Առաջնորդարան Հայոց Լիբանանի

Ազգային Միացեալ Վարժարանը Տուաւ «Ազգային Արժէքներու Նախանձախնդիր» Ոգիով Լիցքաւորուած Իր Վեցերորդ Հունձքը

Ազգային Միացեալ վարժարանի երկրորդական բաժինի ամավերջի հանդէսը տեղի ունեցաւ հինգշաբթի, 16 յունիս 2023-ին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին վարժարանի «Ժիրայր եւ Ցոլինէ Խաչատուրեան» սրահին մէջ` հովանաւորութեամբ Լիբանանի Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեանի:

17 շրջանաւարտներ ներկաներուն ծափողջոյններով մտան սրահ, ապա Լիբանանի, Հայաստանի եւ Միացեալ վարժարանի քայլերգներու յոտնկայս ունկնդրութենէն ետք գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր, որուն թեման «Ազգային արժէքներու նախանձախնդիր հունձք» ըլլալու խոստում ու երդում էր: Յայտագիրը կը բովանդակէր չորս գլխաւոր մաս. «Հայրենիք», «Հայ եկեղեցի», «Հայ դպրոց», «Հայ ծնողք»: Առաջին երկու արժէքները ներկայացուեցան խմբային արտասանութեամբ մը` համադրուած Համօ Սահեանի «Հայաստան ասելիս», «Գարունդ հայերէն է գալիս», «Ուր որ նայում եմ», Վահան Թէքէեանի «Եկեղեցին հայկական» եւ Ժագ Յակոբեանի «Հայ եկեղեցին» քերթուածներէն: Խմբային ասմունքի ընթացքին ներկայացուեցաւ հայկական երկու նազպար`  «Կանչում եմ արի արի» եւ «Մախմուր աղջիկ»: Գեղարուեստական յայտագիրին երրորդ բաժինը` «Հայ դպրոց»-ը,  ներկայացուեցաւ տեսերիզով մը, որ կ՛ընդգրկէր հայ դպրոցը արժեւորող  փունջ մը խօսքեր եւ աշակերտական այլազան ձեռնարկներու յիշատակելի նկարներ:

Տեսերիզէն անմիջապէս ետք երեք շրջանաւարտներ բեմէն իջան եւ իրենց երախտագիտութիւնը յայտնեցին Սրբազան Հօր եւ վարժարանի տնօրէնութեան` Նելլի Վէքիլեանին ու Գրիգոր Էքմէքճեանին եւ անոնց յանձնեցին «Հայ դպրոց»-ի, «Հայ ուսուցիչ»-ի նուիրուած խօսքերով յուշանուէրներ:  Յայտագիրին վերջին բաժինը կը ներառէր «Հայ ծնողք»-ին արժէքը. խումբ մը շրջանաւարտներ հանդէս եկան հօր եւ մօր նուիրուած երախտագիտական յուզումնալից խօսքերով, ապա բոլորը բեմէն իջնելով, իրենց շնորհակալութիւնը յայտնեցին իրենց ծնողներուն` նուիրելով անոնց «Հայ ծնողք»-ի դերն ու առաքելութիւնը արժեւորող խօսքերով յուշանուէրներ:

Այնուհետեւ կատարուեցաւ վարժարանին վահանի փոխանցումը: Շրջանաւարտներէն Սերժօ Ազզամ եւ Սինթիա Ղալունճեան վարժարանի վահանը յանձնեցին երկրորդական ժԱ. դասարանէն Լէոնարտօ Խայեաթին եւ Արենի Մխմելճեանին: Վերջիններս խոստացան իրենց կրթական յաջողութիւններով ու նուաճումներով բարձր պահել իրենց դպրոցին անունը եւ իբրեւ կտակ` զայն փոխանցել յաջորդ սերունդին:

Ապա Լոռի Կերկերեան հայերէն, Քրիսթինա Շաղոյեան արաբերէն, իսկ Վահէ Մելքոնեան անգլերէն լեզուով արտասանած իրենց ուղերձներուն մէջ փառաբանեցին հայ դպրոցին սրբազան առաքելութիւնն ու անփոխարինելի դերը` հակառակ անոր դէմ ցցուած բոլոր պատնէշներուն ու մարտահրաւէրներուն եւ իրենց կարգին խոստացան նախանձախնդիր ըլլալ իրենց կտակուած ազգային բոլոր արժէքներուն, «որովհետեւ այդ դաստիարակութիւնը, մենք ժառանգած ենք  մեր մեծերէն, մեր առաջնորդներէն, մեր դաստիարակներէն»:

Ապա վարժարանի կրթական տնօրէն Գրիգոր Էքմէքճեանը եւ վարժարանի վարչական տնօրէնուհի Նելլի Վէքիլեանը կատարեցին մրցանակաբաշխութիւն` Է. Ը. Թ. Ժ. ԺԱ. դասարաններու բարձրագոյն միջինները ապահոված աշակերտներուն, ինչպէս նաեւ յանձնեցին միջնակարգի եւ երկրորդականի մէջ հայագիտական նիւթերու բարձրագոյն միջին ապահովող աշակերտներու «Գեղանի Էթիեմեզեան» մրցանակը:

Տնօրէնութեան խօսքը արտասանելով` Գրիգոր Էքմէքճեան ըսաւ. «Վեց տարեշրջաններ արդէն իսկ անցած են վարժարանիս առաջին պաշտօնական զանգէն: Փոքր, սակայն հաստատ քայլերով ընթացք առած կրթական այս օճախը շրջանաւարտներու նոր հունձք մը կը ներկայացնէ ձեզի այսօր»:

Ապա ան ներկայացուց նախորդ տարուան հիմնական զարգացումները, որոնց հիմնականը եղաւ վարժարանի գրադարանի հիմնադրութիւնն ու անուանումը Հայ օգնութեան միութեան անունով, աւելցնելով, որ ՀՕՄ-ի գրադարանը ընդգրկելով թանկարժէք գիրքեր, ելեկտրոնային գրադարանի բաժին, ներկայ եւ յառաջիկայ սերունդներուն համար պիտի դառնայ գիտական, գրական եւ այլ ուսումնասիրութիւններու կեդրոն:

Աւելիով ամրացնելու ծնողք-դպրոց փոխյարաբերութիւնը` վերակազմուեցաւ ծնողաց յանձնախումբը, շնորհիւ ուսուցչական կազմին անձնուէր եւ բծախնդիր աշխատանքին կարելի եղաւ իրականութիւն դարձնել կրթական բոլոր ծրագիրները, Ազգային Միացեալ վարժարան աւարտած, բարձրագոյն ուսման արժանացած, ինչպէս նաեւ զանազան ամպիոններ հասած սերունդներուն եւ վարժարանին միջեւ կապը վերաթարմացնելու նպատակով կազմուեցաւ Շրջանաւարտից միութիւնը, որ յառաջիկայ տարեշրջաններուն իր տարբեր ծրագիրներով ու ձեռնարկներով պիտի շարունակէ հարազատ թիկունքը ըլլալ վարժարանին:

Գրիգոր Էքմէքճեան դիտել տուաւ, որ վարժարանի ընտանիքը որոշեց իւրաքանչիւր տարեշրջանի 20 մայիսին կազմակերպել Միացեալի օրը` UAC Day-ը: «Թուականի ընտրութիւնը պատահական չէ. արդարեւ, մայիս ամիսը յաղթանակներու ամիս ըլլալով, եւ որպէսզի մեր աշակերտները ոգեշնչուած կերտուած այդ յաղթանակներով, որոնք կը մնան մեր ազգային դիմագիծի հիմնական սիւները եւ կը կազմեն մեր ազգային ինքնութիւնը, ապրին այդ ուրախութիւնը եւ դառնան հպարտ միացեալականներ», ըսաւ ան:

Այս առիթով ան գնահատեց ուսուցչական կազմը, որ հերոսաբար, ծով համբերութեամբ, կատարեալ նուիրումով ու ծայրայեղ բծախնդրութեամբ նետուեցաւ այս սրբազան առաքելութեան գիրկը եւ յաջողութեամբ հասցուց այս տարեշրջանը իր աւարտին:

«Յարգելի՛ ծնողներ, մեր խորին շնորհակալութիւնը` ձեր վստահութեան համար, որ ունեցաք ազգային վարժարանին հանդէպ. այսօր դուք ձեր դիմաց կանգնած կը տեսնէք երկար տարիներու ձեր զոհողութեան արդիւնքը: Վստահ եղէք, որ ձեր զաւակները պատրաստ են այսօր երթալու դէպի իսկական աշխարհ, զինուած են դիմագրաւելու ամէն տեսակի դժուարութիւն եւ ձեզի հպարտ պահելու իրենց յառաջիկայ յաջողութիւններով:

«Սիրելի՛ շրջանաւարտներ, ահաւասիկ դուք այսօր կ՛աւարտէք ձեր դպրոցական կեանքը. վաղն իսկ պիտի սկսիք գրել կեանքի նոր էջ մը` անցնելով ապահով, հարազատ ու ջերմ միջավայրէն, ապրելու եւ պայքարելու այլ շրջանակներու մէջ:

«Մի՛ վախնաք երբեք, մի՛ տատամսիք երբեք, որովհետեւ այս վարժարանը արդէն իսկ ձեզի յանձնած ու ձեր մէջ սերմանած է այն բոլոր զէնքերը, զորս պէտք պիտի ունենաք ձեր բարձրագոյն ուսման ընթացքին, անկէ ետք` ձեր գործի ասպարէզներուն մէջ, ինչպէս նաեւ` ձեր անձնական կեանքի ընթացքին: Ձեզի կը մնայ լաւագոյնս օգտագործել այդ զէնքերը, եւ ապա անոնց դրական ազդեցութիւնն ու ձեր մէջ արմատ նետած ուժը տեսնելէ ետք պիտի անդրադառնաք ազգային վարժարանին արժէքին ու կարեւորութեան:

«Գացէք, ձեր եւ ձեր ծնողներուն անունները փայլուն տառերով գրելէ ետք վերադարձէք դէպի ձեր ազգը, ձեզ ծնող ու դիմագիծ տուող ազգը եւ ձեր զանազան մասնագիտութիւններու ընդմէջէն բռնեցէք ձեռքը նոր սերունդին եւ հասցուցէք զայն ձեզմէ աւելի վեր», եզրափակեց Գրիգոր Էքմէքճեան:

Տնօրէնութեան խօսքէն ետք կատարուեցաւ վկայականաց բաշխում: Բեմ հրաւիրուեցան Առաջնորդ Սրբազան Հայրը, վարժարանի վարչական տնօրէն Նելլի Վեքիլեանը եւ խնամակալութեան ատենապետ, երեսփոխան Յակոբ Թերզեանը:

Առաջնորդ Սրբազան Հօր ձեռամբ եւ օրհնութեամբ աւարտական դասարանի վկայական ստացան ԺԲ. կենսաբանութեան եւ BT3 վարչագիտութեան բաժանմունքէն` Շարպէլ Յովսէփ Ղալունճեան, Սինթիա Ղալունճեան, Մովսէս Քէօշկէրեան, Մէրի Խոխաքլեան, Լոռի Շէրպէթճեան, BT Լիանա Պերեճիքլեան, LS Լէա Արժինեան, Սերժիօ Ազզամ, Լոռի Կէրկէրեան, Գարլօ Համալեան, Սերժ Ժտրեան, Վարագ Գասպարեան, Քրիստ Գազէզեան, Կարս Մանուկեան, Վահէ Մելքոնեան, Քրիսթինա Շաղոյեան եւ Յակոբ Թասլաքեան:

Հանդիսութեան աւարտին Լիբանանի Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեան իր բարձր գնահատանքը  յայտնեց` Ազգային Միացեալ վարժարանի տնօրէնութեան, ուսուցչակազմին, պաշտօնէութեան, ծնողներուն, աշակերտութեան ու հայ դպրոցի ծանօթ ու անծանօթ բոլոր բարեկամներուն ու բարերարներուն, որոնց աջակցութեան ու ճիգերուն շնորհիւ կարելի եղաւ  կրթական այս տարեշրջանը բնականոն ձեւով հասցնել իր աւարտին: Ապա ըսաւ. «Հայ դպրոց պահելը մեր հաւաքականութեան մեծագոյն պարտականութիւնն է: Այս նախադասութեան մէջ կ՛ընդգծեմ հաւաքականութիւն բառը` յիշեցնելու համար, որ հայ դպրոց պահելը հաւաքական պարտականութիւն է: Այդ գործին մէջ բոլորս ունինք կարեւոր ընելիքներ, որոնք պէտք է կատարուին գիտակցութեամբ ու նուիրումով: Երբ այդ գիտակցութիւնն ու հոգին տիրապետեն մեր կեանքին մէջ, այն ատեն ոչ միայն հայ դպրոցը կը դառնայ առաւել կենսունակ, այլեւ հայ դպրոցով մեր կեանքն ալ կը գտնէ անհրաժեշտ ոգեւորութիւն:

Ուստի, մեր սպասումն է, որ հայ դպրոցի յարկէն ներս հայ դաստիարակն ու ուսուցիչը շարունակեն նախանձախնդրութեամբ ու խղճմտանքով տանիլ իրենց պարտականութիւնները եւ հոգատար վերաբերմունքով ընտիրն ու առողջը սերմանեն մեր զաւակներուն մէջ, որպէսզի հայ դպրոցը մնայ յառաջապահ դիրքի վրայ եւ մեր զաւակներուն վաղուան կեանքը ըլլայ արդիւնաւոր ու նպատակասլաց»:

Իր խօսքը ուղղելով ծնողներուն` ան ըսաւ. «Մեր բաղձանքն է, որ հայ ծնողն ալ շարունակէ սրտով գուրգուրալ իր զաւակներուն վրայ եւ իր սիրտն ու հոգին ալ զետեղէ հայ դպրոցին մէջ, որպէսզի հասնի իր արդար սպասումներու պսակումին: Տարեփակի այս հանդիսաւոր առիթով բարձրաձայն կը յիշեցնենք, որ մեր օրերու մտահոգութիւնները պէտք չէ մեր ծնողներուն յիշողութենէն հեռացնեն հայ դպրոցը: Պէտք է պահել նախկին սերունդներուն կորովն ու նուիրումի հոգին եւ գիտակցիլ, որ աշխարհի մէջ մեր ունեցած մեծագոյն հարստութիւնը մեր զաւակներն են, որոնց դաստիարակութեան համար պէտք է ոչ միայն կրթաթոշակ վճարենք, այլեւ զոհենք ամէն բան: Կրթաթոշակ վճարելը սրբազան պարտականութիւն է ծնողին համար: Կեանքին մէջ ամէն արժէքաւոր բան զոհողութեամբ կը կերտուի: Ձեզի համար ամենաթանկագինը ձեր զաւակներն են»:

Աւարտին խօսքը ուղղելով շրջանաւարտներուն` Սրբազան Հայրը ըսաւ. «Սիրելի՛ շրջանաւարտներ, պէտք է անդրադառնաք, որ մեզի անսահման գոհունակութիւն կը պատճառէ մեր դպրոցներուն ապահոված արդիւնքը: Այսօր երեկոյեան Ազգային իշխանութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ միասին այստեղ ենք, որպէսզի դուք ալ շօշափելի կերպով զգաք, թէ հայ դպրոցէն ձեր շրջանաւարտ ըլլալը ոչ միայն կարեւոր է ձեզի եւ ձեր հարազատներուն համար, այլեւ մասնաւոր արժէք ունի նաեւ մեզի համար:

«Ուստի սրտանց կը շնորհաւորեմ բոլորդ եւ կը յիշեցնեմ, որ ձեր կազմաւորման գործին մէջ մեծ եղաւ հայ դպրոցին վաստակը, որուն հանդէպ պէտք է մնաք երախտապարտ: Ահաւասիկ հայ դպրոցէն շրջանաւարտ ըլլալով` ձեզմէ իւրաքանչիւրը իրեն համար ճամբայ մը պիտի ընտրէ եւ իր կեանքը շարունակէ:

«Կը մաղթեմ, որ լուսաւոր ըլլան ձեր դիմաց բացուող ճամբաները, եւ հայ դպրոցին տուած աւանդով դուք նուաճէք նոր բարձունքներ:

«Թող Աստուած զօրացնէ մեր ժողովուրդին գիտակցութիւնը, որպէսզի ի խնդիր մեր լինելութեան` մենք կարենանք հայ դպրոցով առաւել եւս ամրանալ, յախուռն ընթացքի մէջ պահպանել մեր ներկան ու անով կերտել մեր ապագան»:

Սրբազան Հօր պատգամէն ետք շրջանաւարտները ընդունեցին ներկաներուն շնորհաւորութիւններն ու բարեմաղթութիւնները: