Առաջնորդարան Հայոց Լիբանանի

Դռնբացէքի Արարողութիւն Սրբոց Վարդանանց Եկեղեցւոյ Մէջ

Նախագահութեամբ Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեանի, կիրակի 2 ապրիլ 2023-ին, յետմիջօրէի ժամը 4:30-ին, Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ Դռնբացէքի հոգեպարար եւ խորհրդալից արարողութիւն:

Իր քարոզին մէջ Սրբազան Հայրը դիտել տուաւ, որ աշխարհին մէջ քրիստոնեայ մարդու հորիզոնը անպայմանօրէն պայծառ չէ շարունակաբար եւ բոլորիս կեանքին մէջ կան վիճակներ կամ անակնկալներ, որոնք յաճախ կը մթագնեն նոյնիսկ մեր գիտակցութիւնը եւ մեզ կը շեղեն մեր նպատակէն` աւելցնելով, որ այդ պատճառով Քրիստոս կ՛ըսէ. «Ինծի եկէք բոլոր յոգնածներ եւ բեռնաւորուածներ, եւ Ես հանգիստ պիտի շնորհեմ ձեզի»: Այդ հանգիստը, զոր բոլորս կը փորձենք գտնել եւ յաճախ կը դժուարանանք հասնելու անոր: Սրբազանը յայտնեց, որ այս մտածումներուն ընդմէջէն մեր Տէրը մեզի կը յիշեցնէ, թէ քրիստոնեան կեանքի լաւ կամ վատ օրերուն ունի ապահով յենարան մը, որ Քրիստոս է, որ երկինքէն երկիր բերած իր լուսեղէն մտածումներով եւ իր փրկութեան խոստումով անպայմանօրէն հանգիստ կրնայ պարգեւել բոլոր տագնապող հոգիներուն, մանաւանդ անոնց, որոնք յանուն ճշմարտութեան, իսկապէս աշխարհի պայմաններուն մէջ կը տագնապին ու կը տառապին: «Վստահութեամբ յանձնուեցէք Աստուծոյ եւ առիթ տուէք, որ Աստուած կեանքի անորոշ պայմաններու մէջէն ինք ճամբայ ցոյց տայ ձեզի: Յանձնուեցէք Աստուծոյ, որպէսզի անդրադառնաք, թէ անպայմանօրէն նիւթն ու նիւթականը չեն մեր փնտռած կեանքի լուծումները, այլ` այդ բոլորէն վեր, վեհ կը մնայ մեր Աստուածը, արարիչը ամբողջ տիեզերքին, որուն կամքով մենք աշխարհ եկանք, որպէսզի մենք մեզ իրագործենք, եւ որուն կամքով մենք պարտինք վերադառնալ իր մօտ», հաստատեց Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեան եւ յորդորեց ներկաները Աւագ շաբթուան մտնելէն առաջ մօտենալու մեր Տիրոջ, մեր սիրտը պարզելու անոր եւ առիթ տալու, որ ինք մեր մտքի խորհուրդներն ու սրտի ծալքերը լուսաւորէ աստուածային լոյսով եւ մեզի ցոյց տայ այն ճամբան, որ, աշխարհէն անցնելով հանդերձ, կը մնայ յաղթական, ուղիղ եւ կը տանի մեր երկնային հօր մօտ: Եզրափակելով իր պատգամը` Սրբազան Հայրը մաղթեց, որ Աւետարանի խօսքերը խրախուսեն բոլոր թուլցած հոգիները, հաւատք ներշնչեն տատամսողներուն, եռանդ եւ կամք զետեղեն մեր գիտակցութեան մէջ, որպէսզի աղօթացած կամքով ու վարքով մենք շարունակենք յաղթանակ տանիլ կեանքին պարտադրած տեսակաւոր մարզերուն վրայ, զԱստուած զետեղելով մեր կեանքի բարձրակէտին վրայ, որպէսզի իր քով բարձրանանք եւ հասնինք իր անմահական պարգեւներուն: