Առաջնորդարան Հայոց Լիբանանի

Լիբանանի Թեմի Ազգային Վարչութիւնը Այցելեց Վեհափառ Հայրապետին

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսը շաբաթ, 4 նոյեմբեր 2023-ին ընդունեց այցելութիւնը Լիբանանի Հայոց Թեմի Ազգային Վարչութեան` գլխաւորութեամբ Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեանի:

Առաջնորդ Սրբազանը խօսք առնելով` թեմին կողմէ շնորհակալութիւն յայտնեց Հայրապետին անցնող օրերու ընթացքին թեմին շնորհած յաջորդական երեք այցելութիւններուն համար: Յիշեալ այցելութիւններն ու հանդիպումները Ազգային Իշխանութեան ու ծխային շրջաններու մարմիններուն եւ գաղութէն ներս գործող համայնքային, կրթական, մշակութային, բարեսիրական, մարզական ու հայրենակցական կառոյցներու ներկայացուցիչներուն հետ, դարձան սքանչելի առիթներ` թեմն ու գաղութը դէպի վերակազմակերպում ու վերաշխուժացում մղող:

Ազգային Վարչութեան հետ շուրջ երկու ժամ տեւած հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ աւելի խոր կերպով քննարկելու թեմին առնչուած կարգ մը հարցերը:

Այս առիթով, յանուն Լիբանանի թեմին, յիշատակի նուէրներ յանձնուեցան Վեհափառ Հայրապետին, որ, իր կարգին, զանոնք յանձնեց «Կիլիկիա» թանգարանին:

Յայտնենք, որ թեմի ու գաղութի ներկայացուցիչներուն հետ ունեցած իր յաջորդական երեք հանդիպում-զրոյցներու ընթացքին կաթողիկոսը «Սփիւռքի տարի»-ին առիթով, վեց մարզերու մէջ անհրաժեշտ յիշեցումները կատարելէ ետք, շեշտած էր անհրաժեշտ ծրագրումներն ու աշխատանքները կատարելու հրամայականը, որպէսզի կարելի ըլլայ գաղութը առաջնորդել դէպի վերակազմակերպում: Հայրապետը նաեւ իր գնահատանքը յայտնած էր Լիբանանի հայութեան, որ հակառակ յաջորդական տագնապներուն` գաղութը իր հաւաքական հաւատքով ու կամքով կրցած է վերականգնիլ եւ իր իւրայատուկ դերը շարունակել սփիւռքի հայութեան կեանքէն ներս: Միաժամանակ Վեհափառ Հայրապետը յիշեցուցած էր, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը կը շարունակէ իր ամբողջական զօրակցութիւնը լիբանանահայութեան նկատմամբ: