Առաջնորդարան Հայոց Լիբանանի

Կազմակերպութեամբ Ազգային Ուսումնական Խորհուրդին. Լիբանանի Անկախութեան 80-Ամեակին Նուիրուած Ազգային Վարժարաններու Միացեալ Տօնակատարութիւն` Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Վարժարանի Մէջ

Կազմակերպութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի Ուսումնական խորհուրդին, երեքշաբթի, 21 նոյեմբերին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին Ազգային Եղիշէ Մանուկեան վարժարանի «Սիրան Մանուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Լիբանանի անկախութեան 80-ամեակին նուիրուած ազգային վարժարաններու միացեալ տօնակատարութիւն` ներկայութեամբ Ազգային Միացեալ, Եղիշէ Մանուկեան եւ Նուպարեան-Խրիմեան (Թրիփոլի) վարժարաններու միջնակարգ եւ երկրորդական կարգի աշակերտներուն, տնօրէններուն եւ ուսուցիչներուն, նաեւ` Ուսումնական խորհուրդի անդամներուն:

Լիբանանի, Հայաստանի եւ Արցախի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք, օրուան հանդիսավար Թաթիանա Պետիկեան (Ազգ. Եղիշէ Մանուկեան վարժարան) ներկաները հրաւիրեց մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգելու իսրայէլեան վերջին պատերազմին պատճառով Պաղեստինի եւ Լիբանանի մէջ ինկած անմեղ զոհերու յիշատակը:

Ազգային Եղիշէ Մանուկեան վարժարանի աշակերտ Ռէյնա Խալիլ արաբերէնով արտասանած բացման խօսքին մէջ նկատել տուաւ, որ հայրենիքի անկախութիւնը ազատութեան խորհրդանիշ է, որուն համար շատ սուղ գին վճարեցինք: Ան շեշտեց, որ մենք  Ցեղասպանութիւն ապրած, տառապած, գոյութեան համար ամէն զոհողութիւն ի գործ դրած ազգի թոռներն ենք եւ կը մնանք մեր խոստումին վրայ, աւելցնելով, որ մենք հաւատարիմ ենք Լիբանանին, որովհետեւ պայքարող եւ դիմագրաւող ազգ ենք եւ կը խոստանանք պահպանել Լիբանանի հողին իւրաքանչիւր հատիկը եւ միասնաբար, քով-քովի քալելով` պիտի իրականացնենք արդարութիւնը , ազատութիւնը եւ անկախութիւնը:

Օրուան բանախօսն էր Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Ազգային Կեդրոնական վարչութեան անդամ, մտաւորական, ազգային գործիչ Տիգրան Ճինպաշեան: Ան հարց տուաւ, թէ ի՞նչ է անկախութիւնը, ինչո՞ւ կը տօնենք զայն եւ աշխարհի մէջ գտնուող զանազան տեսակ պետութիւններու եւ ժողովուրդներու մէջ մենք ո՞ւր կը դասուինք, եւ բացատրեց, որ եթէ ժողովուրդ մը, մարդոց հաւաքականութիւն մը որոշ յատկանիշներ ունի` մշակոյթ, լեզու, պատմական անցեալ, եւ եթէ ազգի վերածուած է, կը փորձէ ինքնիշխան ըլլալ եւ ինքզինք կառավարել, որ կը նշանակէ ունենալ այդ ազգին հիմնական չափանիշներուն համապատասխան ոճ, ծառայել այդ ազգին նպատակներուն, զարգացնել անոր մշակոյթը, զայն բարգաւաճ եւ աւելի շէն դարձնել: Ճինպաշեան նկատել տուաւ, որ երբեմն կան վայրեր, ուր ժողովուրդը քիչ է, չի յաջողիր առանձինն ինքզինք կառավարել, հետեւաբար կը միանայ ուրիշներու եւ այդ ազգերու բեկորներով կը ստեղծէ հաւաքականութիւն մը, որ կը փորձէ անկախ ըլլալ, ինքզինք կառավարել: Ան ըսաւ, որ այս տեսակ հաւաքականութիւններ շատ կան աշխարհի մէջ, եւ անոնցմէ մէկն ալ Լիբանանի ժողովուրդն է, սակայն տարբերութիւնը միւսներէն այն է, որ Լիբանանի մէջ կան 16 տեսակ հաւաքականութիւններ, որոնց համայնք անունը կու տան, եւ այդ համայնքները իրարու հետ համաձայնած են, որ միասին պիտի ապրին, գործեն, աշխատին եւ բարգաւաճեցնեն այն հողը, որուն վրայ կը գտնուին: Ճինպաշեան շեշտեց, որ ասիկա շատ դժուար գործ է, եւ մենք փորձառութեամբ գիտենք, որ իրականութեան մէջ այդ բոլորը իրարու հետ համաձայնեցնելը մեծ աշխատանք է, որովհետեւ տարբեր մշակոյթներ, գաղափարներ, մտածողութեան եղանակներ, կրօններ իրարու հետ համաձայնեցնելը կը պահանջեն փոխադարձ զիջումներ, հասկացողութիւն, յարգանք, որ Լիբանանի մէջ շատ քիչ գոյութիւն ունի:

Անդրադառնալով Լիբանանի ծնունդին, այն Լիբանանին, որ ստեղծուած է Համաշխարհային Ա. պատերազմէն ետք, Տիգրան Ճինպաշեան յայտնեց, որ երկիրը տնտեսապէս գործելու հնարաւորութիւն ունի, դաշտ ունի մշակելու, եւ իր բնակիչները համաձայն են, որ միասին պիտի ապրին, գործեն, աշխատին: Երբեմն յաջողած են, երբեմն` ոչ, եւ այդ փորձը մինչեւ այսօր կը շարունակուի, բայց բոլորը կ’ապրին այս հողին վրայ, այս երկրին մէջ եւ որոշած են ուրիշին ենթակայ չըլլալ, հարկ չվճարել, իրենք իրենց տէրը ըլլալ, իրենց հայրենիքին տէրը ըլլալ եւ այս հողը իրենց համար հայրենիք դարձնել: Ճինպաշեան հարց տուաւ, թէ ի՞նչ բան է հայրենիքը մեզի համար, որ հայ ենք, տարբեր տեղերէ կու գանք եւ հաստատուած ենք այս երկրին մէջ, աւելցնելով, որ հայրենիքը այն վայրն է, ուր պարզապէս կ’ապրի՞նք, թէ՞ հայրենիքը նաեւ ուրիշ իմաստ ունի: Ան ըսաւ, որ հայրենիքը ամբողջութիւնն է այն բոլոր գաղափարներուն, որոնք ազգ մը կը հիմնեն, բայց լիբանանեան ազգ գոյութիւն չունի, ուրեմն լիբանանեան հայրենիքը ազգային տարբեր-տարբեր միաւորներու, ուրիշ խումբերու պատկանող մարդոց միացումով ստեղծուած հայրենիք է: «Եթէ մեր հայրենիքը ամբողջական եւ լրիւ Հայաստանն է, բայց նաեւ Լիբանանը մեզի համար որդեգրուած հայրենիք է: Եթէ այստեղ կ’ապրինք, այս հայրենիքի նկատմամբ պարտաւորութիւններ եւ իրաւունքներ ունինք, եւ անոնց փոխադարձ համադրումը կը ստեղծէ մեզի համար վիճակ մը, երկիր մը, որ մերն է, եւ որուն համար պատրաստ ենք ամէն տեսակ զոհողութիւն ընելու», հաստատեց Ճինպաշեան, աւելցնելով, որ իբրեւ աշակերտներ, եթէ այս երկրին հաւատարիմ եւ օգտակար պիտի ըլլանք, պէտք է շատ գիտութիւն ամբարենք, շատ ծանօթութիւն ունենանք, շատ բան գիտնանք, լաւ սորվինք, լաւ աշխատինք, որպէսզի կարողանանք ո՛չ միայն օգտուիլ Լիբանանի բարիքներէն, այլեւ Լիբանանի ծառայելու համար բաւարար ուժ, կարողութիւն եւ հնարաւորութիւն ձեռք բերենք: «Անկախութիւնը թանկագին բան է, եւ զայն ձեռք բերելը շատ յաճախ դժուար է, բայց կորսնցնելը դժբախտաբար շատ դիւրին է, եւ որպէսզի այդ անկախութիւնը կարողանանք պահպանել, պէտք է պատրաստ ըլլանք այդ երկրին համար կատարելու այն բոլոր զոհողութիւնները, որոնք մեզմէ կը պահանջուին` յարգելով այդ երկրին իշխանութիւնները, եւ գործենք այնպէս մը, որ այդ անկախութիւնը մնայուն եւ յաւիտենական ըլլայ», եզրափակեց Տիգրան Ճինպաշեան:

Ձեռնարկին ընթացքին գործադրուեցաւ գեղարուեստական պատշաճ յայտագիր: Ազգային Եղիշէ Մանուկեան վարժարանէն խումբ մը աշակերտներ ներկայացուցին խմբային արտասանութիւն մը եւ արաբերէնով երգ մը, Ազգային Նուպարեան-Խրիմեան վարժարանի աշակերտները մեկնաբանեցին խմբային արտասանութիւններ` հայերէն եւ ֆրանսերէն լեզուներով, նաեւ` երգ մը: Ազգային Միացեալ վարժարանի աշակերտները մատուցեցին խմբային արտասանութիւն մը եւ ներկայացուցին անկախութեան պատմութիւնը ներկայացնող արաբերէն թատրոն մը:

Յայտնենք, որ ձեռնարկէն առաջ տօնակատարութեան ներկայ բոլոր աշակերտները հիւրասիրուեցան Ազգային Եղիշէ Մանուկեան վարժարանի տնօրէնութեան կողմէ եւ միացեալ նկարով մը յիշատակելի դարձուցին իրենց հանդիպումը: