Առաջնորդարան Հայոց Լիբանանի

«Մաքուր Մարմին, Առողջ Միտք» Խորագիրով Դասախօսութիւն

Լիբանանի հայոց թեմի Ազգային առաջնորդարանի ընկերային բաժանմունքի  բարգաւաճման եւ նախազգուշական ծրագիրներու շարքին երրորդը տեղի ունեցաւ չորեքշաբթի, 15 նոյեմբերի կէսօրուան ժամը 12:00-ին, Սրբոց Քառասնից Մանկանց վարժարանի Գ. յարկի վրայ գտնուող ընկերային բաժանմունքի կեդրոնին մէջ:

Արդարեւ, բաժանմունքի ընկերային ծառայող Գարին Նաճարեան փաուըր փոյնթով ներկայացուց «Մաքուր մարմին, առողջ միտք» խորագիրով դասախօսութիւն մը: Ան շեշտեց մաքրութեան կարեւորութիւնը` առողջ միտք ունենալու համար, եւ բացատրութիւններ տուաւ, թէ ինչպէ՛ս կրնանք մեր մարմինը` ձեռք, երես, եղունգ, ոտք, մազ մաքուր պահելու: Ձեռքերու պարագային, ան նկատել տուաւ, որ կը տարածուին, եթէ աղտոտ ձեռքերով դպչինք` մեր աչքերուն, քիթին, բերանին, ճաշ պատրաստենք, նաեւ հազանք, փռնգտանք մեր ձեռքերուն մէջ եւ ապա դպչինք ուրիշի ձեռքին կամ բոլորին կողմէ գործածուած առարկաներու: Ան թուեց, թէ ե՛րբ պէտք է լուալ ձեռքերը, օրինակ` ճաշի պատրաստութենէն առաջ, միջոցին եւ վերջ, ճաշելէ առաջ եւ վերջ, լուացարանի գործածութենէն ետք եւ այլն: Անդրադառնալով երեսի մաքրութեան` Գարին Նաճարեան նկատել տուաւ, որ միջին հաշուով, մարդ արարածը մէկ ժամուան ընթացքին 23 անգամ կը դպչի իր երեսին, հետեւաբար եթէ ձեռքերը մաքուր չեն, մանրէները շատ դիւրութեամբ կրնան տարածուիլ: Եղունգի մաքրութեան վերաբերեալ, Նաճարեան շեշտեց զանոնք կտրելու եւ մաքուր պահելու կարեւորութիւնը, ինչպէս նաեւ անդրադարձաւ ոտքերու մաքրութեան, զանոնք ամէն օր լուալու, գուլպաները օրական փոխելու, շեշտելով ոտքի մատներու եղունգներուն հոգատարութիւնը: Ան նաեւ անդրադարձաւ մազերու մաքրութեան` շեշտելով զանոնք միշտ լուալու եւ մաքուր պահելու կարեւորութիւնը:

Դասախօսութեան աւարտին կատարուեցաւ 25 տարեցներու եղունգներու մաքրութիւն եւ հոգատարութիւն Կրեթա Գաւուքճեանի` «Institute Gretta»-ի կողմէ: