Առաջնորդարան Հայոց Լիբանանի

Ս. Պատարագ Ռըմէյլի Ս. Յարութիւն Եկեղեցւոյ Մէջ

Հանդիսապետութեամբ Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեանի, կիրակի, 12 նոյեմբերին Ռըմէյլի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ ս. պատարագ:

Օրուան պատգամը յղեց Սրբազան Հայրը, որ լուսարձակի տակ առնելով Պօղոս առաքեալի այն խօսքը, որ հարկ է մեր ապրելակերպին ուշադրութիւն դարձնենք եւ չապրինք անխոհեմ, այլ` իմաստուններու պէս, եւ օգտագործենք ժամանակը, որովհետեւ այս օրերը չար են: Ան բացատրեց, որ առաքեալին արտայայտած մտահոգութիւնները պարզ են բոլոր անոնց համար, որոնք իրենց առօրեային մէջ կ՛ուզեն անպայմանօրէն Աստուծոյ ներկայութեան հետքերը զգալ եւ ապրիլ:

Սրբազանը ըսաւ, որ երբ կը խորհինք չար ժամանակներու մասին, առաւելաբար մեր ուշադրութիւնը կ՛ուղղուի դէպի քաղաքական ճգնաժամեր, տնտեսական եւ ընկերային դժուարութիւններ եւ` անոնց պատճառով մեր առօրեային մէջ ստեղծուած տեսակաւոր տագնապներն ու խնդիրները, որոնց դիմաց կը գտնուինք վստահաբար բոլորս` ներկայ կեանքի պայմաններու մէջ: Սրբազանը շեշտեց, որ այս բոլոր դժուարութիւնները այդքան ալ ծանր չեն` բաղդատած հոգեկան եւ բարոյական դժուարութիւններուն, որոնք կը քայքայեն մարդկային ընկերութեան կեանքը:

Շարունակելով իր խօսքը` Սրբազան Հայրը յորդորեց ներկաները իրենց ուշադրութիւնը կեդրոնացնել իրենց անձերուն, ընտանիքին, ընկերութեան վրայ եւ իրենք զիրենք վերականգնել այն սկզբունքներով եւ արժէքներով, որոնց վրայ Աստուած կ՛ուզէ հիմնուած տեսնել մեր կեանքը: «Քրիստոնեայ հաւաքականութիւնները պէտք չէ սպասեն, որ իրենց կեանքին մէջ փոթորիկները գան եւ քայքայեն ամէն բան, այլ ամէնօրեայ ճիգով, շարունակական պայքարով եւ մաքառումներով քրիստոնեան իր կեանքը պիտի ձգտի ամրօրէն հաստատել», հաստատեց Առաջնորդը` աւելցնելով, որ այս կը պահանջեն ներկայիս աշխարհը եւ մեր օրերը: Ան ըսաւ, որ քաղաքական, ընկերային, տնտեսական տագնապներու կողքին, այլ հարցեր կան մեր կեանքին մէջ, ինչպէս` բարոյական մեր վիճակը, որ չի նմանիր նախորդ սերունդներու բարոյական վիճակին, նաեւ` մեր ընկերութեան մէջ սիրոյ, քրիստոնէական անկեղծ նուիրումի պակասը, սակայն անոնց համար չենք տագնապիր:

Եզրափակելով իր խօսքը` Սրբազանը հարց տուաւ, թէ մենք ի՛նչ կ՛ընենք մեր դիմագրաւած դժուարութիւններուն եւ տագնապներուն համար, որո՛ւ կը դիմենք եւ ուրկէ՛ առաջնորդութիւն կը սպասենք: Ան յորդորեց ներկաները, որ Աստուծոյ դառնան եւ հաւատքով Իրմէ իմաստութիւն խնդրեն, որպէսզի իրենց դիմագրաւած հարցերը ճիշդ ձեւով լուծուին իրենց կեանքը աստուածահաճոյ միջավայրի վերածելու առաջադրանքով: