Առաջնորդարան Հայոց Լիբանանի

Ազգային Վարժարաններու Աշակերտները Տպաւորիչ Յայտագիրով Ոգեկոչեցին Վարդանանց Տօնը

Նախագահութեամբ Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեանի, կազմակերպութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի Ուսումնական խորհուրդին, մասնակցութեամբ Ազգային վարժարաններու աշակերտութեանց, ներկայութեան Ուսումնական խորհուրդի անդամներու, տնօրէններու, ուսուցիչներու, չորեքշաբթի, 7 փետրուարին, կ. ա. ժամը 11:00-ին, Ազգային Միացեալ վարժարանի «Ժիրայր եւ Ցոլինէ Խաչատուրեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Սրբոց Վարդանանց զօրավարաց աշակերտական տօնակատարութիւն:

Լիբանանի, Հայաստանի եւ Արցախի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք ձեռնարկին բացման խօսքը արտասանեց Ազգային Միացեալ վարժարանի աշակերտ Յովիկ Չերչեան: Ան նկատել տուաւ, որ նախակրթարանի գրասեղաններուն ետին եղած ատեն պատմութեան դասապահուն պարզապէս կը սորվէին Վարդանանց պատերազմին մասին, սակայն երբ պատանի դարձան «հայրենիք», «ազգ», «կրօնք» բառերը մէկական արժէքներ դարձան իրենց համար, որովհետեւ գիտակցեցան, թէ Վարդանանց պատերազմը պարզ ռազմական գործողութիւն մը չէր, այլ` հայ մնալու, քրիստոնեայ մնալու, հայրենիք ունենալու, հայօրէն ապրելու եւ գոյատեւելու, հաւատքով մղուած մեր առաջին եւ վճռական պատերազմն էր: Ան հաստատեց, որ Վարդան եւ անոր ընկերները մեռան, բայց անմահանալով, իրենց օրինակին նման սերունդներ կերտեցին` շեշտելով, որ մենք յաղթական դուրս եկանք պատերազմէն, որովհետեւ մնացինք հայ եւ քրիստոնեայ, պահեցինք մեր լեզուն, կրօնքը, մշակոյթը եւ հայրենիքը եւ Վարդանանցի օրինակով կերտեցինք այլ յաղթանակներ, Սարդարապատէն մինչեւ Արցախ: «Այսօր մենք կ՛ուխտենք հաւատարիմ մնալ մեր հերոսներու կտակին` շարունակելու եւ ընդարձակելու մեր պայքարը. պայքար ամէն ճակատի վրայ, գրիչի թէ զէնքի, ընկերային ցանցի թէ մարտադաշտի, մինչեւ որ տուն բերենք Շուշին եւ Ղազանչեցոցը, մինչեւ որ ազատագրենք Արցախը, մինչեւ որ լուծենք դարերու ուխտն ու երդումը, դարերու վրէժխնդրութիւնը, մինչեւ ազատ ու անկախ Արցախի եւ ամբողջական Հայաստանի կերտումը», եզրափակեց Յովիկ Չերչեան:

Այնուհետեւ երաժշտախառն ներկայացումով հանդէս եկան Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճի աշակերտները, որոնք երգի ու թատրոնի ճամբով լուսարձակի տակ առին օրուան խորհուրդը եւ նորօրեայ պատգամը: Ազգային Յառաջ-Գ. Կիւլպէնկեան վարժարանի երկրորդական կարգի պարախումբը տեսերիզի ճամբով ներկայացուց «Ծիրանի» պարը:

Օրուան պատգամը փոխանցեց Առաքել աբղ. Գատէհճեան: Ան նկատել տուաւ, որ հաւաքուած ենք ոգեկոչելու յիշատակը այն անմահ, անձնազոհ, քաջ ու յանդուգն նահատակ սուրբերուն, որոնք մեր ազգի հաւատքին ու հայրենասիրութեան յաւերժական վահանները դարձան: Ան ըսաւ, որ 451 թուականին, պարսիկները Աւարայրի ճակատամարտով ուզեցին հայ ազգին պարտադրել իրենց կրօնքը, սակայն անոնք մոռցած էին, թէ քրիստոնէութիւնը հայ ազգին համար պարզապէս կրօնք մը եւ հաւատք մը չէ, այլ մեր ինքնութեան եւ հայութեան անբաժանելի մէկ մասնիկն է:

