Առաջնորդարան Հայոց Լիբանանի

Ս. Ղեւոնդեանց Քահանայից Տօնի Հանդիսաւոր Նշում

Ս. Ղեւոնդեանց քահանայից տօնին առիթով, երեքշաբթի, 6 փետրուարի երեկոյեան ժամը 6:00-ին Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ հանդիսաւոր ս. պատարագ` նախագահութեամբ Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեանի, մասնակցութեամբ թեմի քահանայից դասուն:

Իր քարոզին մէջ Սրբազան Հայրը ողջունեց թեմի հոգեւորական դասը եւ եկեղեցւոյ բոլոր սպասաւորները, որոնք իրենց աշխատանքով առիթ կ՛ընծայեն, որ մեր հաւատացեալ ժողովուրդի քրիստոսադրոշմ կեանքը յարատեւէ, նաեւ` սփիւռքեան մեր պայմաններուն մէջ:

Անդրադառնալով Ս. Ղեւոնդեանց քահանայից տօնին, որ 5-րդ դարուն տեղի ունեցած նահատակութեան մը պատմութիւնն է, Սրբազանը բացատրեց, որ Ղեւոնդեանք խումբ մը հոգեւորականներ էին, որոնց մէջ կային` օրուան կաթողիկոսը, եպիսկոպոսներ, վարդապետներ, քահանաներ, սարկաւագներ, որոնք կը յիշատակուին մեր եկեղեցւոյ կողմէ եւ մեզի կը ներկայանան անցեալի մեր պատմութենէն ապրող իբրեւ իրականութիւն, որպէսզի անոնց օրինակին ընդմէջէն մենք տեսնենք եւ անդրադառնանք, թէ մեր պատմութեան ընթացքին եղած են ժամանակներ, երբ մեր եկեղեցականները, աշխարհական ղեկավարները, նաեւ մեր ամբողջ ժողովուրդը ձեռք-ձեռքի տալով` գիտակցօրէն ոտքի կանգնած են` պաշտպանելով իրենց կեանքէն ներս այն, ինչ որ նուիրական եւ արժէք է: Սրբազան Հայրը դիտել տուաւ, որ Ղեւոնդեանք կը յիշատակուին Սրբոց Վարդանանց տօնին զուգահեռ, որովհետեւ անոնք Վարդանանց պատերազմի ժամանակ եւ անկէ ետք շարունակուող ժողովրդային ըմբոստութեան ատեն մեր ժողովուրդի շարքերէն ներս իրենց խօսքով եւ խրատով ճամբայ ցոյց տուին մեր հաւաքականութեան` թելադրելով, որ չընկճուին, չտկարանան, այլ պահեն իրենց հաւատքն ու սրբութիւնները` վստահ ըլլալով, որ ի վերջոյ աստուածային ճշմարտութիւնը կը յաղթէ: Առաջնորդ Սրբազանը ըսաւ, որ Ղեւոնդեանք յիշատակուած  քահանային անունով, որովհետեւ ան ամէնէն բուռն կեցուածք արտայայտողն էր եւ կ՛առաջնորդէր խումբը: Անդրադառնալով Ղեւոնդեանց նահատակութեան` Սրբազան Հայրը նկատել տուաւ, որ անոնք Վարդանանց պատերազմի ընթացքին չնահատակուեցան, այլ խաբէութեամբ եւ դաւաճանութեամբ յանձնուեցան թշնամիին, տարուեցան Տիզպոն եւ 454 թուականին չարաչար տանջուելով` նահատակուեցան:

Շարունակելով իր խօսքը` Սրբազան Հայրը հաստատեց, որ սուրբերը խոնարհ եւ հեզ արարածներ են, բայց միաժամանակ անոնք քաջ, խիզախ, աներեր ու անվեհեր են` լեցուած հաւատքի զօրութեամբ եւ ծանօթ` իրենց հետապնդած դատին, աւելցնելով, որ անոնք հաւատքի եւ հայրենիքի արժէքը իրենց սրտերուն մէջ կրելով` ժողովրդային շարժումի մը գլուխը անցած էին, որպէսզի ամբողջ հայ հասարակութիւնը միակամ եւ միասիրտ, մէկ բռունցք դառնալով պաշտպանէ իր հաւատքը ընդդէմ անօրէններու եւ մանաւանդ պաշտպանէ իր հայրենիքը այն ոսոխին դէմ, որ կը սպասէր ոչնչացնելու եւ աւերելու իր հայրենի բնօրրանը:

Սրբազանը ըսաւ, որ կ՛ապրինք հոգեպէս դժուար եւ ծանր պայմաններու մէջ: Արցախի կորուստը տակաւին կ՛արիւնէ սիրտը բոլոր անոնց, որոնք կը զգան, որ հայրենի հողը նահատակուեցաւ եւ նուիրական սրբութիւնները ոտնակոխ դարձան մեր թշնամիին կողմէ: Ան շեշտեց, որ դժուարին այս օրերուն մէջ պէտք է հաւատքով լեցուինք, մասնաւորաբար` այն հաւատքով, որ ունէին եւ ապրեցան Ղեւոնդեանք եւ Վարդանանք, որպէսզի մեր անկումային այդ պայմաններէն մեր կեանքը դուրս բերելով` նոր արշալոյսներ կերտենք մեր իրականութեան մէջ:

«Աղօթենք, որ մեր սրբոց յիշատակը եւ մեր ժողովուրդի քաջ զաւակներու օրինակը նոր կենդանութիւն ապրի մեր իրականութեան մէջ, որպէսզի նահատակուած հերոսներուն տեղ նոր հերոսներ ծնին, կորսուած մեծութիւններուն դիմաց նոր մեծութիւններ ծաղկին մեր կեանքէն ներս, եւ բարգաւաճի այն, ինչ որ սուրբ եւ նուիրական է մեր ազգին համար», շեշտեց Սրբազան Հայրը եւ եզրափակելով իր խօսքը` ըսաւ, որ «Վասն հաւատոյ եւ վասն հայրենեաց» պատերազմը կը շարունակուի եւ այդ պատերազմի ճամբուն վրայ տակաւին նոր հերոսներ կը նահատակուին, մինչեւ որ արդարութեան արեգակը կրկին շողայ եւ փայլի հայոց երկնակամարին վրայ, եւ մեր ժողովուրդը հասնի իր դարաւոր իղձերուն ու երազներուն: