակին եւ Մուսա Լեռ-Այնճարի հիմնադրութեան 84-ամեակին առիթով, հանդիսապետութեամբ Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեանի, կիրակի, 17 սեպտեմբերին Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ սուրբ եւ անմահ պատարագ:

Սրբազան Հայրը անդրադարձաւ 7-րդ դարուն տեղի ունեցած Քրիստոսի խաչափայտին ազատագրութեան պատմութեան, երբ Հերակլ կայսրը անձամբ կ՛առաջնորդէ դէպի Երուսաղէմ խաչի վերադարձին թափօրը եւ ի մխիթարութիւն քրիստոնեայ աշխարհին` ան նաեւ իր ձեռքերով խաչը կը բարձրացնէ եւ կը զետեղէ  Ս. Յարութեան տաճարին մէջ:

Սրբազանը նկատել տուաւ, որ եկեղեցւոյ կեանքին մէջ խաչի տօները քաջութեան ու զոհաբերութեան մտածումներուն առաջնորդող շքեղ առիթներ են, որոնց առիթով եկեղեցին մեզի կը յիշեցնէ, թէ ո՛վ որ կ՛ուզէ իր կեանքը տանիլ աւելի վսեմին, պէտք է անցնի խաչի ճամբաներէն: Ան բացատրեց, որ խաչ վերցնել կամ բարձրացնել` կը նշանակէ նախ հաւատալ Քրիստոսի Փրկիչ ըլլալու իրողութեան եւ զգալ, որ ան աշխարհ եկաւ կորսուած ոչխարը գտնելու առաքելութեամբ եւ  իր կեանքը զոհեց, որպէսզի փրկէ ու իր հայրական խնամքին վերադարձնէ զայն, նաեւ  կը նշանակէ աշխարհի մահաբեր ուժերուն դէմ հոգեկան ճիգով ու հաւատքով պաշտպանուիլ:

«Եկեղեցին մեզի կը յիշեցնէ, որ աշխարհէն ներս առանց ճիգի եւ պայքարի մենք, ի վերջոյ, աշնան տերեւներուն նման գետին կը թափինք եւ ցաք ու ցրիւ կ՛ըլլանք: Աշխարհէն ներս պէտք է պաշտպանուինք ոչ միայն զինու զօրութեամբ, այլեւ` հաւատքով, աստուածային սիրոյ զօրութեամբ, աւետարանական ճշմարտութեանց հանդէպ հաւատարմութեան արտայայտութեամբ, շրջապատին հանդէպ մեր ունեցած պատասխանատուութիւններուն խորունկ գիտակցութեամբ: Պէտք է հաւատանք, որ Աստուած իր սիրովը կը լուսաւորէ իր սիրելիներուն կեանքը եւ այդպիսով աշխարհի դժուարութիւններէն, դժբախտութիւններէն ու վիշտերէն միշտ կը յաջողի դուրս բերել յուսալի վիճակներ ու աշխարհներ», շեշտեց Սրբազան Հայրը` հաստատելով, որ Մուսա Լերան հերոսամարտը, կենդանի արտայայտութիւնն է այդ ճշմարտութեան: Արդարեւ, խաչը դրօշը եղած է հայրենի հողի պաշտպանութեան նուիրուած հայ կտրիճին, եւ իմացեալ մահը կամ նահատակութիւնը նոյնինքն խաչելութեան հարազատ մէկ օրինակն է, որ նախ արտայայտուեցաւ մեր Տիրոջ միջոցով: «Նահատակուիլ ազգի ու հայրենիքի սիրոյն համար` կը նշանակէ ազգն ու հայրենիքը սիրած ըլլալու գերագոյն վկայութիւնը տալ եւ այդպիսով նաեւ հռչակել, որ կեանքէն ներս կան նուիրական ու սուրբ արժէքներ, որոնք պէտք է պաշտպանուին հաւատքով,  հաւատարմութեամբ ու պատասխանատուութեան գերագոյն զգացումով», նշեց Շահէ Արք. Փանոսեան:

Շարունակելով իր խօսքը` Սրբազան Հայրը ըսաւ, որ Մուսա Լերան հերոսամարտը պարզ առիթ չէ, այլ` ազգային նշանակութիւն ունեցող իրագործում: Արդարեւ, Հայոց ցեղասպանութեան մեծ ողբերգութեան դիմաց, մեր պատմական անցեալին մէջ կան նաեւ մեր ինքնութեան ու մեր հայրենիքի պաշտպանութեան համար քանի մը լուսաւոր օրինակներ, որոնք այսօր ալ մեր կուրծքը հպարտութեամբ կը լեցնեն: Ան նկատել տուաւ, որ այս առիթը մեզի կը յիշեցնէ, որ աշխարհէն ներս ոչինչ աւելի թանկագին է, քան` հայրենի հողը եւ այդ հողէն ծնած ու հողին վրայ աճած նուիրական ու հարազատ արժէքները, որոնք կ՛առնչուին մեր ազգի հոգիին ու զօրութիւն կը շնորհեն մեզի: Սակայն անցեալին թափուած արիւնը չի նշանակեր, որ մենք այսուհետեւ ընելիք չունինք: Սրբազանը հաստատեց, որ աւելի քան դար մը քաղցր ապրումներով պահեցինք Մուսա Լերան հերոսներուն յիշատակը եւ անոր նայելով` մեր կեանքը զերծ պահեցինք մահուան տեսիլքէն, սակայն ներկայ կեանքի արտասովոր պայմաններուն մէջ սկսած ենք ոչ միայն կրճատել մեր հայեացքը, փոքրացնել մեր տենչերն ու երազները, այլ նաեւ սկսած ենք խուսափիլ  յաւելեալ ճիգէ ու զոհողութիւններէ:

Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդը շեշտեց, որ կեանքի մէջ կան հարստութիւններ, որոնք սակարկութեան եւ առուծախի նիւթ չեն կրնար ըլլալ, շեշտելով, որ Այնճարի հողն ալ նուիրական է, հետեւաբար մեր կրած բազում վէրքերուն ու նուաստութիւններուն դիմաց,  պէտք է խրատուինք եւ պատառ մը հաճոյքի համար սրբազան այս ժառանգութիւնը վաճառքի չհանենք:

«Մուսա Լերան 108-ամեակին ու Այնճարի հիմնադրութեան 84-րդ տարեդարձին առիթով կը յիշեցնենք, որ մեր նահատակներն ու մեր կորսնցուցած պապենական հողը արժէք են միայն այն ատեն, երբ մենք զանոնք կը պատուենք մեր սիրով ու մեր կեանքով: Ներկայ ընկերային անկումներուն եւ բարոյական շեղումներուն ու մեզ այլասերող բարքերուն դիմաց, պէտք է մեր կեանքէն ներս յայտնուին զարթօնքի եւ վերականգնումի շրջաններ», հաստատեց Շահէ Արք. Փանոսեան` հարց տալով, թէ կրնա՞նք մեր կեանքէն ներս խաչ բարձրացնել, այսինքն` քրիստոնէական եւ ազգային գիտակից կեցուածք պարզել եւ,  այդպիսով, մեր կեանքին եւ մեր ընելիքներուն համար ներշնչում գտնել: Եզրափակելով իր խօսքը` Սրբազանը յորդորեց ներկաները նախորդ սերունդներէն ժառանգած արժէքները եւ աւանդները խնամել մեր նուիրումով եւ զանոնք բարգաւաճեցնել մեր ճիգերով,  որովհետեւ այդ բոլորին պէտք ունի մեր ժողովուրդը վաղուան իր կեանքին համար:

Պատարագի աւարտին Մուսա Լերան յուշակոթողին դիմաց կատարուեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն եւ մատաղօրհնէք: