Առաջնորդարան Հայոց Լիբանանի

Ս. Նշան Մայր Եկեղեցւոյ Անուանակոչութեան Տօն

Նախագահութեամբ Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեանի, կիրակի, 29 հոկտեմբերին, Գիւտ խաչի տօնին առընթեր, նշուեցաւ Ս. Նշան Մայր եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնը, եւ այս առիթով մատուցուեցաւ ս. պատարագ եւ կատարուեցաւ մատաղօրհնէք: Պատարագին ներկայ էին Ազգային վարչութեան ատենապետ Գրիգոր Արսլանեան, նաեւ` Ազգային վարչութեան անդամներ:

Ժողովուրդին ուղղուած իր քարոզին մէջ Սրբազան Հայրը անդրադարձաւ 4-րդ դարուն տեղի ունեցած Քրիստոսի խաչափայտին յայտնաբերուելու պատմական դէպքին, երբ Բիւզանդիոնի Կոստանդիանոս կայսրին մայրը` Հեղինէ թագուհին, Քրիստոսի խաչափայտը գտնելու որոշումով Երուսաղէմ կ՛երթայ եւ այնտեղ, Քրիստոսի խաչելութեան վայրին մէջ  փնտռտուքներ կատարելով, կը յաջողի յայտնաբերել Քրիստոսի խաչը եւ զայն պատուով զետեղել Ս. Յարութեան տաճարին մէջ:

Սրբազան Հայրը նկատել տուաւ, որ մեզի համար նուիրական պարտականութիւն է յիշել անցեալի այդ պատմութիւնը, զոր սերունդէ սերունդ կը շարունակենք կատարել, որպէսզի զգանք, թէ առանց ճիգի` յառաջդիմութիւն եւ յաջողութիւն չկայ կեանքին մէջ եւ մեր կեանքը, սովորականէն բարձր` աւելի մեծ տեսիլքներու եթէ պիտի տանինք, պէտք է Հեղինէ թագուհիին օրինակով մեր առօրեային մէջ, խաչը գտնելու ճիգ կատարենք, այսինքն զԱստուած փնտռենք եւ անոր խորհուրդը հայցենք:

«Գիւտ խաչի տօնին արժէքը պէտք չէ փնտռենք անցեալի պատմութեան մէջ, այլ` ներկայի իրականութեան մէջ, որպէսզի ներկայ կեանքի պայմաններուն մէջ քրիստոնէական արժէքներով ու սրբութեամբ պայքարինք աշխարհը ապականող վտանգներուն դէմ եւ այդպիսով յաղթական մնանք», շեշտեց Սրբազան Հայրը` աւելցնելով, որ աշխարհի մէջ ուժ եւ քաջութիւն պէտք են, որպէսզի մենք կարենանք մեր կեանքը ապրիլ քրիստոնէական արժէքներով, հետեւաբար չի բաւեր պատմութիւնը գիտնալ, այլ պէտք է այդ պատմութեամբ պայծառանալ ու մեր կեանքը յեղաշրջել անոր պատգամով:

Շարունակելով իր խօսքը` Առաջնորդը ըսաւ, որ ալեկոծ, անորոշութեամբ եւ վտանգներով լեցուն մեր կեանքի պայմաններուն մէջ պարտինք Աստուծոյ դիմել եւ մեր կեանքին համար իմաստութիւն, հոգեկան քաջութիւն եւ լոյս խնդրել, որպէսզի կարենանք իր առաջնորդութեամբ պայծառութիւն բերել մեր կեանքին ու գործերուն: Ան դիտել տուաւ, որ Գիւտ խաչի տօնը մեզի կը յիշեցնէ, որ քրիստոնեային ճամբան կը սկսի փոքր պարտականութիւններով, որոնք հետզհետէ կը վերածուին մեծութեան ու շքեղութեան կեցուածքներու, հաստատելով, որ  քրիստոնեային ճամբան կը հետեւի Քրիստոսի կեանքի օրինակին: Ինքզինք տալով եւ ինքզինք նպատակի մը յաջողութեան համար ընծայելով` պէտք է ձգտինք կեանքին մէջ փրկել այն, ինչ որ ճշմարիտ արժէք է Աստուծոյ աչքին եւ ճշմարիտ ու տեւող փառք է նաեւ մարդուն համար:

Սրբազանը հարց տուաւ, թէ ի՞նչ տեսակ ճիգ կը թափենք ու ի՞նչ բանի կը նուիրենք մենք զմեզ, որպէսզի մեզմով կեանքի, մէջ պաշտպանուի նուիրականը, եւ սրբութեամբ պահուի աստուածայինը, բացատրելով, որ պիտի ապրինք նուիրական արժէքներով պաշտպանելու եւ ապրեցնելու համար մեր ընտանիքը, մեր բարքերը, մեր բարեպաշտական եւ ազգային սովորութիւնները, մեր նախնիներուն երկիւղածութեան շունչը ու, այդպիսով, նաեւ ապահովելու մեր զաւակներուն կեանքը եւ մեր ընկերութեան անխափան երթը:

Սրբազան Հայրը նկատել տուաւ, որ այս տարի դարձեալ տրտմութեան, մտահոգութիւններու ու կասկածներու մթնոլորտին մէջ կը դիմաւորենք Գիւտ խաչի տօնը: Հետեւաբար հաւատքով դառնանք Աստուծոյ եւ տրտմութեան, մտահոգութիւններու ու կասկածներու ներկայ պայմաններուն մէջ մեր ունեցածը պաշտպանելու եւ վերանորոգ կեանքի մը դիմելու առաջադրանքով ձգտինք  խաչին գիւտը կատարել  եւ մեր ունեցածը սիրած ըլլալու փաստը արտայայտել, որպէսզի աշխարհի մթագնած հորիզոնին դիմաց, մեր ժողովուրդը հոգեւոր ու բարոյական բարձրութեան վրայ պահէ իր կեանքը եւ խաչին ու Խաչեցեալին նայելով` ապրեցնէ դարերու շունչով պաշտպանուած ազգային ուխտը:

Պատարագի աւարտին եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ կատարուեցաւ մատաղօրհնէք: