Առաջնորդարան Հայոց Լիբանանի

«Հարիւր Տարի Ապրելու Գաղտնիքները` Ուրախ Եւ Առողջ Կերպով» Խորագիրով Դասախօսութիւն

Լիբանանի հայոց թեմի Ազգային առաջնորդարանի ընկերային բաժանմունքը,   գաղութի կարիքաւոր ընտանիքներուն մատուցած ծառայութիւններու կողքին, ունի նաեւ տարբեր ծրագիրներ, ինչպէս` բարգաւաճման եւ նախազգուշական ծրագիրներ:

Առ այդ, չորեքշաբթի, 8 նոյեմբերի կէսօրուան ժամը 12:00-ին Սրբոց Քառասնից Մանկանց վարժարանի Գ. յարկի վրայ գտնուող ընկերային բաժանմունքի կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ դասախօսութիւն մը` «Հարիւր տարի ապրելու գաղտնիքները` ուրախ եւ առողջ կերպով» խորագիրով:

Օրուան բանախօսն էր Ազգային առաջնորդարանի ընկերային յանձնախումբի անդամ տոքթ. Մհեր Մելքիսէթեան, որ մէկ ժամ տեւողութեամբ փաուըր փոյնթով ներկայացուցած իր նիւթին մէջ թուեց հիմնական վեց գաղտնիքներ, որոնք կը նպաստեն երկար ապրելու` «հարիւր տարի» ապրելու.

1) Փոխադարձ գործակցութիւն ունենալ միջավայրի եւ բարեկամներու հետ, նաեւ` ստեղծել ընտանեկան եւ մարդկային ամուր կապեր,

2) Ուտել առողջապահական եւ սննդարար ուտելիքներ, ինչպէս` ձուկ, ապուր, պտուղ, կանաչեղէն,

3) Իմաստալից կեանք ունենալ, ինչպէս` առաջնորդել նորահաս սերունդները, զբաղում մը ունենալ, արուեստ ստեղծել, մաս կազմել ընկերութեան առաքելութեան,

4) Ճնշումէ հեռանալ` աղօթելով, խորհրդածութեամբ, քնանալով եւ յիշելով մեր նախահայրերը,

5) Թեթեւ մարմնային շարժումներ ընել օրուան ընթացքին, ինչպէս` քալել, պարտիզամշակութիւն, փայտ կտրել, տնային թեթեւ գործեր,

6) Հաւատալ բարձրագոյն ուժին, այլ խօսքով` հաւատք ունենալ:

Դասախօսութեան աւարտին, բոլոր ներկաներուն հրամցուեցաւ տաք ճաշ եւ պտուղ: