Առաջնորդարան Հայոց Լիբանանի

«Աստուծոյ Շնորհաբաշխութիւնը Կը Կատարուի Այսօր» ՇԱՀԷ ԱՐՔ. ՓԱՆՈՍԵԱՆ Առաջնորդ Լիբանանի Հայոց թեմի

 

«Աստուած իր շնորհքը յայտնեց, որպէսզի բոլոր մարդիկ փրկուին»:
Տիտոս 2:11

Տարին փակեցինք հին աշխատանքներուն ու անցուդարձերուն հաշուեկշիռը կատարելով եւ նոր տարուան մը առաւօտը դիմաւորեցինք, սակայն առանց գեղեցիկ ու սփոփարար մտածումներու:

Նոր տարի է արդարեւ, այլ սակայն մեր կեանքը կը մնայ տխուր եւ անորոշ: Լիբանանն ու լիբանանահայութիւնը կ՛ապրին իրենց գոյութեան ամէնէն դժուարին պահերը: Արցախի կորուստէն ետք բոլորս ալ կը զգանք, թէ այսօր վտանգուած է նաեւ Հայաստանը, եւ հետեւաբար, կորսնցուցած ենք մեր հոգիին խաղաղութիւնը, որովհետեւ նոր փլուզումներ կը սպասուին հայութեան կեանքին մէջ:

Մեր ապրած տեսակաւոր տագնապներուն ու տրտմութիւններուն դիմաց, միակ գեղեցկութիւնը Աստուծոյ յայտնութիւնն է: Պօղոս առաքեալ պարզ բառերով կ՛ըսէ, թէ Աստուծոյ շնորհաբաշխութիւնը կը կատարուի այսօր:

Գեղեցիկ են Աւետարանի խօսքերը եւ հրապուրիչ են նաեւ անոնց միջոցով մեզի փոխանցուող խորախորհուրդ պատգամները, որոնք մեզի կը յուշեն, թէ այսօր մեր Փրկիչը աշխարհ կու գայ` իբրեւ շնորհք մարդոց բաշխուելու համար:

Արդարեւ, հազար անգամ պատմուած Ս. Ծննդեան պատմութիւնը այսօր դարձեալ կը պատմուի մեր եկեղեցիներուն մէջ, որպէսզի այդ պատմութիւնը մեր էութեան խորքը տանելով վերականգնենք Աստուծոյ հետ թուլցած կապերը եւ զգանք, թէ արդարեւ, այսօր, երկնային անսպառ աղբիւրէն դէպի երկիր կը հոսի Աստուծոյ շնորհքը: Այդ շնորհքը մենք կ՛ընդունինք Հայ եկեղեցւոյ կամարներուն տակ եւ համաձայն մեր աւանդութիւններուն ու սովորութիւններուն, որպէսզի կարենանք այսօրուան մեր հաւատքով զայն տանիլ մեր տուներն ու ընտանիքները` անով խրախուսելու համար նաեւ մեր համայնական կեանքը:

«Աստուած իր շնորհքը յայտնեց…», կ՛ըսէ Աւետարանը: Պատահական խօսքեր չեն Աւետարանին բառերը եւ ո՛չ ալ անորոշ անցեալի մը կամ հեռաւոր ապագայի մը կ՛ակնարկեն անոնք: Ընդհակառակը, անոնք կը վերաբերին մեր այսօրուան կեանքին ու կ՛առնչուին մեր գործերուն: Անոնք նաեւ սերտօրէն կապուած են այն հաւատքին, զոր մեր եկեղեցին դարեր շարունակ քարոզած է, որպէսզի Աստուծոյ շնորհքով լուսաւորուի մեր ժողովուրդին անցած ճամբան: Այդ հաւատքին մէջ ծնած ենք, հետեւաբար այդ հաւատքով ալ պէտք է ապրինք եւ ի հեճուկս մեր ունեցած բոլոր կսկիծներուն ու կասկածներուն պէտք է զգանք, թէ արդարեւ, այսօր, Աստուած իր յաւերժութենէն բաժին կը հանէ մեզի:

Անոնք, որոնք հաւատքով կ՛ընկալեն այս ճշմարտութիւնը, Աստուծոյ շնորհքով կը նորոգուին ու կը կենդանանան. իսկ անոնք, որոնք զայն կ՛արհամարհեն, անկումներու կը տանին իրենց կեանքը եւ կը վտանգեն իրենց շրջապատը:

Այսօր տագնապի մէջ է մեր աշխարհը: Արդարեւ, կ՛ապրինք կասկածի եւ շփոթութեան ժամանակներու մէջ: Տագնապի մէջ է մարդկութիւնը եւ ամբողջ աշխարհը, որ իր պահպանութեան համար նոր յոյս ու նոր շնորհք կ՛որոնէ: Խախտած են մեր ընկերութեան բարոյական հասկացողութիւնները, կրճատուած են մարդոց տեսնելու ու զգալու կարողութիւնները, եւ կեանքը վայելելու մոլուցքին յանձնուած, մարդիկ սկսած են նաեւ ինքզինքնին մսխել ու իրենց շրջապատը սպառել:

Հետեւաբար, Ս. Ծննդեան պատմութիւնը այսօր դարձեալ կը պատմենք, որպէսզի անդրադառնանք, թէ առանց Աստուծոյ շնորհքին ոչ միայն մենք կը քայքայուինք, այլեւ կը մեռնի ամբողջ աշխարհը:

Հետեւաբար, ջերմեռանդութեամբ աղօթենք, որպէսզի մեր գիտակցութիւնը մաքրող, մեր ընթացքը ուղղող եւ մեզ դէպի արժէք ու սրբութիւն տանող աստուածային շնորհքը առատանայ մեր կեանքին եւ մեր աշխարհի մէջ:

Մասնաւորաբար աղօթենք, որ մեր սրտերուն ղեկավարը մնայ Աստուած, որպէսզի ծանր յուսախաբութեանց եւ հիասթափութեանց ներկայ պայմաններուն մէջ, մեր ժողովուրդը չկորսնցնէ իր հաւատքը եւ խաւարի չմատնէ իր հոգեկան վիճակը: Վերաքաղի ենթարկենք մեր մտայնութիւնները, մեր ապրելակերպը, մեր թոյլատու տրամադրութիւնը, օտարին համակերպելու մեր անկաշկանդ վերաբերմունքը, որպէսզի մեր նախնիներուն կողմէ մեր միջավայրին մէջ զետեղուած սեփական աւանդն ու նուիրական արժէքները չփոշիանան:

Անկասկած, մեր դարաւոր գոյութեան ընթացքին, առանց տագնապի ժամանակներ չենք ապրած. սակայն, շնորհիւ մեր հոգեկան ուժին, միշտ ալ յաջողած ենք մեր կոտորակեալ բեկորները հաւաքելով դարձեալ ոտքի կանգնիլ: Այսօր, ազգովին կը գտնուինք նոր ու ամեհի խնդիրներու դիմաց եւ բոլորս ալ կը զգանք, թէ յանուն գոյութեան մեր ժողովուրդին մարտնչումներն ու պայքարները տակաւին չեն աւարտած:

Ուստի, Ս. Ծնունդը իսկական տօն է անոնց համար, որոնք կը զգան, թէ Աստուծոյ շնորհքը երաշխիքն է մեր ժողովուրդի յարատեւութեան: Այս առիթով, Հայաստանի մէջ կամ սփիւռքի տարածքին, մեր ժողովուրդը պէտք է յիշէ, թէ միայն հաւատքի կեցուածքով կրնայ մնալ կանգուն ու անխորտակ: Հետեւաբար, պէտք է զգանք, թէ Աստուծոյ շնորհքը մեզի հետ է,  որպէսզի նաեւ կարենանք մեր մէջէն դուրս բերել այդ շնորհքէն ու մեր նախնեաց շունչէն մասնիկներ` անոնցմով ամրացնելու համար մեր համայնական վիճակն ու հայութեան կեանքը:  Աւետարանին բացատրութեամբ, Աստուծմէ շնորհք ստացող մարդը ազգին ծառայելով կը հասնի փառքի եւ մեծութեան: Հետեւաբար, այդ զգացումը պէտք է արթննայ մեր  հոգիներուն մէջ, որպէսզի նոր տարուան մը պայմաններուն մէջ, սրտերն ու մտքերը ներդաշնակելով, համերաշխութեամբ ու իրերօգնութեամբ, մենք կարենանք մեր կեանքին մէջ գոյացած աւերածութիւնները վերականգնելով շարունակել անխափան պահել մեր պատմութեան երթը:

Այս մտածումներով կ՛օրհնենք մեր ժողովուրդը եւ կը փառաբանենք զԱստուած` իր անբաւ շնորհքներուն համար:

Այս մտածումներով նաեւ կ՛աղօթենք, որ Աստուծոյ շնորհքով, նոր սկիզբ առնող տարին ըլլայ խաղաղ եւ բարգաւաճ: Թող լուսաւորուին մեր ընկերութեան մէջ խաւարի մատնուած սրտերն ու հոգիները, սիրոյ ու եղբայրութեան մթնոլորտ հաստատուի մեր միջավայրին մէջ: Խաղաղութեան մէջ վերստին ծաղկին ու բարգաւաճին Լիբանանն ու մեր հայրենի երկիրը, մեր հաւատացեալ ժողովուրդին աղօթքներով առաւել եւս պայծառանայ Հայ եկեղեցին ու հին օրերու վայելչութեամբ վերստին խրախուսուին մեր կրթական, մշակութային, բարեսիրական, ընկերային, քաղաքական կառոյցներն ու կեդրոնները:

Շնորհաւոր Նոր տարի: Թող 2024 թուականը ըլլայ հաւատքով ու նոր շնորհքներով իրագործելի աշխատանքային շրջան:

Քրիստոս ծնաւ եւ յայտնեցաւ:
Ձեզի եւ մեզի մեծ աւետիս:

Աղօթարար`
ՇԱՀԷ ԱՐՔ. ՓԱՆՈՍԵԱՆ
Առաջնորդ Լիբանանի Հայոց թեմի