Անդրադառնալով Վարդանանց պատերազմին` Առաքել աբղ. Գատէհճեան ըսաւ, որ պատմութիւնը կը վկայէ, թէ պարսիկները յաղթեցին պատերազմը, սակայն հայերը` պարտուելով հանդերձ, շահեցան իրենց հաւատքը, հայրենիքը եւ միասնութիւնը, պատերազմէն ետք անոնք Քրիստոսի խաչին յենելով, կրկին ոտքի կանգնեցան, շինեցին եկեղեցիներ, վանքեր ու մատուռներ, կառուցեցին դպրոցներ, ուսումնարաններ ու վարժարաններ, ստեղծեցին հարուստ գիր ու գրականութիւն, լեզու եւ մշակոյթ,  հայութիւն եւ հայրենիք: «Վարդանանց նահատակներուն թափած արիւնը ստիպեց, որ մեր ժողովուրդին մէջ ծնի յարատեւ պայքարի սուրբ գաղափարը` ի խնդիր ազատ կամքի, ազատ հաւատքի եւ ազատ հայրենիքի», նշեց ան` աւելցնելով, որ Վարդանանց ճակատամարտը մեծ արժէք ունի հայերուս մօտ, եւ Վարդանանց տօնը թէ՛ ազգային, թէ՛ եկեղեցական տօն է: Առաքել աբղ. Գատէհճեան չորս հիմնական կէտերով ներկայացուց Վարդանանց տօնին կարեւորութիւնը` նշելով, թէ դաստիարակչական ի՛նչ դասեր ունինք քաղելիք անկէ:

Ա.- Հաւատքի պաշտպանութիւն. Վարդան Մամիկոնեան եւ անոր բանակը շատ լաւ գիտէին, որ իրենց զօրքը բաւարար չէր պարսիկներուն դէմ պատերազմելու համար, անոնք շատ դիւրաւ կրնային յանձնուիլ, իրենց կրօնքը փոխել, որպէսզի իրենց կեանքը փրկեն, բայց իրենք նախընտրեցին պատերազմիլ, որովհետեւ իրենց հաւատքին հիմնադիրը` Յիսուս Քրիստոս,  քրիստոնէական հաւատքի պաշտպանութեան համար պատերազմիլ սորվեցուցած էր: Ճիշդ է, որ անոնք պարտուեցան, բայց իրենց պատերազմելով ամբո՜ղջ ազգի մը հաւատքը փրկեցին: Հետեւաբար Վարդանանք մեր ազգի հաւատքի փրկութեան եւ պաշտպանութեան տօնն է, մեր քրիստոնէութեան տօնն է:

Բ.- Հայրենիքի համար նահատակուիլ. Վարդան Մամիկոնեան եւ անոր բանակը հայրենիք չծախեցին, չտկարացան օտարին առջեւ,  մերժեցին վախնալ եւ իրենց հայրենիքը իրենց արեամբ գնեցին ու փրկեցին: Անոնք մեզի սորվեցուցին, թէ աշխարհի վրայ չկայ աւելի արժէքաւոր բան, քան հայրենիքը, որուն համար մարդ պէտք է պատրաստ ըլլայ նոյնիսկ իր կեանքը զոհել: Հայրենիքի համար նահատակուիլ կը նշանակէ հայրենիքի բարօրութեան, անոր  շահերուն, պաշտպանութեան եւ փրկութեան համար ապրիլ: Ան դիտել տուաւ, որ աշակերտները հայոց լեզու եւ պատմութիւն սորվելով, հայերէն գրելով, խօսելով, երգելով, պարելով, աղօթելով, հայ ազգը բարձր պահելով կը նահատակուին հայրենիքին համար:

Գ.- Ձուլումէ ազատում. եթէ Վարդան Մամիկոնեանն ու անոր բանակը պարսիկներուն յանձնուէին, Հայաստանը պիտի դառնար Պարսկաստանի նահանգներէն կամ քաղաքներէն մէկը, իսկ հայ ազգը պիտի ձուլուէր, եւ մենք այսօր ո՛չ հայրենիք պիտի ունենայինք, ո՛չ կրօնք, ո՛չ լեզու, ո՛չ գրականութիւն, ո՛չ մշակոյթ եւ ո՛չ ալ ազատութիւն: Ուրեմն Վարդանանց տօնը նաեւ մեր ազգութեան ու հայութեան փրկութեան եւ պաշտպանութեան տօնն է: Առ այդ ան շեշտեց, որ Վարդանանք այսօր մեզ կը հրաւիրեն  հայութեան վերադառնալու, բարձրացնելու այն ինչ որ հայկական է, սիրելու հայը եւ հայկականը նաեւ ոչ օտարին սիրցնելու:

Դ.- Միասնականութիւն. Վարդան եւ Ղեւոնդ Երէց ո՜ղջ հայ ազգը համախմբած էին մէկ գաղափարի շուրջ, որն էր պաշտպանել հայրենիքը եւ քրիստոնէական հաւատքը: Հայ ազգը պատրաստ էր ամէն ինչ ընել, որպէսզի պահպանէր իրենց հայրենիքն ու հաւատքը: Ասոր համար էր, որ Վարդան Մամիկոնեան եւ իր զօրքը առանց կասկածելու, վախնալու եւ քաշուելու պատերազմեցան, որովհետեւ գիտէին, որ ամբողջ ժողովուրդը իրենց կողքին է: Ուրեմն Վարդանանք տօնը, նաեւ հայ ազգի միասնականութեան տօնն է:

Առաքել աբղ. Գատէհճեան դիտել տուաւ, որ այսօր դժբախտաբար հայերը թէ՛ սփիւռքի, եւ թէ՛ հայրենիքի մէջ սկսած են բաժնուիլ եւ շեշտեց, որ Վարդան եւ 1036 նահատակները մեզ կը հրաւիրեն միանալու եւ համախմբուելու հայ ազգի գերագոյն եւ անմիջական շահերուն շուրջ:

«Այսօր աշխարհի մէջ գտնուող ամէն հայ պէտք է նոր Վարդան մը ըլլայ, նոր Ղեւոնդ Երէց մը ըլլայ, որովհետեւ մեր ազգը այսօր կարիքը ունի այնպիսի նոր Վարդաններու եւ Ղեւոնդ Երէցներու, որոնց կեանքի նպատակը հայ հաւատքը պաշտպանելն է, հայ հողը պահելն է, հայ ինքնութիւնը եւ հայ միասնութիւնը պաշտապնելն է», եզրափակեց օրուան բանախօսը` Առաքել աբղ. Գատէհճեան:

Ապա Ազգային Նուպարեան-Խրիմեան վարժարանէն աշակերտներ արտասանեցին «Աւարայրի խորհուրդը» եւ «Ով մեծագործ Մեսրոպ Մաշտոց» բանաստեղծութիւնները:

Աւարտին Միացեալ վարժարանը ներկայացուց «Հայոց պատմութեան դասը» խորագիրը կրող թատրոն մը, որ լաւ ու բծախնդրօրէն պատրաստուած ըլլալու կողքին աշակերտներուն կը պատգամէ կառչիլ պայքարին, չմոռնալ Արցախը, տէր կանգնիլ հայութեան համայն իրաւունքներուն:

Աշակերտական տօնակատարութեան եզրափակիչ խօսքը արտասանեց Սրբազան Հայրը: Ան ըսաւ, որ իբրեւ չափահասներ կամ կրտսերներ, երբեմն պարտաւոր ենք հայոց պատմութեան էջերը թերթել տեսնելու համար, թէ մեր ժողովուրդը իր գոյութիւնը ապահովելու համար ի՛նչ տեսակ ճամբաներէ քալած է, ի՛նչ տեսակ մարտեր մղած է, որպէսզի հսկաներու կողքին իր տեղը ապահովէ, նաեւ ի՛նչ տեսակի արժէքներով իր կեանքը պահած է, երբ մեր շուրջ ուրիշ ժողովուրդներ արդէն իսկ վաղուց կորսնցուցած են իրենց սեփական դիմագիծը եւ ենթարկուած ձուլման հոսանքին: Սրբազանը ըսաւ, որ 451 թուականին հայ ժողովուրդը իր մեծամասնութեամբ նախընտրեց իմացեալ մահով իր գոյութիւնը պաշտպանել, որպէսզի կարողանայ իր սեփական պատմութեան ընթացքով շարունակել իր կեանքը` աւելցնելով, որ ինկան մեր քաջարի հերոսները, նահատակուեցաւ Վարդան Մամիկոնեան, բայց ահաւասիկ դարեր ետք անոնք կ՛ապրին մեր կեանքին մէջ աւելի շքեղօրէն` մեր արտայայտութիւններուն ճամբով, նաեւ բոլոր այն արժէքներուն ճամբով, որոնք կը պատկանին մեր հաւաքականութեան:

Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեան նկատել տուաւ, որ մեր կեանքին մէջ երբ պարտաւոր ենք քով քովի գալով, զիրար զօրացնելով, լծուիլ մեր ժողովուրդի դատին` աւելցնելով, որ այս հաւաքը մեզի կը յիշեցնէ, թէ մեր կեանքին մէջ կան նուիրական արժէքներ, որոնց վրայ կը յենի մեր ազգային կեանքը եւ վստահաբար այդ արժէքներուն հիմնականը մեր հայրենիքն է, մեր պապերուն բնօրրանը, մեր ժողովուրդին արեամբ շաղախուած այն հողը, որ թերեւս մենք սփիւռքեան մեր պայմաններուն մէջ չկրցանք ճանչնալ, սակայն անոր յիշատակով մեր կեանքը կը շարունակենք: Սրբազանը յայտնեց, որ Վարդանանք ապրող իրականութիւններ էին եւ կը մնան մեր կեանքին մէջ` աւելցնելով, որ անոնք ինկան իմացեալ մահով, որպէսզի գիտակից արժէքով շարունակեն ապրիլ մեր մէջ եւ մեր մէջէն նաեւ յարատեւութիւն պարգեւեն հայութեան կեանքին: «Հետեւաբար, մեր վարժարաններէն ներս ինչ որ ազգային դաստիարակութիւն, շունչ եւ կրօնական գիտակցութիւն մեզի կը ջամբուի, զանոնք պահենք գիտակցօրէն, որպէսզի մենք ալ արժանաւոր յաջորդները ըլլանք Վարդանանց սերունդին», շեշտեց Առաջնորդը, որ եզրափակելով իր խօսքը հաստատեց, թէ մահ չկայ այն ժողովուրդին, որ գիտէ ինքզինք զոհելով, ինքզինք ընծայելով հայրենիք պահել եւ հայութիւն պաշտպանել:

Հանդիսութեան ընթացքին գործադրուած գեղարուեստական յայտագիրը մեծապէս տպաւորիչ էր, շատ լաւ մտածուած, պատրաստուած եւ գործադրուած, աշակերտները հմտութեամբ եւ բծախնդրութեամբ կրցան կատարել իրենց վստահուած պարտականութիւնը` ներկայացնելով Վարդանանց հերոսամարտի ժամանակաշրջանն ու իրադարձութիւնները` զանոնք կապելով մերօրեայ կացութեան, յատուկ կերպով յիշատակելով Արցախը, անկէ երբեք չզիջելու վճռականութիւնն ու պայքարի ոգին: