Առաջնորդարան Հայոց Լիբանանի

Շանթ Եւ Տէյզի Շէկեան Ամոլին Բարերարութեամբ` Ճիւնիի Ս. Յարութիւն Բարեզարդուած Եկեղեցւոյ Եւ Շրջափակի Բացում

Նախագահութեամբ Լիբանանի Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեանի, կիրակի, 11 յունիսին Ճիւնիի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ ս. պատարագ:

Առաջնորդ Սրբազանը իր քարոզին մէջ յայտնեց, որ նոյն օրը մեր եկեղեցին մեր ուշադրութեան կը յանձնէ իր մեծ սուրբին` Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի Խոր Վիրապէն դուրս գալու դրուագը եւ մեր ուշադրութիւնը կ՛ուղղէ դէպի Հայաստան աշխարհի քրիստոնէութեան պաշտօնական դարձի պատմութիւնը եւ Ս. Էջմիածնի տաճարի հիմնադրութեան յիշատակը, աւելցնելով, որ այս առիթները կը վերաբերին ոչ միայն մեր պատմական անցեալին, այլեւ` մեր եկեղեցւոյ արմատներուն: Սրբազանը դիտել տուաւ, որ մեր ժողովուրդը անցեալին կը հաւատար եւ այսօր ալ կը շարունակէ հաւատալ, որ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ 13 տարիներ Խոր Վիրապի մթութեան եւ առանձնութեան դատապարտեալ վիճակէն ետք, Աստուծոյ տնօրինութեամբ ոչ միայն յաջողեցաւ լոյս աշխարհ գալ, այլեւ իր ճիգերով ու իր հաւատքով նոր լոյս բերաւ Հայաստան աշխարհին եւ հրաշքով, նաեւ  աստուածային թելադրութեան հետեւելով` Հայաստան աշխարհին մէջ հիմը դրաւ մեր եկեղեցւոյ, որպէսզի անոր միջոցով շարունակաբար մեր կեանքին մէջ երկնային լոյսը առատանայ:

Սրբազան Հայրը շեշտեց, որ մեր եկեղեցին այսօր այս քանի մը տուեալներուն ընդմէջէն մեզ կը հրաւիրէ գիտակցիլ, որ մեր պատմական անցեալը մեզի համար կարեւոր է: Անցեալին ալ կարեւոր էր, բայց ներկայ ժամանակներուն աւելի մեծ նշանակութիւն եւ արժէք ունի իւրաքանչիւրիս համար ճանչնալ մեր պատմութիւնը, մասնաւորաբար` ճանչնալ մեր եկեղեցւոյ պատմական անցեալին հետ առնչուող բոլոր հարցերը, որպէսզի մենք սփիւռքեան մեր կեանքի պայմաններու մէջ տարբեր ու այլազան եկեղեցիներու մէջէն կարենանք մերինը ճանչնալ, մերինին առնչել մեր սիրտը եւ գիտակցիլ, թէ Աստուած իր կամքով տնօրինեց, որ այս եկեղեցւոյ միջոցով իր երկնային լոյսը շարունակէ առկայծ մնալ մեր կեանքէն ներս:

«Եկեղեցին թանգարան չէ, միայն անցեալի պատմութիւններով ապրող կառոյց չէ, ընդհակառակը, շարունակուող առաքելութիւն է, որուն մէջ իւրաքանչիւրս մեր տեղն ու մասնակցութեան առիթը ունինք: Այդպէս կ՛ըսէ շարականը, երբ մեզ կը հրաւիրէ, որ միասնաբար շէնցնենք այս խորանը, որովհետեւ Աստուծոյ կամքով ասոր միջոցով մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ երկնային լոյսը յայտնուեցաւ», հաստատեց Սրբազան Հայրը` աւելցնելով, որ  եկեղեցին Աստուծոյ տնօրինումով իր ճակատագիրը կապեց մեր ժողովուրդի կեանքին եւ հետեւաբար մեր ժողուվուրդին հետ միասին պէտք է շարունակէ ապրիլ, գործել եւ, այդպիսով, նաեւ իր կեանքը ուղղել դէպի վերելք ու նոր բարձունքներ:

Շարունակելով իր խօսքը` Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեան նկատել տուաւ, որ եկեղեցւոյ պայծառութեան գործին մասնակցող իւրաքանչիւր հայորդի պէտք է լաւ ճանչնայ իր եկեղեցին, նաեւ գիտակցի, թէ ինչպէս ովկիանոսը կը կազմուի կաթիլ կաթիլ ջուրերով, նոյնպէս եւ եկեղեցին կը պայծառանայ, կը լուսաւորուի մեր բերած մասնակցութեան շնորհիւ կաթիլ առ կաթիլ մեր հոգիէն, մեր սրտէն, մեր շնորհքներէն, մեր կարողութիւններէն տրամադրուած կարելիութիւններով ու միջոցներով: «Մեր եկեղեցին միայն հոգեւորականը չէ, միայն սարկաւագն ու դպիրը չէ, միայն թաղականութիւնն ու տիկնանց խորհուրդի անդամները չեն, այլ հաւաքաբար, բոլորս միասին, միասիրտ եւ միախորհուրդ` համաձայն մեր պատմութեան թելադրութեան իւրաքանչիւրս մեր տեղը ճշդելով անոր կեանքին մէջ», շեշտեց Առաջնորդը յորդորելով ներկայ հաւատացեալները` յարդարելու եւ նորոգելու իրենց կեանքը մասնաւորաբար Հայ եկեղեցւոյ նկատմամբ իրենց դիրքն ու դերակատարութիւնը ճշդելու, որպէսզի իրենց ճիգով եկեղեցին առաւել եւս պայծառանայ, ծաղկի ու պտղաբերի եւ յարատեւէ:

Եզրափակելով` սրբազան հայրը յայտնեց, որ այսօր մենք մեր ներկայ կեանքի պայմաններուն մէջ կը դիմագրաւենք հարցեր եւ դժուարութիւններ, բայց չմոռնանք, որ մեզ կանխող սերունդները մեզմէ աւելի դառն փորձառութիւններ ապրեցան, բայց իրենց նուիրական ու սուրբ կեանքով պահեցին եւ մեզի կտակեցին եկեղեցին, որ արդիւնքն է իրենց քրտինքին ու հաւատքին, որպէսզի անոր հետ մենք մեր կեանքը ամրացնենք եւ յարատեւենք իբրեւ արժանաւոր զաւակները ժողովուրդի մը, որ մահուան հովիտէն անցնելով հանդերձ, մահ չտեսաւ եւ մահ չճաշակեց, այլ իր կեանքը ուղղեց դէպի յարութեան յոյսը:

Պատարագի աւարտին տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն` Մանօ Շէկեանի մահուան առաջին տարելիցին առիթով:

Այնուհետեւ եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ ցուցատախտակի քողազերծումը եւ բարեզարդուած եկեղեցւոյ ու շրջափակին բացումը, որ իրագործուած էր բարերարութեամբ Շանթ եւ Տէյզի Շէկեան ամոլին:

Ապա «Կարօ Գոնիալեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ընդունելութիւն: Եկեղեցւոյ թաղականութեան ատենապետ Յակոբ Մեսրոպեան շնորհակալութիւն յայտնեց բարերար ամոլին, որոնք իրենց հանգուցեալ հօր` Մանօ Շէկեանի յիշատակը յարգելով,  ստանձնած են եկեղեցւոյ եւ անոր շրջափակին ընդհանուր վերանորոգման ու բարեզարդման աշխատանքներուն ծախսերը, աւելցնելով, որ օրին, իրենց հօր մահուան առիթով ստանձնած էին նաեւ թաղականութեան Անթիլիասի գրասենեակին եւ եկեղեցւոյ պահակատան ընդհանուր վերանորոգման ծախսերուն բարերարութիւնը:

Յակոբ Մեսրոպեան շնորհակալական խօսք ուղղեց նաեւ Առաջնորդ Սրբազան Հօր` իր մնայուն հայրական գուրգուրանքին եւ նեցուկին համար:

Սրբազան Հայրը, իր կարգին, գնահատեց բարերար ընտանիքը` Շանթ եւ Տէյզի Շէկեան ամոլը, որոնք միշտ եկեղեցւոյ կողքին են, նաեւ` բոլոր այն անձնաւորութիւնները, որոնք կը պանծացնեն մեր եկեղեցիները: Ան շեշտեց, որ մեր եկեղեցիները կը յարատեւեն ժողովուրդով: