Առաջնորդարան Հայոց Լիբանանի

Ս. Ծննդեան Ս. Պատարագին. «Աստուած Կը Կամենայ, Որ Մենք, Մեր Եկեղեցւոյ Աւանդին Համաձայն, Մեր Հաւատքը Ապրինք Մեր Հայրերուն Կուտակած Աւանդներով» Շեշտեց Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեան

Ս. Ծննդեան տօնին առիթով, շաբաթ, 6 յունուար 2024-ին Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ հանդիսաւոր սուրբ եւ անմահ պատարագ: Պատարագը մատուցեց Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեան:

Իր քարոզին մէջ Սրբազանը բացատրեց, որ Աստուածայայտնութիւն կը կոչենք այս առիթը, որովհետեւ աստուածութեան երեք դէմքերը Յիսուսի մկրտութեան ժամանակ միատեղ յայտնուեցան: Ան մէջբերում կատարեց Յովհաննու աւետարանի 6-րդ գլուխէն, ուր ըսուած է. «Որովհետեւ Աստուած այնքան սիրեց աշխարհը, որ մինչեւ իսկ իր միածին Որդին ղրկեց, որպէսզի բոլոր անոնք, որոնք կը հաւատան իրեն, չկորսուին, այլ յաւիտենական կեանք ունենան», եւ բացատրեց, որ այս քանի մը մտածումներուն մէջ ամփոփուած է ամբողջ Աստուածաշունչին միտք բանին: Առաջնորդը դիտել տուաւ, որ այս մտածումները նախ կը յայտնեն, թէ Աստուած սիրեց աշխարհը, այսինքն` երկրագունդը, տիեզերքը եւ մասնաւորաբար իր ստեղծագործութեան գլուխ գործոցը` մարդ արարածը. Աստուած սիրեց հակառակ այն իրողութեան, որ մարդը առաջին իսկ րոպէէն անհնազանդ գտնուեցաւ Աստուծոյ պատուիրաններուն նկատմամբ եւ խորտակեց եդեմական դրախտին մէջ վայելած իր կեանքը, աւելցնելով, որ Աստուած սիրոյ իբրեւ արդիւնք` պատմութեան ընթացքին առիթով մը մարմնացաւ եւ յայտնուեցաւ աշխարհի մէջ, որպէսզի ամէն օր շարունակաբար մեր սրտերուն մէջ յայտնուի եւ մեզ կազդուրելով` մեր ուշադրութիւնը ուղղէ դէպի յաւիտենական կեանք, որմէ զրկուեցաւ նախամարդը իր մեղանչումին պատճառով:

Շարունակելով իր խօսքը` Գերշ. Տ. Շահէ Արք. նկատել տուաւ, որ կ՛ապրինք տագնապներով յատկանշուող ժամանակաշրջան մը, աւելցնելով, որ ոչ մէկ ատեն մեր կեանքը այսքան ալեկոծ, դժուարին եւ յուսահատ պայմաններու մէջ գտնուած է: Այս բոլորին դիմաց վստահաբար բոլորս ալ երկինքէն յոյսի կը սպասենք եւ կ՛ակնկալենք, որ Աստուած իր հրաշքը իրականացնէ մեր կեանքին մէջ, սակայն շատ անգամ անզօր կը մնան մեր աղօթքները, որովհետեւ առանց Աստուծոյ հաւատքի կը ներկայանանք:

«Այսօր կեանքի մեր պայմաններուն մէջ զոհած ենք շատ մը նուիրական սկզբունքներ, որոնց վրայ կը յենի մեր համայնական ու հոգեւոր կեանքը, շեշտեց Սրբազան Հայրը` աւելցնելով, որ կեանքի մէջ զԱստուած կարենալ ունենալու համար, մտքէն աւելի, հաւատքը անհրաժեշտ է բոլորիս:

Եզրափակելով իր խօսքը` Գերշ. Տ. Շահէ Արք. ըսաւ, որ Աստուած կը կամենայ, որ մենք, մեր եկեղեցւոյ աւանդին համաձայն, մեր հաւատքը ապրինք մեր հայրերուն կուտակած աւանդներով, որոնք ներկայ պայմաններուն մէջ կրնան գործնական չթուիլ, սակայն այդ բոլորէն հեռանալը կը նշանակէ անջատուիլ ազգի ու մեր եկեղեցւոյ բազկերակէն:

Պատարագի աւարտին կատարուեցաւ ջրօրհնէք:

Այնուհետեւ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը եւ Ազգային վարչութիւնը շնորհաւորութիւններ ընդունեցին Պէյրութի առաջնորդարանի դահլիճին մէջ, մինչեւ յետմիջօրէն ժամը 2:00, իսկ կէսօրէ ետք ժամը 4:00-6:00 Պուրճ Համուտի առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ: