
Ս. Աստուածածնի Վերափոխման տօնին առիթով, նախագահութեամբ Լիբանանի Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեանի, կիրակի, 16 օգոստոսին Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ սուրբ պատարագ եւ կատարուեցաւ խաղողօրհնէք:
Ժողովուրդին ուղղուած իր քարոզին մէջ Սրբազան Հայրը ըսաւ, որ երկրաւոր մեր կեանքի պայմաններուն մէջ Աստուծոյ հետ կարենալ խօսելու համար մենք կարիքը ունինք մեր սուրբերու բարեխօսութեան, մասնաւորաբար` Աստուածամօր, որպէսզի մեր աղօթքները հասնին Աստուծոյ եւ խաղաղի մեր հոգեկան վիճակը, եւ մենք առօրեայ կեանքի մէջ գտնենք մենք զմեզ:
Սրբազան Հայրը պատմական ակնարկ մը կատարեց Քրիստոսի համբարձման ժամանակաշրջանին, թէ ինչպէ՛ս Աստուածամայրը անկէ վերջ 12 տարիներ եւս ապրեցաւ, իսկ երբ հոգին աւանդեց, առաքելական ժամանակներէն մեզի հասած աւանդութեան համաձայն, երկնային զօրքերը եկան եւ Աստուածամայրը վերափոխեցին, այլ խօսքով` երկինք բարձրացուցին: Սրբազանը դիտել տուաւ, որ այս հաւատքը կը վերաբերի դարաւոր անցեալին, սակայն մինչեւ այսօր Եկեղեցւոյ կեանքէն ներս, ինչպէս նաեւ հաւատացեալներու հոգիներուն մէջ օր ըստ օրէ խաչին խրախոյսը բոլոր ժողովուրդներուն մէջ կը մեծնայ եւ կը տարածուի:
Սրբազանը դիտել տուաւ, որ Վերափոխման տօնը մեզի կը փոխանցէ պատգամ մը` յիշեցնելով, որ հաւատքով եւ սրբութեամբ ապրուած կեանք մը անպայմանօրէն կ՛արժանանայ Աստուծոյ ուշադրութեան, ինչպէս նաեւ յաւիտենական կեանքի` աւելցնելով, որ Աստուածամայրը արժանացաւ իր որդւոյն եւ հայր Աստուծոյ հոգատար արժեւորման: Սրբազանը ըսաւ, որ այս առիթը նաեւ մեզի կը յիշեցնէ, թէ Աստուածամայրը իր ժամանակներուն ամէնէն համեստ, ամէնէն պարկեշտ եւ ամէնէն խոնարհ արարածն էր, բայց իր կեանքով իր շրջապատէն ներս Աստուծոյ կամքը կը յայտնէր, նաեւ իբրեւ մայր օրինակ կը հանդիսանար` շրջապատին ցոյց տալով, թէ երկրաւոր պայմաններու մէջ ինչպէ՛ս պէտք է զաւակ դաստիարակել: Սրբազանը շեշտեց, որ այս արարքը պատգամ կը փոխանցէ մեր մայրերուն` յիշեցնելով, թէ իրենց աշխատանքին արդիւնքը, իրենց հաւատքին փաստը, իրենց բարեպաշտութեան օրինակը նախ պէտք է երեւի իրենց զաւակներուն կեանքէն ներս:
Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեան նկատել տուաւ, որ կ՛ապրինք բոլորովին նոր աշխարհի պայմաններու մէջ, հետեւաբար պէտք է զգուշ ըլլանք, որ մեր նկարագիրը եւ բարոյական հասկացողութիւնները չվտանգուին, որովհետեւ եթէ մեր բարոյական հասկացողութիւններուն արժէքները կորսուին` մենք բարոյապէս կը սնանկանանք եւ կը քայքայուինք:
«Այս գիտակցութեան է, որ մեզ այսօր հաւաքաբար կը հրաւիրէ Ս. Աստուածածնայ Վերափոխման տօնը` յիշեցնելով, որ նախորդ սերունդներուն կողմէ մեզի փոխանցուած աւանդը, այն բոլոր արժէքները, որոնց վրայ հիմնուած էին մեր տունը, մեր կեանքը, մեր պատմութիւնը պէտք է պահենք ի խնդիր այս նոր կեանքին եւ մեր հաւաքական գոյութեան», հաստատեց Սրբազան Հայրը` յորդորելով ներկաները, որ հաւատքով պէտք է վարուինք այն բոլոր նուիրական սրբութեանց վերածուած աւանդութիւններուն հետ, որոնցմով կ՛ապահովուի մեր կեանքի ընթացքը:
Պատարագի աւարտին կատարուեցաւ խաղողօրհնէք:


