Առաջնորդարան Հայոց Լիբանանի

Ս. Պատարագ Սրբոց Քառասնից Մանկանց Եկեղեցւոյ Մէջ

Հանդիսապետութեամբ Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեանի, կիրակի, 19 նոյեմբերին Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ ս. պատարագ:

Ժողովուրդին ուղղուած իր պատգամին մէջ Առաջնորդ Սրբազանը անդրադարձաւ Ղուկասու աւետարանի 9-րդ գլխուն մէջ տեղ գտած դրուագի մը, ուր Յիսուսի աշակերտները կը վիճին իրարու հետ, թէ իրենց մէջ ո՞վ է մեծը: Յիսուս անդրադառնալով, թէ ինչո՛ւ կը վիճին, նաեւ լաւապէս ճանչնալով իր աշակերտները,  ըսաւ, որ իրենց մէջէն ամէնէն փոքր եղողն է, մանուկի մը նմանողն է մեծը: Սրբազանը նկատել տուաւ, որ այդ օրերուն Յիսուսի համբաւը հասած էր իր գագաթնակէտին եւ ամբողջ Հրէաստանի տարածքին ան յատկանշական դէմք դարձած էր, հետեւաբար աշակերտները կ՛ուզէին իրենք ալ երեւելի եւ առաջնորդ դառնալ` հակառակ այն իրողութեան, որ տակաւին իրենց տէրը կը գտնուէր իրենց հետ եւ առաքելութեան պաշտօնը իրենց չէր յանձնուած:

Շարունակելով իր խօսքը` Սրբազան Հայրը բացատրեց, թէ յիշեալ դրուագը մեր ուշադրութեան կը յանձնուի, որպէսզի մենք խրատուինք եւ անդրադառնանք, որ Աստուած մեզմէ աւելի բարեպաշտութիւն կամ մեծ ծառայութիւններ չի պահանջեր, այլ կը պահանջէ խոնարհ վիճակ, աւելցնելով, որ Յիսուս ըսաւ, թէ մեծը ան է, որ մանուկի կը նմանի, որովհետեւ մանուկը կախեալ է Աստուծմէ եւ ուրիշներու բարեացակամութենէն, եւ այս իրողութիւնը ինք չի կրնար արտայայտել, այլ կը պարզէ իւրաքանչիւր քայլափոխին եւ իր շրջապատին կը զգացնէ, որ ինք կախեալ է ուրիշներէ եւ այդպիսով կը գրաւէ մարդոց սիրտը ու կը դառնայ կեդրոնական ներկայութիւն իր շրջապատին մէջ: «Աստուած մեզմէ կ՛ակնկալէ խոնարհ ու պատրաստակամ ոգի մը: Ան, որ կ՛ուզէ իսկապէս մեծ ըլլալ, նախ պէտք է ձգտի Աստուծոյ աչքին մեծ ըլլալ, նաեւ ինքզինք ուրանալ, որպէսզի մանուկի մը նման Աստուած առաջնորդէ եւ տնօրինէ իր կեանքին համար ամէն բան», հաստատեց Սրբազանը` շեշտելով, որ Աստուծոյ  համար մեծերը անոնք են, որոնք կ՛անդրադառնան թէ աշխարհը եւ այս կեանքը Աստուծոյ պարգեւներն են, եւ մենք Աստուծոյ համար գործող միջոցներ ենք աշխարհին մէջ:

Եզրափակելով իր խօսքը, Առաջնորդը հրաւիրեց ներկաները` զգաստանալու եւ զոհերը չդառնալու աշխարհի մեր պայմաններուն եւ մերօրեայ մշակութային վիճակին, այլ կեանքի մէջ իրենց բերած մասնակցութեամբ ուղղեն նաեւ իրենց շրջապատի ընթացքը եւ այդպիսով Աստուծոյ համար հաճելի ու պատշաճ միջավայր պատրաստեն: